ԼԱՐՈՒԱԾ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Ներկայիս մտահոգիչ սպասում մը խնդրոյ առարկայ է թէ՛ Երեւան-Պաքու առանցքին եւ թէ ամբողջ տարածքաշրջանին տեսակէտէ։

Հայաստանի տարածք ներխուժած են Ատրպէյճանի զօրքերը, ինչ որ պատճառ դարձած է տագնապի մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս փուլին իրերայաջորդ յայտարարութիւններով կը պարզէ առկայ իրադրութիւնը։ Նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն հաղորդեց, որ Հայաստանի տարածք ներխուժած Ատրպէյճանի զօրքերու մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքերը, իսկ խումբ մը զինուորականներ տակաւին չեն հեռացած։ Այս առաւօտ ալ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ սահմանի իրադրութեան մէջ փոփոխութիւն մը չկայ։ Ընդհանուր կացութիւնը համեմատաբար հանգիստ է։ Հայկական բանակը կը կանխէ Ատրպէյճանի զինուորականներու թիկունքային ապահովման փորձերը։ Թէ՛ Սիւնիքի եւ թէ Գեղարքունիքի մարզերու ամբողջ բնագծերու երկայնքով իրադրութիւնը լիարժէք կը վերահսկուի հայկական զօրքերուն կողմէ։ Ըստ նախարարութեան, հայկական զինեալ ուժերը կը կարեւորեն խնդրի խաղաղ կարգաւորումը, միեւնոյն ժամանակ, պատրաստ են իրադարձութիւններու որեւէ զարգացման։ Հերթական անգամ ընդգծուած է, որ երկրի ինքնիշխան տարածքներու դէմ ոտնձգութիւնը բացարձակ անընդունելի է։ Ատրպէյճանի զինուորականները պարտաւոր են առանց նախապայմաններու լքել Հայաստանի տարածքները եւ յետայսու ձեռնպահ մնալ նմանատիպ սադրանքներէ։ Յիշեցուած է, որ վաղը Երեւան-Պաքու բանակցութիւնները պիտի շարունակուին այս հարցին շուրջ։

Դիւանագիտական գետնի վրայ ալ բազմակողմանի եւ խտացեալ ջանքերը կը շարունակուին։ Թէեւ Հայաստան զօրակցութեան պահանջով դիմած է Ռուսաստանին եւ ՀԱՊԿ-ին, սակայն, Երեւանէն զանազան աղբիւրներ կը մատնանշեց, որ այս փուլին անոնք ակնյայտ չկամութիւն կը դրսեւորեն իրենց դաշնակցային պարտաւորութիւններուն տեսակէտէ։ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի ղեկավարութիւնները ներկայիս յարաբերաբար աւելի վճռական հանդէս կու գան, որպէսզի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ազատուի։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան կապի մէջ անցած են Երեւանի եւ Պաքուի հետ, նաեւ հեռախօսազրոյցով ալ իրարու միջեւ քննարկած՝ ստեղծուած իրավիճակը։ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէք Սալըվընն ալ ներգրաւուած է դիւանագիտական ջանքերուն՝ ուղղակիօրէն մատնանշելով Ուաշինկթընի սպասումները, Հայաստանի տարածքի ազատման ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021