ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԻՖԹԱՐԻ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած է մասնակցելու՝ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած իֆթարի հաւաքոյթին։ Համայնքային երէկուան ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ հնարաւորութեան պարագային առիթէն օգտուելով մայրաքաղաքի մէջ կը փորձէ շօշափել՝ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու լուծման վերաբերեալ հարցեր։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022