«ՏԱԿԱՒԻՆ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ»

Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարելու համար սահմանուած միջոցները տակաւին երկար ժամանակ պիտի մնան ի զօրու։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ ներկայիս համաճարակին կը յաջորդէ նոր գործընթաց մը, որ ունի նոր չափանիշներ։ «Նոր բնականոնի պայմանները, ազդակները ներկայիս կը կառուցուին։ Տակաւին երկար ժամանակ պիտի շարունակենք այս սահմանափակումներով ապրիլ», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն եւ յիշեցուց, որ խօսքը կը վերաբերի յարափոփոխ գործընթացի մը։ Ցայսօր բոլոր նախազգուշական միջոցները ձեռք առնուած են՝ համաճարակի ծաւալման համաձայն այժմէականացումով։ Համակարգի երեսակներէն մին է առողջապահական սահմանափակումները։ Միւս երեսակներուն վրայ կը գտնուին հասարակական կարգը, սննդամթերքի հատուածը, փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան բնագաւառները։ Այս բոլոր ուղղութիւններով ցայսօր կատարուած ներդրումներու արդիւնքը քաղուած է։ Ըստ Իպրահիմ Քալընի, այս համակարգէն հասած բոլոր առաջարկներն ու պահանջները կ՚արժեւորուին լրջօրէն։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան փորձեց բացատրել նաեւ, թէ ե՛րբ բնականոն պիտի դառնայ առօրեան։ «Սա բոլորովին կախում ունի մեզմէ։ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ամէն օր կը հրապարակուին նախազգուշական միջոցներ, որոնց պէտք է հնազանդիլ։ Այս բոլորի հաւանական հետեւանքներու շրջագծին մէջ գործընթացը պիտի այժմէականացուի։ Այժմ երկրորդ փուլի մը մէջ ենք։ Սա բնականոնացման առաջին քայլափոխը կը համարուի։ Բնականոնացում չի նշանակեր թուլացում։ Քորոնաժահրը կը պահէ իր ազդեցութիւնը ու ամէն պահ համաճարակի նոր ալիք մը կրնայ վրայ հասնիլ, ուրիշ երկիրներէ կրնայ թափանցել։ Օրինակները տեսած ենք այլ երկիրներու մէջ», ըսաւ Քալըն եւ աւելցուց, որ բնականոնացումը պիտի ըլլայ աստիճանաբար եւ ոչինչ անցեալի նման պիտի ըլլայ։

Նոյն յայտարարութիւններուն մէջ Իպրահիմ Քալըն ընդգծեց նաեւ, որ համաշխարհային համաճարակով յստակօրէն յայտնի դարձած է, թէ բնութիւնը որքան անխնայօրէն գործածուած է։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020