ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԻՒՐԸ

Գերմանական «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի քաղաքական երկխօսութեան Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային ծրագրի ղեկավար Թոմաս Շրափէլ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Օրուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւս ընդունեց Շրափէլը, որ ներկայացուց «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամին կողմէ Հայաստանէ ներս ծաւալուած գործունէութիւնը։ Ան մասնաւորապէս խօսեցաւ այս հիմնադրամի աջակցութեամբ պետական զանազան կառոյցներու հետ իրականացուող նախագծերու, երիտասարդներու քաղաքական կրթութեան ուղղեալ ծրագրերու մասին։

Քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին հետ համագործակցութեան եւ համատեղ ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւնները։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018