ՎՐԱՍՏԱՆ. ՇԱՄԽՈՐԵՑՈՑ ԽՈՆԱՐՀՈՒՈՂ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍԻՆ ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ…
Պատմական յուշակոթողներու եւ եկեղեցիներու պահպանման հարցը կարեւոր հնչեղութիւն ունի Վրաստանի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական եւ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ առկայ են պատմական եւ եղբայրական համարուած յարաբերութիւններ, սակայն նոյն ծիրին մէջ առկայ է նաեւ տասնեակ հայկական եկեղեցիներու խնդիր, որ կրնայ սուր տագնապի վերածուիլ:
Այսպէս ըստ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի, գոյութիւն ունին «վիճելի» համարուող վեց եկեղեցիներ, որոնք հայապատկան են, սակայն տարբեր հանգամանքներու բերումով այսօր կը հանդիսանան վէճի առանցք երկու «քոյր» եկեղեցիներուն միջեւ:
Այս խնդրին վերաբերեալ յատուկ աշխուժութիւն մը սկսաւ երեւիլ, երբ մէկէ աւելի վրացական լրատուական կայքեր սկսան գրել Թիֆլիզի Հաւլաբար (մօտիկ անցեալին թիֆլիզահայութեան սիրտը համարուող թաղամաս) թաղամասէն ներս կիսաքանդ վիճակի մէջ գտնուող Շամխորեցոց եկեղեցւոյ փլուզման վտանգին մասին:
Սուրբ Աստուածածին Շամխորեցոցը (կ՚անուանուի նաեւ «Կարմիր Աւետարան» կամ Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի) կառուցուած է 1735 թուականին (կարգ մը աղբիւրներու համաձայն 1785-ին), Շամխոր քաղաքէն այդ շրջան տեղափոխուած հայերու ձեռամբ: Նշենք, որ հայերով բնակեցուած Շամխոր քաղաքը ներկայիս կը գտնուի Ատրպէյճանի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ եւ Թիֆլիզ-Եւլախ մայրուղիին մօտ: Շամխորի բնակչութիւնը աչքի ինկած է իր ռազմական ունակութիւններով եւ արիութեամբ՝ յատկապէս 1800-ականներու սկիզբը տեղի ունեցած ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, երբ շրջանի հրամանատարն էր հայազգի զօրավար Վալերիան Մատաթովը:
Վերադառնալով մեր նիւթին՝ յայտնենք, որ Շամխորի եկեղեցին կիսափուլ վիճակի մէջ յայտնուած է 1989-էն սկսեալ: Իսկ այսօրուան դրութեամբ եկեղեցին յայտնուած է ամբողջութեամբ փուլ գալու վտանգին առջեւ: Խնդիրը այն է, որ վրացական «Հորիզոնտ» շինարարական կազմակերպութիւնը դիմելով շրջանի քաղաքապետարան, յաջողած է ձեռք ձգել շէնք մը կառուցելու արտօնագիր ու մէկէ աւելի աղբիւրներու փոխանցմամբ՝ այդ շէնքը կրնայ օգտագործուիլ որպէս պանդոկ կամ զբօսաշրջային համալիր:
Այս խնդիրը չէ վրիպած Թիֆլիզի քաղաքացիական հանրութեան կիզակէտէն, ու մէկէ աւելի «աքթիւիսթ»ներ եւ պատմական յուշակոթողներու պաշտպանութեան հարցերով զբաղողներ բողոքի ձայն բարձրացուցած են կատարուածին վերաբերեալ, կիսաւեր եկեղեցիին կից շինարարական աշխատանքներ սկսելու իրողութիւնը համարելով անընդունելի:
Նոյնը կատարած է Վրաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանը, որ պաշտօնական նամակներ յղած է պետական մարմիններուն, սակայն մինչեւ այս պահը անոնք կը շարունակեն մնալ անպատասխանի:
Թիֆլիզի մէջ գործող «Ալիք Մետիա» հայկական լրատուական գործակալութիւնը իր կայքէջին վրայ տեղադրուած լուրով մը փոխանցած է նաեւ, որ անցեալ տարուան Դեկտեմբերի 5-էն ի վեր սկիզբ առած շինարարութեան գլխաւոր պատասխանատուն է Իրակլի Կեսիլիան անունով վրացի գործարար-շինարար մը, սակայն գործակալութեան աշխատակից հայ լրագրողներուն տուեալ անձին հետ կապ հաստատելու բոլոր փորձերը մնացած են ապարդիւն:
Գաղտնիք ալ չէ նաեւ, որ վրացական շինարարական կազմակերպութիւնը իր այս արարքով եւ բաւական կոպիտ ձեւով կը խախտէ Վրաստանի Պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան կողմէ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր գործող օրէնքը, ըստ որուն որեւէ պատմական յուշարձանի կամ եկեղեցւոյ մերձ շինարարական կամ նորոգութեան աշխատանք պէտք է կատարուի այդ պատմական վայրէն բաւական հեռու, այդպէսով զերծ պահելով վայրը շինարարական անմիջական ցնցումներուն պատճառելիք փլուզման վտանգներէն:
