ԵՐԵՒԱՆԸ ԿԱՊԵԼ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Քա­թա­րի օ­դա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է թռիչք­ներ հաս­տա­տել Ե­րե­ւա­նի եւ Տո­հա­յի մի­ջեւ։ Qatar Airways-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը եւ ը­սին, թէ ըն­կե­րու­թիւ­նը ու­շագ­րաւ եւ յա­ւակ­նոտ ծրագ­րով մը մուտք կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի շու­կայ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ըն­կե­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ ա­մէն շա­բաթ չորս թռիչք կազ­մա­կեր­պել Ե­րե­ւա­նի եւ Տո­հա­յի մի­ջեւ։ Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը դի­տել տուին, թէ նպա­տակ ու­նին յա­ռա­ջի­կա­յին թռիչք­նե­րու յա­ճա­խա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նել ա­մէ­նօ­րեայ։

Այս թռիչք­նե­րուն շնոր­հիւ Ե­րե­ւան պի­տի կա­պուի աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 150 քա­ղաք­նե­րուն հետ։ Qatar Airways-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ դէ­պի Ե­րե­ւան ուղ­ղու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ ի­րենց ըն­կե­րու­թեան այս տա­րուան 14 նշա­նա­կէ­տե­րէն մին։ Ըն­կե­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կա­բար կը զար­գաց­նէ ու­ղե­ւո­րա­փո­խադ­րում­նե­րու իր ցան­ցը։ Տո­հա­յի մի­ջո­ցաւ Qatar Airways-ը Ե­րե­ւա­նը կրնայ կա­պել Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Աւտ­րա­լիոյ եւ Եւ­րո­պա­յի բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րուն հետ՝ ա­պա­հո­վե­լով յար­մա­րա­ւէտ թռիչք­ներ։ Ըստ նա­խա­տե­սուած գնա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, բարձր ո­րա­կի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը պի­տի զու­գոր­դուին մրցու­նակ գի­նե­րով։

Այս ըն­կե­րու­թեան Հա­յաս­տա­նի շու­կայ մուտք գոր­ծե­լը, ոչ միայն ճամ­բորդ­նե­րու, այլ նաեւ բեռ­նա­փո­խադ­րու­թեան ա­ռու­մով կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։ Ար­դա­րեւ Qatar Airways բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րու շու­կա­յէն ներս կը հան­դի­սա­նայ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն փո­խադ­րող­նե­րէն մին եւ ա­նոր շնոր­հիւ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­հան­ման շու­կան կրնայ կա­պուիլ 154 կէ­տե­րու հետ։ Մինչ այդ հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ող­ջու­նեց Qatar Airways ըն­կե­րու­թեան մուտ­քը հայ­կա­կան շու­կայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016