«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ՈԳԻՆ…»

Հա­յաս­տան վեր­ջերս հեր­թա­կան ան­գամ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ժը­նե­ւի Գր­քի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին։ «Յա­կոբ Թո­փա­լեան» հիմ­նադ­րա­մին ջան­քե­րով ի­րա­կա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

Մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ գր­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն փա­ռա­տօն­նե­րու շար­քին կը դա­սուի Ժը­նե­ւի մէջ կազ­մա­կեր­պուա­ծը։

Հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րը ա­ռար­կայ դար­ձաւ բազ­մազգ գրա­սէր­նե­րու վառ հե­տաքրք­րու­թեան։ Այն­տեղ ներ­կա­յա­ցուած էին Հա­յաս­տա­նի կամ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տպագ­րուած հա­յե­րէն եւ օ­տա­րա­լե­զու բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի հնգօ­րեայ ծրագ­րին շրջագ­ծով, ներ­կա­յա­ցուած գիր­քե­րուն զու­գա­հեռ՝ հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րէն ներս ա­ռան­ձին ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պուե­ցան՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, ա­րուես­տին, Հա­յաս­տա­նի մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ։ Այդ ձեռ­նարկ­նե­րուն որ­պէս ա­տե­նա­խօս մաս­նակ­ցե­ցան սփիւռ­քա­հայ կամ օ­տար պատ­մա­բան­ներ, լրագ­րող­ներ եւ հրա­պա­րա­կագ­րեր։

Տօ­նա­վա­ճա­ռի վեր­ջին օ­րը հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի նախ­կին դես­պան Ան­րի Կիւ­նիի «Հա­յաս­տան՝ ժո­ղո­վուր­դի մը ո­գին» խո­րագ­րեալ գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը՝ հե­ղի­նա­կին իսկ մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րին մօտ այ­ցե­լու­նե­րը ի­րենց շրջայ­ցը կը կա­տա­րէին «Նոր ա­շուղ» նուա­գա­խում­բին կող­մէ հայ­կա­կան ա­շու­ղա­կան եր­գե­րու կա­տա­րում­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Հարկ է նշել, որ Ժը­նե­ւի Գիր­քի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը կը կազ­մա­կեր­պուի 1986 թուա­կա­նէն ի վեր եւ իր ծա­ւա­լով աշ­խար­հի մէջ երկ­րորդն է՝ ֆրան­սե­րէ­նով գիր­քե­րու տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու շար­քին։ Ան մե­ծա­գոյնն է Զուի­ցե­րիոյ մէջ։ Ա­մէն տա­րի 820 հրա­տա­րակ­չու­թիւն­ներ եւ ա­ւե­լի քան 800 հե­ղի­նակ­ներ կը մաս­նակ­ցին Ժը­նե­ւի գիր­քի տօ­նա­վա­ճա­ռին, ո­րու այ­ցե­լու­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 100 հա­զա­րի մա­կար­դա­կին։ Հարկ է յի­շեց­նել, թէ 2011 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան ե­ղած էր Ժը­նե­ւի Գիր­քի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի պա­տուոյ հիւ­րը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016