ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆԻՍՏ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) գործարար խորհուրդի տնօրէններու հերթական ժողովը, որ 58-րդն է իր նմաններու շարքին։ Նիստը գլխաւորեց Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Արսէն Ղազարեան մատնանշեց, որ հակամարտութիւններու եւ զանազան թշնամութիւններու գոյութեան պայմաններուն ներքեւ այս համաժողովը թոյլ կու տայ նոյն սեղանին շուրջ քննարկել զանազան հարցեր։ «Սեւ ծովեան համաժողովը արդիւնաւէտ է եւ զանազան հարցեր կը լուծուին անոր ծիրէն ներս։ Օրինակ՝ Ռուսաստան-Վրաստան հակամարտութեան պայմաններուն ներքեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կանգ չառաւ եւ պատժամիջոցներ չգործադրուեցան։ Այսինքն՝ տարածքաշրջանային որոշ համագործակցութեան համար սա անվտանգութեան բարձիկի դեր կը խաղայ, ուղղակի պէտք է բարձրացնել արդիւնաւէտութիւնը», ըսաւ Ղազարեան։ ՍԾՏՀԿ-ի այս ժողովին Թուրքիոյ կողմէ մասնակցեցաւ Թուրքիա-Հայաստան գործարարութեան զարգացման խորհուրդի նախագահ Նոյան Սոյաք։ Ժողովի ընթացքին ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը այս տարի կազմած է շուրջ 300 միլիոն տոլար։ Նոյան Սոյաք դիտել տուաւ, որ Թուրքիա-Հայաստան գործարարութեան զարգացման խորհուրդը 1997 թուականէն ի վեր կը գործէ, նպատակն է ծանօթութիւններ հաստատել երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ ու նպաստել անոնց համագործակցութեան։ «Մեր երկու երկիրներուն միջեւ ըստ էութեան կը համագործակցին փոքր ու միջին ձեռնարկութիւնները», ըսաւ Նոյան Սոյաք եւ աւելցուց, որ գործարարութիւնը աջակիցներու կարիք չունի զարգանալու համար։ «Գործարարները ունին իրենց կապերը զարգացնելու զանազան ճանապարհներ», ըսաւ Նոյան Սոյաք եւ կարեւորեց նաեւ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական խնդիրներու լուծումը։ «Առեւտուրը եւ լաւ գործարարութիւնը, անշուշտ, կը խթանեն նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացումը։ Որքան շատ ըլլան կապերը երկու երկիրներու միջեւ, կառավարութիւնները այնքան աւելի դիւրին կը ձեռնարկեն երկխօսութեան», ըսաւ Նոյան Սոյաք։

Երեւանի քննարկումներուն ընթացքին Նոյան Սոյաք ընդգծեց նաեւ, որ կանաչ ուժանիւթի խնդիրը արդիւնաւէտութեամբ չ՚օգտագործուիր ՍԾՏՀԿ-ի երկիրներուն կողմէ։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018