ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վաստակաշատ կրթական մշակ եւ հեղինակ Լեռնա Գարագիւթիւք հրատարակած է երկու նոր գիրքեր, որոնք կը կոչուին «Շուշանիկը եւ Պոչիկը» եւ «Ձայներ»։ Երկու գիրքերն ալ տպագրութեան պատրաստուած են «Mat Yapım» հրատարակչատան կողմէ։

«Ձայներ»ը բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։ Գիրքին գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Ագապի Թնկրեան-Գանթարճեանի, իսկ կողքի պատրաստութիւնը՝ Թայիս Գարագիւթիւքի կողմէ։ Ժողովածոն կ՚ընդգրկէ քանի մը տասնեակ բանաստեղծութիւններ, որոնք ընթերցողի առջեւ կը բանան ձայներու աշխարհը։ Հեղինակը կ՚անդրադառնայ ներանձնական եւ ընկերային հարցերու, նաեւ կ՚արծարծէ մարդկութեան բնորոշ նիւթեր։

«Շուշանիկը եւ Պոչիկը» մանկապատանեկան գիրք մըն է։ Գիրքի նկարազարդումը կատարուած է Ռաֆֆի Արզումանի, իսկ կողքի նկարի ձեւաւորումը՝ Թայիս Գարագիւթիւքի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ արտաքին կողքի ձեւաւորման իրենց նկարներով մասնակցած են մեր զանազան վարժարաններու աշակերտներէն Եսթեր Թալու, Լարա Էօլչէն, Լեռնա Հաճընլըկիլ, Մարիձա Կէզ, Միրա Այնուր Ըսլանմազ եւ Սարին Մէրտէնեան։ Գիրքը խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ երեխաներու շրջապատին հետ ունեցած յարաբերութիւնները՝ մանաւանդ անասուններու եւ բնութեան հետ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Լեռնա Գարագիւթիւքը եւ բարի վայելում կը մաղթենք իր ընթերցողներուն։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023