ՄԵՂՄԵԼ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Moody՚s հրապարակեց իր ներկայ ամսուան զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս զեկոյցին մէջ մատնանշուած է, որ Հայաստան կը ձգտի մեղմացնել համավարակի բացասական ազդեցութիւնը տնտեսութեան եւ դրամատուներուն վրայ։ Ներկայիս, տնտեսութիւնն ու դրամատուները կը դիմագրաւեն բացասական ազդեցութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ են փոքր ու միջին ձեռնարկութիւնները։ Զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստանէ ներս դրամատնային համակարգի վերահսկողութիւնն ու կարգաւորումը յառաջդիմական են ու միտուած ապագային՝ նպատակ ունենալով ապահովել ելմտական կայունութիւնը։ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յորդորած է առեւտրային դրամատուներուն՝ անհատական մօտեցում ցուցաբերել համաճարակի հետեւանքով դժուարութիւններու առջեւ մնացած վարկատուներու նկատմամբ։ Սա յատկապէս կը վերաբերի բարձր ռիսքի բնագաւառներուն։ Վարկառուներուն առաջարկներ կը ներկայացուին՝ իրենց վարկերու վերակառուցման եւ նոր ժամկէտներով ետվճարման համար։
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը ջանայ ապահովել առկայ տագնապալի վիճակին մէջ իր կողմէ մշակուած ծրագրերու արդիւնաւէտ գործադրութիւնը։