Ո՞ՐՆ Է ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՃԻՇԴ ՈՒՂԻՆ

Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ան­կա­խու­թիւն ճանչ­նա­լու հար­ցը միշտ ա­ռաջ­նա­յին է: Ա­րիւ­նով նուա­ճուած այս տա­րած­քի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման  մա­սին խօ­սի­լը ա­ւե­լի մեծ աշ­խու­ժու­թեամբ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրուէր մաս­նա­ւո­րա­պէս անց­նող 1 Ապ­րի­լին սկիզբ ա­ռած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­մե­նէն թէժ պա­հե­րուն: Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մօտ ԵԱՀԿ-ի եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րուն հետ 4  Ապ­րի­լին, իր նստա­վայ­րին մէջ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ը­սած էր. «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ որ­պէս 1994 թուա­կա­նի զի­նա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նագ­րի կողմ, կը շա­րու­նա­կէ լիար­ժէ­քօ­րէն կա­տա­րել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Ա­ւե­լի՛ն, ես հրա­հան­գած եմ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեա­ն՝ աշ­խա­տիլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ ռազ­մա­կան փո­խօգ­նու­թեան պայ­մա­նա­գիր կնքե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Եւ այս­տեղ պէտք է նշեմ՝ մէկ ան­գամ չէ, որ ես յայ­տա­րա­րած եմ, որ ե­թէ, ի­րօք, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կուին եւ ստա­նան մաստշաբ ծաւալ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կը ճա­ն­չնայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը»:

Ա­ւե­լի ուշ հրա­դա­դա­րի հաս­տա­տու­մէն ցայ­սօր եւս թե­ման կը շա­րու­նա­կէ մնալ հա­յու­թեան լայն շրջա­նակ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին:

Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ան­կա­րե­լիու­թիւն մը չէ ստանձ­նել այդ օ­րա­կար­գը եւ ճանչ­նալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը: Այդ քայ­լը բնա­կա­նա­բար կրնայ ա­ւե­լի ծանր դրու­թեան մէջ դնել Հա­յաս­տա­նը, մա­նա­ւանդ, որ նման լա­րուած ի­րադ­րու­թեան մէջ այդ ճա­նա­չու­մը, ո­չինչ պի­տի ա­ւելց­նէ Հա­յաս­տան-Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ: Յըս-տակ է նաեւ, որ ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ ոչ մէկ եր­կիր կամ Կով­կա­սի մէջ հե­ղի­նա­կու­թիւն կամ կշիռ ու­նե­ցող կողմ պատ­րաստ է ար­ձա­գան­գել Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­նա­կան քայ­լին եւ ձե­ւով մը օ­րի­նա­կա­նաց­նել  Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու գոր­ծըն­թա­ցը: Ու­րեմն ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման կա­պուած ո­րե­ւէ  տէ ֆաք­թօ ա­րարք  մե­ռեալ ծնունդ ե­ղող ո­րո­շում մը պի­տի հան­դի­սա­նայ՝ ա­ռանց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ճա­նաչ­ման: Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան նոյն­պէս կ­­՚անդ­րա­դառ­նար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին: Տէր-Պետ­րո­սեան, որ պե­տա­կան այ­րի բարձր դրսե­ւո­րու­մով տագ­նա­պի ա­մե­նէն թէժ պա­հուն իր տան մէջ իր իսկ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կ՚ըն­դու­նէր Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նը,  իր քայ­լով լռե­լեայն կոչ մը կ­­՚ը­նէր ներ­քին ճա­կա­տի վրայ միաս­նա­կան ըլ­լա­լու հա­մար: Տէր-Պետ­րո­սեան ա­ւե­լի ուշ կ՚անդ­րա­դառ­նար քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ այժմէական դար­ձած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան հար­ցին՝ կա­տա­րե­լով կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում­ներ: Ան այս ա­ռու­մով կ՚ը­սէր. «Միա­կող­մա­նի ճա­նա­չու­մը, ե­թէ ան ա­պա­հո­վագ­րուած չէ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու (ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի) կամ գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րու մէկ-եր­կու­քի ա­ջակ­ցու­թեամբ, յղի է ան­կան­խա­տե­սե­լի ու ա­ղէ­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րով, ո­րոնք այն­քան ակնյայտ են, որ հարկ չկայ ան­գամ թուար­կե­լու։ Ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ան­կա­խաց­ման բո­լոր յա­ջո­ղուած դէպ­քե­րը (Էրթ­րէա, Ա­րե­ւե­լեան Թի­մոր, Քո­սո­վա, Հա­րա­ւա­յին Սու­տան, Խրիմ, Աբ­խա­զիա, Հա­րա­ւա­յին Օ­սեթիա) տե­ղի ու­նե­ցած են բա­ցա­ռա­պէս այդ­պի­սի ա­ջակ­ցու­թեան առ­կա­յու­թեան շնոր­հիւ։ Հե­տե­ւա­բար, քա­նի դեռ Հա­յաս­տա­նը զուրկ է մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կամ թէ­կուզ մէկ գեր­տէ­րու­թեն ա­ջակ­ցու­թե­նէն, պէտք է զերծ մնալ Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը միա­կող­մա­նիօ­րէն ճա­նա­չե­լու խե­լա­յեղ միտ­քէն»: (Մէջ­բե­րու­մը՝ iLur.am կայ­քին մէջ  6 Մա­յի­սին Տէր-Պետ­րո­սեա­նի հրա­պա­րա­կած «Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցի շուրջ» յօ­դուա­ծէն): Տէր-Պետ­րո­սեան այս ա­չա­լուրջ մօ­տե­ցու­մէն բա­ցի կար­ծիք կը յայտ­նէր, թէ Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման ա­մե­նէն ճիշդ ճա­նա­պար­հը ԵԱՀԿ-ի կող­մէ գոր­ծադ­րուե­լիք հան­րա­քուէով ամ­րագ­րուե­լիք ան­կա­խու­թեան օ­րի­նա­կան ճա­նա­պարհն է: ԵԱՀԿ-ի մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ այս մա­սին տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով հան­դէս ե­կած են եւ այդ յայ­տա­րա­րու­թեանց ա­մե­նա­վեր­ջի­նը ա­մե­րի­կա­ցի ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թեան փոխ-խօս­նակ Մարք Թո­նը­րի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւնն է: Թո­նըր, որ կը շեշ­տէր, թէ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախն­դի­րը պէտք է լու­ծուի բա­ցա­ռա­պէս քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով, նաեւ կը շեշ­տադ­րէ, որ խնդի­րը պէտք է կար­գա­ւո­րուի հա­մընդգր­կուն ձե­ւա­չա­փով, այ­սինքն ա­պա­հո­վե­լով տե­ղւոյն բնակ­չու­թեան ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը:

Ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­նա­լէն ա­ռաջ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը  բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ պէտք է լու­ծեն: Ու այդ խնդիր­նե­րուն ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը վեր­ջին օ­րե­րուն  պա­տե­րազ­մա­կան գօ­տի վե­րա­ծուած շրջան­նե­րուն վե­րաբ­նա­կեց­ման ա­պա­հո­վու­թիւնն է: Այ­սօր քիչ չէ թի­ւը այն ար­ցախ­ցի­նե­րուն, ո­րոնք  դար­ձած են գաղ­թա­կան: Ար­ցա­խի ա­ւե­լի ա­պա­հով շրջան­նե­րու մէջ հաս­տա­տ-ւե­լէ բա­ցի ա­նոնք կայք հաս­տա­տած են Հա­յաս­տա­նի տար­բեր մար­զե­րու մէջ: Այս ժա­մա­նա­կա­ւոր կե­ցու­թիւ­նը կրնայ մշտա­կա­նի վե­րա­ծուիլ, ե­թէ սահ­մա­նին վրայ տի­րող առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուի եւ դառ­նայ մշտա­կան: Բնա­կան է նաեւ, որ այս վի­ճա­կին փո­փո­խու­թեան հա­մար, այ­սինքն լա­րուա­ծու­թեան նուա­զեց­ման հա­մար  Հա­յաս­տա­նի տա­րած ճի­գե­րը բա­ւա­րար չեն: Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ցարդ միայն խօս­քե­րով եւ գե­ղե­ցիկ շա­րադ­րա­կան տո­ղե­րով կը բնու­թագ­րէ ի­րա­վի­ճա­կը: Կա­րե­ւո­րը 5 Ապ­րի­լին հայ­կա­կան կող­մին հրա­դա­դար ա­ռա­ջար­կող Մոս­կուա­յի կե­ցուածքն է, որ լաւ գի­տէ, թէ ի՛նչ կը կա­տա­րուի սահ­մա­նին վրայ: Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը վստա­հա­բար, ո­րոշ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ ըն­դու­նած է հրա­դա­դա­րի ա­ռա­ջար­կը: Բայց մտա­հո­գիչ է, որ մին­չեւ այս պա­հը այդ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծի­րին մէջ շօ­շա­փե­լի դրա­կան տե­ղա­շար­ժներ չկան:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին դի­մաց մաս­նա­ւո­րա­պէս այս հանգ­րուա­նին Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սխալ քայ­լե­րու եր­թա­լու ի­րա­ւունք չու­նին: Ներ­քին քա­ղա­քա­կան բե­մա­հար­թա­կին վրայ կարգ մը ան­կա­յուն կող­մե­րէ լսուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը չեն կրնար դրա­կան միա­ւոր­ներ տալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղին: Այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին ամ­բո­խա­վա­րա­կան մի­տում­նե­րով ու մա­նա­ւանդ փոր­ձել ա­պա­հո­վե­լով ներ­քին ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տին մէջ ո­րոշ մթնո­լորտ: Մթնո­լոր­տի շի­կա­ցու­մը բնա­կա­նա­բար կը հետապնդէ մէկ նպա­տակ. ա­ւե­լիով մեծ­ց­­նել իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ մե­ղադ­րան­քեր հնչեց­նե­լու տե­սա­դաշ­տը եւ դրա­կան միա­ւոր­ներ հա­ւա­քել ա­ռանց ա­նոր ալ  բա­ւա­կան բա­րո­յալ­քուած եւ դի­մա­գի­ծի ո­րո­նում­նե­րու մէջ յայտ­նուած ընդ­դի­մու­թեան մէկ նօսր հա­տուա­ծը:

Ղա­րա­բա­ղեան ֆո­նին ե­ղած զար­գա­ցում­նե­րը կը պա­հան­ջեն ա­ւե­լի ա­չա­լուրջ մօ­տե­ցում­նե­րով հան­դէս գալ մա­նա­ւանդ, որ այս պա­հու դրու­թեամբ նոր պա­տե­րազ­մի մը սկսե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին առ­կայ են:

Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ներ­քին ճա­կա­տին վրայ կա­րե­ւոր է պահ­պա­նել քա­ղա­քա­կան կա­յու­նու­թիւ­նը եւ մէկ ձայ­նով մօ­տե­նալ հա­ւա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի կա­րե­ւոր է նաեւ Մոս­կուա­յի ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցու­մը, տրուած ըլ­լա­լով, որ խնդրի լուծ­ման հա­մար կա­յա­նա­լիք ո­րե­ւէ հան­դի­պում պի­տի կա­յա­ցուի ռու­սա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ եւ օրհ­նու­թեամբ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016