ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով սա անակնկալ հանդիպում մըն է։

Հանդիպումէն վերջ երկու ղեկավարները հանդէս եկան հակիրճ յայտարարութիւններով։ Անոնք շեշտեցին, որ Սուրիայէ ներս նոր շրջանը առաջին հերթին կը բնորոշուի քաղաքական երկխօսութեամբ ու երկրի վերակառուցմամբ։ Փութինի խօսքով՝ Սուրիոյ բանակը մասնաւորապէս վերջին շրջանին լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած է ահաբեկիչներու դէմ։ Երկրի կարեւոր շրջաններէն ներս ահաբեկիչները թողած են իրենց զէնքերը։ Ռուս ղեկավարը համոզուած է, թէ այս զարգացումները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն երկրի ենթակառուցուածքներու վերակառուցման համար։ «Զինուորական յաջողութիւններէն վերջ ծանրութիւն պէտք է տրուի քաղաքական լուծման՝ Աստանայի եւ Սոչիի բանակցութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ», ըսաւ Վլատիմիր Փութին։

Իր կարգին, Պեշար Էսատն ալ նշեց, որ նախորդ հանդիպումներուն եւ այժմու շփումներուն միջեւ կարեւոր զարգացումներ արձանագրուած են։ «Այս ամբողջին մէջ առաջին շարքի վրայ է միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Սուրիայէ ներս անհամեմատօրէն նեղցած են այն շրջանները, որոնք կը գտնուին ահաբեկիչներու հակակշռին ներքեւ։ Սա հնարաւորութիւն կը ստեղծէ՝ որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդը վերադառնայ», ըսաւ Պեշար Էսատ Սոչիի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018