ԳՈՌ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Երեւանի մէջ այս օրերուն կ՚ընթանայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը։ Հայաստանի տանտիրութեամբ, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ մրցաշարքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի տղամարդկանց ընտրանին երէկ սկսաւ պայքարը այս առաջնութենէն ներս։ Այսպէս, ծանրաբարձ Գոռ Սահակեան 67 քիլօկրամի դասաւորման մէջ, պոկում վարժութեան գծով յաջողեցաւ նուաճել ոսկէ մետայլ։ Ան առաջնութեան հասաւ՝ բարձրացնելով 145 քիլօկրամ ծանրութիւն։ Այսպէսով Գոռ Սահակեան այս վարժանքին մէջ դարձաւ ոսկէ մետայլակիր։ Նոյն դասաւորման մէջ երկրորդ հորիզոնականը զբաղեցուց Թուրքիայէն Քահրաման Քարան եւ Սպանիայէն Խուան Հերնանտեզ։ 19-ամեայ Գոռ Սահակեան երկամարտի մէջ ալ արձանագրեց 320 քիլօկրամ եւ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Վերջաւորութեան երկրորդ եւ երրորդ տեղերը փոխեցին Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ ներկայացուցիչները, իսկ Գոռ Սահակեան արդէն պահեց առաջին հորիզոնականի իր տեղը։

Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Գոռ Սահակեան եւ Քահրաման Քարան զիրար շնորհաւորեցին։ Լուսանկարին մէջ երկու մարզիկները կ՚երեւին ամպիոնի վրայ ձեռնուելու ընթացքին։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023