ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԸ

Վիեն­նա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն վերջ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման վար­կած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մտա­յին վար­ժան­քը թափ ստա­ցած է վերստին։ Ան­ցեալ ամ­սուան սկիզ­բին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զերծուած լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը հա­սաւ ան­նա­խըն­թաց հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու եւ ի­րադ­րու­թիւ­նը վատ­թա­րա­ցաւ ան­բաղ­դա­տե­լիօ­րէն։ Ա­հա այս­պի­սի ի­րա­վի­ճա­կի մը պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան Վիեն­նա­յի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ իր ա­զէ­րի պաշ­տօ­նակ­ցին հետ։ Հան­դի­պու­մէն վերջ ան լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նեց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հի հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րը քիչ հա­ւատք կը ներշն­չեն։

«Մեր նպա­տակն է՝ պար­զել ար­դեօք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը փա­կու­ղիի՞ մատ­նուած են, եւ այլ ելք մը չկայ, քան պա­տե­րազ­միլ, թէ ոչ այ­նուա­մե­նայ­նիւ խնդի­րը կրնանք լու­ծել քիչ կո­րուստ­նե­րով», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րը բա­ւա­րար են։ Ուս­տի, պէտք է տես­նել, թէ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ինչ­պէս պի­տի զար­գա­նան։

Ըստ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Ապ­րի­լի սկիզ­բի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը վեր­ջին 22 տա­րի­նե­րու ա­մե­նա­լուրջ ի­րա­դար­ձու­թիւնն էր։ «Ես գի­տեմ մեր ժո­ղո­վուր­դի համ­բե­րու­թեան չա­փը, շատ լաւ կը ճանչ­նամ մեր ժո­ղո­վուր­դը։ Ես գի­տեմ, թէ ո­րո՛ւ հետ պի­տի պաշտ­պա­նենք մեր եր­կի­րը, ես գի­տեմ, թէ ո­րո՛ւ հետ պի­տի հաս­նինք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նորշ­ման ի­րա­ւուն­քի ի­րա­կա­նաց­ման», ը­սաւ ան վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին օ­դա­նա­ւին մէջ լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին։ Սարգսեան հա­մո­զուած է, թէ շփման գծի վրայ դի­տարկ­ման դրու­թեան հաս­տատ­ման մա­սին ո­րե­ւէ նա­խա­պայ­ման չէ դրուած։ Նա­խա­գահ­նե­րը չեն խօ­սած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին։ «Խօ­սած ենք, որ լաւ կ՚ըլ­լայ տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին հան­դիպ­ման մը կա­յա­նա­լը, բայց ո­րե­ւէ պայ­մա­նի մա­սին չենք խօ­սած։ Մենք խօ­սած ենք հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման մա­սին։ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը, նա­յե­լով հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն եւ ին­ծի՝ կ՚ը­սէ, որ մենք նա­խա­ձեռ­նած ենք ապ­րի­լեան այդ գոր­ծըն­թա­ցին։ Վստահ եմ՝ կը պատ­կե­րաց­նէք իմ պա­տաս­խա­նը։ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը այ­սօր տաս­նեակ ան­գամ կրկնեց, որ իր եր­կի­րը միայն ու միայն խա­ղա­ղու­թեամբ լու­ծել կ՚ու­զէ այս հար­ցը։ Լաւ վի­ճակ չէ, բայց ի­րա­կան վի­ճա­կը այս է», շա­րու­նա­կեց ան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սարգ­սեան նպաս­տա­ւոր հա­մա­րեց շփման գծին վրայ մշտա­դի­տար­կում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ցու­ցա­բե­րուած մօ­տե­ցու­մը, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան կող­մը եր­բեք չ՚ըլ­լար հրա­դա­դա­րը ա­ռա­ջին խախ­տո­ղը։