Այս բոլորին առընթեր, մտահոգութեան տեղի կու տայ լռութիւնը Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, որուն հոգեւոր առաջնորդները կամ կրօնական պատասխանատուները կը նախընտրեն ոչինչ ըսել հայութեան համար կարեւոր արժէք ներկայացնող ամբողջական փլուզման վտանգի առջեւ կանգնած Շամխորեցոց կիսաւեր եկեղեցւոյ մասին
Ու թէեւ ճիշդ չէ, որ այս հարցին մէջ ալ փորձենք «դաւադրական տեսաբանութեան» մասին խօսիլ, բայց պատկան մարմիններուն եւ յատկապէս Վրաց Եկեղեցւոյ վերաբերմունքը եւ նոյնիսկ անոնց խնդրին առընթեր որդեգրած «պաղ» կամ չէզոք դիրք որդեգրելը կրնայ առիթ հանդիսանալ հայկական այլ եկեղեցիներու նոյն տխուր ճակատագրին ենթարկուելուն:
Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանին հետ իմ ունեցած զրոյցին ընթացին Սրբազան Հայրը կարեւոր խնդրի մըն ալ անդրադարձաւ ու ըսաւ, թէ իր նախաձեռնութեամբ կը գործէ յատուկ մարմին մը, որուն հիմնական աշխատանքն է զբաղուիլ հայկական կիսափուլ կամ «վիրաւոր» վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցիներով:
Գաղտնիք չէ, որ նման վերանորոգչական աշխատանքներ կը կարօտին մեծագումար դրամական յատկացումներու, որոնց ապահովումը բաւական «թանկ հաճոյք» է Վրաստանի հայ համայնքին համար:
Այստեղ պէտք է նոյնպէս նշել, որ Թիֆլիզի Առաջնորդանիստ Ս. Գէորգ եկեղեցին ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ (վերանորոգման աշխատանքները աւարտեցան 2012-ին) եւ այդ գործընթացին մասնակցութիւն բերաւ մոսկուաբնակ հայ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած եւ Հայաստանի մէջ գործող IDeA հիմնադրամը, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման համար տրամադրեց 10 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Հարկ է նշել, որ բացի Հաւլաբարի մէջ գտնուող Շամխորեցոց եկեղեցիէն, կան նաեւ Մուղնեցոց Ս. Գէորգ եւ Երեւանցոց Ս. Մինաս եկեղեցիները, որոնք նոյնպէս կը գտնուին անմխիթար վիճակի մէջ եւ կարիքն ունին անմիջական վերանորոգման, այլապէս կրնան ամբողջութեամբ փլուզուիլ:
Հայութեան պատմական յիշողութիւններու, սրբավայրերու, տաճարներու, եկեղեցիներու եւ վանքերու կանգուն մնալու հարցը ազգային խնդիր է: Այս բոլորին մէջ կայ ոչ միայն քարեղէն այդ ամրոցները պահպանելու եւ վերանորոգելու հարցը, այլ մեր ժողովուրդին համար պիտանի հանդիսացող կառոյցներու վերականգնումն է:
Հեշտ է քարոզներ կարդալ ու ըսել, որ այս ինչ եկեղեցին, կամ այդ ինչ կառոյցը կարեւոր են մեզի համար: Պէտք է շատ աւելի խոր հայեացքով քննել հարցերը ու նայիլ, թէ ո՛ր եկեղեցին, ո՛ր տաճարը, ո՛ր վանքը կարեւոր են մեզի համար:
Օրինակ մը տալու համար յիշեցնենք Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պարագան, որ տարբեր հանգամանքներու բերումով այսօր դարձեալ ծանր վնասներու ենթակայ է: Պիտի չդատապարտենք կամ սխալ պիտի չհամարենք այդ եկեղեցւոյ վերականգնումը, սակայն իրաւունքը ունինք բարձրաձայն հարցում մը ընելու եւ ըսելու, թէ ի՞նչքանով նպատակայարմար էր այդ եկեղեցւոյ վերանորոգումը, որ ատենօք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մեզի համար, սակայն այսօր դարձեալ մատնուած է անմխիթար վիճակի մը մէջ: Ու այս առումով յստակ է նաեւ, որ նոյնիսկ եկեղեցական վայրերու կամ հայապատկան վանքերու հարցին առընթեր մենք յստակ ծրագիր մը չունինք ու առաւելապէս մեր նուիրապետական աթոռներէն իւրաքանչիւրը կը գործէ իրարմէ անջատ եւ առանց համակարգումի մը մէջ եղող գործելաոճով ու արդիւնքին իյնալով համընդհանուր շփոթի մը մէջ եւ մեր ժողովուրդի թանկ միջոցները (յաճախ) անտեղի եւ անօգուտ կերպով ի սպառ վատնելով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան