ԹԱՒՐԻԶԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի եւ պարի պետական համոյթը:

ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Կարօ Ճորճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալական խօսք ուղղեց խումբի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Ալթունեանին եւ խումբի բոլոր պատասխանատուներուն ու անդամներուն՝ շեշտելով խումբին կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ արժէքը հայ մշակոյթի տարածման ի նպաստ:

Ներկայացուեցան ժողովրդական, աշուղական, հայրենասիրական եւ ազգային-ազատագրական երգեր ու պարեր:

Աւարտին, ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Հենրիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց խումբի ղեկավարին, պատասխանատուներուն, մենակատարներուն եւ բոլոր անդամներուն ու բեմ հրաւիրելով խումբի գեղար-ւեստական ղեկավար Ժիրայր Ալթունեանը՝ անոր յանձնեց յուշա-նըւէր մը:

Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի Վենետիկ գտնուելուն պատճառով, անոր պատգամը կարդաց Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Ղուկասեան: Սրբազանը իր պատգամին մէջ հաստատած էր, որ հայկական կոթողներու, ձեռագիրներու, կիրառական արուեստի նմոյշներու եւ բազմաթիւ այլ ազգային արժէքներու պահապան հանդիսացող թաւրիզահայ գաղութը սոյն ելոյթով առաւել եւս քաջալերուեցաւ եւ իր գոյապայքարի երթը ամրապնդեց:

Ապա առաջնորդարանի սեղանատան մէջ ՀՄԱԿ-ի վարչութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ համոյթի ամբողջ կազմին:

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018