ՄԱՀ՝ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ՈՍԿԻԱՆ ՇԷՇԷԹԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ արժէքաւոր եւ համակրելի կրթական մշակ Ոսկիան Շէշէթեան։ Բոլոր անոնք, որոնք մեր համայնքի մօտաւոր անցեալի տարեգրութեանց վերաբերեալ ունին տարրական տեղեկութիւն մը՝ կրնան վկայել, թէ նորոգ հանգուցեալ Ոսկիան Շէշէթեան կը մարմնաւորէր տիպար ու նուիրեալ կրթական մշակի կերպարը։

Ոսկիան Շէշէթեան սերած էր ընտանիքէ մը, որու արմատները կը հասնէր Սեբաստիա։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներէն էր։ Ան բառին բուն իմաստով փայլուն դպրեվանքցի մըն էր՝ այն աստիճան, որ իր արձանագրած յաջողութիւններով եւ մեր կրթական կեանքին բերած նպաստով կ՚արդարացնէր այդ հաստատութեան լինելութիւնը, առաքելութիւնը։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը աւարտելէ վերջ շարունակած էր բարձրագոյն ուսումը՝ մասնագիտանալով ուսողութեան վրայ։ Որպէս թուաբանագէտ հասցուցած էր սերունդներ։ Ուսուցչագործած էր մեր զանազան վարժարաններուն մէջ՝ ի մասնաւորի Կեդրոնականի երդիքին տակ, ուր իր հասցուցած սաները յաւակնոտ յաջողութիւններու կը հասնէին կրթական կեանքի մէջ։

Շուրջ երեսունհինգ տարի առաջ իր ընտանիքին հետ հաստատուած էր Նիւ Եորք, ուր եւս իր դրական ներկայութիւնը կը բերէր ամերիկահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի՝ մանաւանդ տեղւոյն պոլսահայերու ընկերամշակութային գործունէութիւններուն։

Ոսկիան Շէշէթեան ընկերային շրջանակէն ներս շատ սիրուած դէմք մըն էր՝ իր շրջահայեաց բնաւորութեամբ, ազնիւ խառնուածքով եւ հաղորդական նկարագրով։ Ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Ամուսնացած էր նոյնպէս կրթական մշակ Նազիկ Շէշէթեանի հետ, որ Էսաեան վարժարանի սաներէն էր։ Ոսկիան եւ Նազիկ Շէշէթեանները բախտաւորուած էին երկու դուստրերով՝ Թալին եւ Դալար, իսկ ԱՄՆ հաստատուելէ վերջ ալ թոռնիկներով։ Դժբախտաբար, վերջին շուրջ մէկուկէս ամսուայ ընթացքին Ոսկիան Շէշէթեանի առողջական վիճակը անակնկալօրէն հունէ դուրս եկաւ եւ թափով վատթարացաւ։ Իրեն ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը մնաց ապարդիւն եւ ան երէկ իր աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։ 

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Ոսկիան Շէշէթեանի հոգւոյն՝ մեր յարգանքը մատուցելով իր բարի յիշատակին նկատմամբ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Նազիկ Շէշէթեանին, զաւակներուն, թոռներուն, ինչպէս նաեւ իր եղբօր՝ երէց սերունդի մեր ազգայիններէն Շահին Շէշէթեանի, Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն Յարութիւն-Ֆուլիա Շէշէթեաններուն, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Սեւան-Սարեմ Շէշէթեան ամոլին, համայն ընտանիքին եւ բարեկամական շրջանակին։

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021