«ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԴԱՓՆԻ»
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ մայիսի 15-ին, քաղաքապետարանի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեամբ՝ Արհեստագիտութեանց ստեղծագործական ԹՈՒՄՕ կեդրոններու նախագահ Մարի-Լու Փափազեանին յանձնեց «Palmes académiques» շքանշանը։ Հանդիսութեան ներկայ էին մեծարեալին ընտանեկան պարագաները, բարեկամները։
Փարիզի քաղաքապետը դրուատելով Մարի-Լու Փափազեանը, հակիրճ գիծեր ներկայացուց անոր կեանքէն ու վաստակէն։ Ան ծնած ու մեծցած է Պէյրութ, ապա ճարտարագիտական ուսումը եւ անոր յաջորդած ասպարէզը զինք առաջնորդած են Պարսելոնա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ... ԱՄՆ-ի մէջ է, որ ան ծանօթացած է բարերար Սեմ Սիմոնեանի հետ, որ մեծապէս թիկունք կանգնած է կեանքի կոչելու իր ստեղծարար ծրագրերը, որոնց գլխաւորը պիտի հանդիսանար ԹՈՒՄՕ կեդրոնը եւ որուն համար հիմա ան կ՚արժանանար այդ շքանշանին։
Շնորհակալութեան իր խօսքին մէջ Մարի-Լու Փափազեան երգիծանքով ըսաւ, թէ Ֆրանսա իր այցելութիւններուն միշտ իր ուշադրութիւնը գրաւած են իրենց լամբակին՝ տարբեր գոյնի կար ունեցողները (ակնարկելով՝ «Palmes académiques»ի իւրայատուկ լամբակին) եւ ներկայիս ինք ալ հպարտ է ատիկա կրելով։ Ան ալ իր կարգին դրուատեց Փարիզի քաղաքապետը, վեր առնելով անոր հետաքրքրասէր, լայնախոհ գիծերը, վճռակամութիւնը եւ նորութիւններու, ստեղծագործութիւններու նկատմամբ շահագրգռութիւնը։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ ընդունելութեամբ մը։