ՔԱՐԻ ՁԱՅՆՆ ՈՒ ԲՈՅՐԸ

Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է շահեկան ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է երախտաշատ ճարտարապետ Յովհաննէս Մարգարեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելեանին։ «Քարի ձայնն ու բոյրը. Յովհաննէս Մարգարեան» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Ալեքսանդր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ցուցահանդէսի այցելուները կը տեսնեն ականաւոր ճարտարապետ, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Մարգարեանի աշխատանքներու էսքիզները, լուսանկարները եւ այլն։ Իրենց գեղեցկութեամբ եւ իւրայատկութեամբ այդ ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան Երեւանի Ռատիօտան եւ քոնիաքի գործարանի շէնքերը։

Հիւրընկալ թանգարանի տնօրէն Մարք Գրիգորեան ցուցահանդէսի բացման առթիւ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մարք Գրիգորեան այս առթիւ ընդգծեց, որ Յովհաննէս Մարգարեան եղած է 20-րդ դարու հայ ականաւոր ու հետաքրքրական ճարտարապետներէն մին։ «Ցուցահանդէսը բացառիկ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի հետաքրքրասէրները տեսնեն Մարգարեանի տաղանդը, գնահատեն անոր աշխատանքի ծաւալը եւ ստեղծագործ անձի հզօրութիւնը», ըսաւ տնօրէնը։ Մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ Յովհաննէս Մարգարեան եղած էր Երեւանի Պետական համալսարանի թեքնիքական ֆաքիւլթէի ամենաառաջին ուսանողներէն եւ առաջին շրջանաւարտներէն մին։ Այդ շրջանաւարտները ընդհանրապէս եօթ հոգի էին։ Անոնցմէ երեքը՝ Յովհաննէս Մարգարեան, Սամուէլ Սաֆարեան եւ Մարք Գրիգորեան ժամանակի ընթացքին դարձած են հայկական ճարտարապետութեան հպարտութիւնները։

Նախաձեռնարկ թանգարանի տնօրէնը յայտարարութիւններուն մէջ նաեւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ «Քարի ձայնն ու բոյրը» կոչուած է այս ցուցահանդէսը։ Արդարեւ, Մարգարեանի նախագծած լայնածաւալ շէնքերուն մէջ կ՚առանձնանան Ռատիոյի տունը եւ քոնիաքի գործարանը։ Ըստ իրեն, այս պարագային Ռատիոյի տունը ձայնն է, իսկ քոնիաքի գործարանի շէնքը՝ բոյրը։

Ի լրումն այս բոլորին, թանգարանի տնօրէն Մարք Գրիգորեան տեղեկացուց, որ Յովհաննէս Մարգարեանի 120-ամեայ յոբելեանի շրջանակին մէջ պիտի պատրաստեն նաեւ անոր ստեղծագործութիւններու քաթալոկը, որ «Հայ ճարտարապետներ» մատենաշարի երկրորդ գիրքը պիտի հանդիսանայ։ Առաջին գիրքը նուիրուած էր Միքայէլ Մազմանեանին։

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021