ԿԱԶԶԷԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄ. ԿԱՄ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ «ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԳՈՐԾՕՆՆ Է»

Գրեթէ շաբաթ մըն է, որ Կազզէի շուրջ ռազմական գործողութիւնները դադար չունին։ Երուսաղէմի արեւելեան թաղամասին՝ մասնաւորապէս պաղեստինցիներով բնակեցուած «Շէյխ Ժարրահ»ի մէջ ընթացք առած խռովութիւնները կը վերածուէին ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու, երբ Կազզէի մէջ տեղակայուած «Համաս» շարժումի ռազմական հրամանատարութիւնը որոշում կը կայացնէր այսպէս ըսած՝ «օգնութեան հասնիլ» Երուսաղէմի պաղեստինցիներուն։ Ան «Երուսաղէմի թուր» կը յայտարարէր սոյն գործողութիւնը, որու շրջագիծով հարիւրաւոր հրթիռներ կ՚ուղարկէր նախ Երուսաղէմի ուղղութեամբ, ապա հիմնական թիրախ կը դարձնէր «ամբողջովին» Իսրայէլի քաղաքները. օրինակ՝ Թել Աւիւը, Աշքէլոն, Աշտոթը, Փեթախ Թիքվան եւ այլ բազմաթիւ շրջաններ։

Ամէն պարագայի աւելորդ է ըսել, որ Կազզէի տագնապը նոր չէ։

Իսրայէլի պետութեան համար «փորձութիւն» դարձած այդ քաղաքը առաջին անգամը չէր, որ նման ռազմական ընդհարումի կը մտնէր իսրայէլացիներուն հետ։ Գրեթէ շաբաթ մը առաջ ընթացք առած ռազմական գործողութիւնները եւ երկուստեք հրթիռակոծութիւնները՝ իրենց բնոյթով ու տարողութեամբ ամբողջովին կը տարբերին 2014 թուականի պատերազմէն։

Ամէն պարագայի յստակ է նաեւ, որ Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով եւ տարողութեամբ իրենց շեշտակի տեղն ունեցող այս զարգացումները անհնար է «պոկել» ընդհանուր զարգացումներու տեսադաշտէն։ Խօսքը ոչ միայն Պաղեստին-Իսրայէլ «հին» ու «նոր» պայքարին մասին է, այլեւ այն կը վերաբերի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն, ԱՄՆ-ի միջինարեւելեան մինչեւ հիմա անյստակ քաղաքականութեան, սիւննի աշխարհ-Իսրայէլ մերձեցման համընդհանուր տրամադրութեանց, նաեւ Սուրիոյ մեծ տագնապի ամենատարբեր ծալքերուն։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ «ԳԵՐԽՆԴԻՐ»Ը

Մէկդի դնելով ռազմական գործողութիւններու տարողութիւնը, զոհերու թիւը, աւերածութիւնները, Իսրայէլի քաղաքներու աննախընթաց ձեւով թիրախաւորումը՝ հարկ է արձանագրել, որ այս պայքարը նախ եւ առաջ Իսրայէլի պետութեան ներքին քաղաքական պայքարի մէկ երեսակն է։ Անշուշտ, եթէ հաշուի առնենք, որ Իսրայէլ արդէն քանի անգամներ ընտրութիւններ կայացնելէ ետք ունի կառավարութիւն կազմելու լուրջ խնդիր։

Նեթանիյահու, որ բազմաթիւ առումներով դարձած է խոցելի եւ թոյլ ղեկավար մը, ունի քուէներ ապահովելու, ինչպէս նաեւ այդ քուէներու ուժով նոր արտահերթ ընտրութիւններուն անպայմանօրէն աւելի մեծ յաղթանակ մը ապահովելու գերխնդիր։ Այդ յաղթանակէն ետք է միայն, որ ան պիտի կարողանայ «հանգիստ» կառավարութիւն մը կազմել ու փակել երկար ժամանակէ ի վեր զինք հալածող դատական հետապնդման օրակարգը։

Հետեւաբար այս պատերազմը նախ եւ առաջ «բախտաբեր» է իրեն համար։ Անոր շնորհիւ ալ ան դարձեալ պիտի կոչուի Իսրայէլի վարչապետութեան համար ամենայարմար եւ նոյնիսկ ամենաուժեղ թեկնածուն։ Այլ խօսք, որ անոր հաշիւները կրնան այդքան ալ ճիշդ դուրս չգալ, եթէ նկատի առնենք պաղեստինցիներու ունեցած ուժը եւ մանաւանդ գաղափարական կամքը՝ մինչեւ վերջին կաթիլ արիւն շարունակելու իրենց պայքարը։

Այստեղ հարկ է նաեւ շեշտադրել, որ նման պատերազմի մը երկարատեւ ըլլալը բազում առումներով վնասակար է Նեթանիյահուին համար, որովհետեւ ամէն օր, որ կ՚անցնի, որու ընթացքին ալ Իսրայէլի քաղաքները հարուածի թիրախ կը դառնան ու այդպիսով այդ ընթացքը աւելիով կրնայ վարկազրկել Պենիամին Նեթանիյահուն։

Հետեւաբար, հաշուի առնելով նաեւ ժամանակի գործօնը՝ Իսրայէլ պարտաւոր է շատ աւելի ցաւագին հարուածներ տալ Կազզէին։ Որպէս հետեւանք՝ կրնանք ականատես դառնալ միջազգային մակարդակի դժգոհութեան մեծ հաշուով ցնցիչ ալիքներու։ Իսկ եթէ այդ չկատարուի ու Իսրայէլ չկարողանայ ամէն գնով «կոտրել» «Համաս»ի մեծ ուժը, ապա այս բոլորը պումերանկի նման ետ պիտի դառնայ դէպի ինքն՝ Իսրայէլ, հիմնաւոր դարձնելով ներքաղաքական անկայուն եւ բաւականին խառն համայնապատկերը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021