Բաց աս­տի, Վիեն­նա­յէն վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ. «Ե­թէ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը դրժեն ի­րենց խոս­տում­նե­րը, մենք պի­տի պա­տաս­խա­նենք հա­մար­ժէք։ Ար­դա­րեւ, հայ­կա­կան կող­մին հա­մար ու­րիշ ելք պի­տի չմնայ։ «Կը յու­սանք, որ խախ­տում­նե­րը քիչ պի­տի ըլ­լան։ Չեմ կար­ծեր, որ վա­ղուը­նէ սկսեալ խախ­տում­նե­րը պի­տի բա­ցա­ռուին, բայց յոյս ու­նիմ, որ հան­դարտ պի­տի ըլ­լայ։ Ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ, թէ Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը կա­տա­րած են ի­րենց առ­ջեւ դրուած խնդիր­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, յաղ­թա­նակ տա­նիլ կը նշա­նա­կէ հաս­նիլ նա­խա­տե­սուած նպա­տա­կին։ Հե­տե­ւա­բար, Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն ա­պա­հո­ված ար­դիւն­քը ար­դա­րա­ցած է։

Սարգ­սեան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին հայ­կա­կան կող­մին ու­նե­ցած կո­րուստ­նե­րուն մար­տա­վա­րա­կան, ռազ­մա­վա­րա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Իր խօս­քե­րով, հայ­կա­կան ու­ժե­րը որ­պէս անվ­տան­գու­թեան գօ­տի ու­նին 800 հա­զար հեք­տար տա­րա­ծու­թիւն։ Վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կորսն­ցու­ցած են 800 հեք­տա­րի շուրջ բա­ժին մը։ Այ­սինքն նոյ­նիսկ մէկ հա­զա­րե­րոր­դը չէ։ «Ռազ­մա­վա­րա­կան կամ մար­տա­վա­րա­կան ա­ռու­մով այդ տա­րածք­նե­րը ո­րե­ւէ նշա­նա­կու­թիւն չու­նին, զուտ հո­գե­բա­նա­կան ա­ռու­մով ա­յո, ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը կրնան ի­րենց ժո­ղո­վուր­դը հա­մո­զել, թէ ար­դիւն­քի մը հա­սած են։ Բայց կ՚ու­զեմ բաղ­դա­տու­թիւն մը ը­նել։ 800 հեք­տար, եւ իւ­րա­քան­չիւր հեք­տա­րի հա­մար՝ մէկ զոհ, եր­կու վի­րա­ւոր, են­թադ­րենք, ճիշդ թի­ւե­րը ի­րենք գի­տեն», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ 800 հեք­տա­րը ետ բե­րե­լու հա­մար չէր ար­ժեր զոհ տալ քա­նի մը տաս­նեակ հայ­րե­նա­սէր ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց կա­րի­քը շատ զգա­լի է։ 

Վիեն­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան բան­բե­րը՝ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նով յայտ­նեց, թէ վաղ է հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հե­տա­գայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լու հա­մար։

Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ ար­ձա­գան­գեց Վիեն­նա­յի հան­դիպ­ման։ Ստե­փա­նա­կեր­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներ չու­նին, որ Ատր­պէյ­ճան պի­տի սա­տա­րէ հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու ներդր­ման։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւի­թը Պա­պա­յեան ը­սաւ, թէ ան­ցեալ ամ­սուան պա­տե­րազ­մէն վերջ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը մտած էր մա­հա­քու­նի եւ Վիեն­նա­յի հան­դի­պու­մը ա­ռա­ջին փորձն էր զայն վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու ճա­նա­պար­հին։

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն ալ գնա­հա­տա­կան­ներ հնչե­ցին Վիեն­նա­յի տե­սակ­ցու­թեան շուրջ։ Մոս­կուա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Սարգ­սեան-Ա­լիեւ տե­սակ­ցու­թիւ­նը թոյլ պի­տի տայ շա­րու­նա­կե­լու կա­յուն հրա­դա­դա­րը։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քո­վի խօս­քե­րով Քրեմ­լին զգու­շա­ւոր լա­ւա­տե­սու­թեան մը մէջ է ներ­կայ փու­լին։

Փա­րի­զի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ ող­ջու­նեց Վիեն­նա­յի հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րը։ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ռո­ման Նա­տալ հա­մո­զուած է, թէ Վիեն­նա­յի մէջ նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ստանձ­նուած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու­նին շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Ան յոր­դո­րեց, որ­պէս­զի հա­կա­մարտ կող­մե­րը կա­տա­րեն այդ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, իսկ Ֆրան­սա պի­տի շա­րու­նա­կէ իր միջ­նոր­դի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ Ռու­սաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի հետ։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016