ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՒԵՏԻՍՈՎ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։ Տօնական աւետիսով ղօղանջեցին եկեղեցիներու զանգակները եւ Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի զաւակները զիրար ողջունեցին՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տաղաւարի օրով համայն հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր հայրապետական մեծահանդէս Ս. Պատարագին վրայ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ իր աշխարհասփիւռ հօտին ուղղեալ Ս. Զատկի պատգամը։ «Յարութիւնը այնտեղ է, ուր տէրունաւանդ սէրը կը յաղթանակէ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ անդրադարձաւ մարդկութեան կեանքը ալեկոծած պառակտումներուն, հակառակութիւններուն եւ ազգամիջեան ատելութեան կորստաբեր ընթացքներուն։ Ան խօսեցաւ նաեւ միջպետական, տնտեսական եւ ընկերային լրջագոյն խնդիրներու մասին՝ յիշեցնելով, որ անոնք կը խաթարեն երկիրներու եւ ժողովուրդներու ներդաշնակ համակեցութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ու մաղթեց, որ խաղաղութիւնը տիրէ ամբողջ աշխարհի մէջ, նաեւ այդ եղբայր ժողովուրդներու կեանքէն ներս։

Ս. Յարութեան տօնի պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ հայ իրականութեան հրատապ օրակարգին։ «Բոլորս այսօր մտահոգ ենք մեր երկրի, մեր պետականութեան անվտանգութեան խնդիրներով, արտաքին մարտահրաւէրներով, ներքին հասարակական ու ներքին քաղաքական անհանգստութիւններով ու լարուածութեամբ։ Մտահոգ ենք մեր հայրենեաց սրբազան մասունքի՝ Արցախի բարդ իրավիճակով, որու դէմ տակաւին կը շարունակուին սադրանքներն ու ոտնձգութիւնները», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ յոյս յայտնեց, թէ արդարութիւնը պիտի յաղթէ ու պիտի ծագի Արցախի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի ճանաչման լուսաւոր առաւօտը։ «Հայրապետիս հայցն է առ յարուցեալ Տէրը, որպէսզի ազգս հայոց տեսնէ իր կրած տառապանքներու վարձքը եւ կերտէ սրբազան հայրենիքի վերածնունդը», նշեց Նորին Սրբութիւնը։

Հայրապետական Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքէն բազմաթիւ անդամներ, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ կամ ներկայացուցիչներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022