ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԱՂՕԹՔ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հրահանգով, պոլսահայ եկեղեցիներուն մէջ այս Կիրակի տեղի պիտի ունենան յատուկ աղօթքներ։ Այսպէս, յաւարտ Ս. Պատարագի առ Աստուած յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի վասն խաղաղութեան Սուրբ Տեղեաց եւ Պաղեստինի մէջ վերջերս զոհուածներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս անընդունելի ու ցաւալի ողբերգական պատահարներ տեղի ունեցած են Իսրայէլի մէջ։ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է արձագանգել մարդկային ողբերգութեան՝ հաշուի առնելով թէ՛ այնտեղ հայերու եւ հայկական սրբավայրերու գոյութիւնը եւ թէ Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքին կողմէ դրսեւորուած զգայնութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018