ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Ուաշինկթընէն երեք բարձրաստիճան դիւանագէտներ այս օրերուն իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենան Երեւանի եւ Պաքուի մէջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոն երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Օրուան տեւողութեան ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Ծանօթ է, որ Ռուբէն Ռուբինեան միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեան Էրիքա Օլսոնին ներկայացուց Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մանրամասնութիւնները։ Ամերիկացի դիւանագէտը այս առթիւ յայտնեց, որ իր երկիրը կ՚աջակցի բնականոնացման գործընթացին։ Զրուցակիցները ընդգծեցին այս ամրան երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու համար ցամաքային սահմանի բացման վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան շուտափոյթ իրականացման կարեւորութիւնը։ Ռուբէն Ռուբինեան զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին։ Կողմերը քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։

Մինչ այդ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն ալ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Նախօրէին ան այցելած էր նաեւ Երեւան։ Լուիս Պոնօ երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։

Բաց աստի, Պաքու այցելեց նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով օգնականի պաշտօնակատար Տերեք Հոկան, որ եւս ընդունուեցաւ Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին Պայրամով կրկին մեղադրանքներ հասցէագրեց Հայաստանին։ Ան պնդեց, թէ Երեւան կը խոչընդոտէ հայ բնակիչները վերահամարկելու ուղղեալ Պաքուի ջանքերը։ Իր խօսքով՝ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար կարեւոր է յաջողութեամբ աւարտել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, բանակցութիւններու միջոցաւ լուծել առկայ խնդիրները։ Ամերիկացի դիւանագէտն ալ հանդիպման ընթացքին շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է աջակցիլ խաղաղութեան գործընթացին։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023