ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ուէսս Միթչըլի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալը շնորհաւորութիւններ յղեց Զօհրապ Մնացականեանին՝ արտաքին գործոց նախարար նշանակուելու կապակցութեամբ։ Միթչըլ տեղեկացուց, որ ԱՄՆ պատրաստ է աշխատիլ Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ՝ երկու երկիրներու տեսակէտէ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ։

Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորութիւններուն համար՝ Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ երկու երկիրներու բազմաոլորտ համագործակցութիւնը եւ պատրաստ է աշխատիլ անոնց առաւել զարգացման ուղղութեամբ։ Մնացականեան եւ Միթչըլ քննարկեցին երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը անդրադարձան Հայաստան-ԱՄՆ Միջկառավարական յանձնաժողովի եւ Առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդի գործունէութեան։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու շուրջ։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի իրավիճակին՝ Մնացականեան կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու, ներառեալ ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ աջակցելու համար հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման։

Այս հեռախօսազրոյցին առընթեր նախարար Մնացականեան երէկ ղարաբաղեան հարցը քննարկեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Երեւանի մէջ հիւրընկալելով Կասպրչիկը՝ Մնացականեան տեղեկութիւններ ստացաւ Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ անոր ունեցան հանդիպման արդիւնքներուն շուրջ։ Կասպրչիկ միեւնոյն ժամանակ շնորհաւորեց Մնացականեանի պաշտօնի կոչուիլը եւ յաջողութիւններ մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։ Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Երեւանի յանձնառութիւնը Լառնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ՝ այս առումով կարեւորելով նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացումը։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու յառաջիկայ աշխատանքային ծրագրերուն։ Հարկ է նշել, որ Կասպրչիկ այս առաւօտ ալ տեսակցեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ։

Միւս կողմէ, Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը։ Նախարարը շեշտեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէ ներս արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը ու պիտի շարունակէ հետեւողական ջանքերը՝ կազմակերպութեան անդամներուն միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Ան մատնանշեց, որ ՀԱՊԿ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման կարեւոր բաղադրիչը կը հանդիսանայ։

Եուրի Խաչատուրով Մնացականեանին ներկայացուց կազմակերպութեան ընթացիկ աշխատանքները, ՀԱՊԿ-ի կանոնադրական մարմիններու Աստանայի մէջ նախատեսուած յառաջիկայ նիստերու նախապատրաստական աշխատանքները։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018