ԱՆԳԼԻՈՅ ԼՈՐՏԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Անգլիոյ Լորտերու պալատը նախընթաց օր քննարկեց հայկական հարցը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Անգլիոյ խորհրդարանի պաշտօնական կայքէջի հաղորդումներու հիման վրայ տեղեկացուց, թէ Պարոնուհի Քերըլայն Քոքս այս առթիւ օրակարգի վրայ բերաւ 1915 թուականին հայոց, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւններու հարցը։ Ան արծարծեց նաեւ այդ դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն որակելու կապակցութեամբ Անգլիոյ կառավարութեան դիրքորոշումը։ Քոքս ընդգծեց, թէ աշխարհի աւելի քան քսան երկիրներու խորհրդարանները ճանչցած ու դատապարտած են ցեղասպանութեան փաստը, ներառեալ Եւրոխորհրդարանը։ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի խօսքերն ալ մէջբերելով ան հարց տուաւ, թէ արդեօք Անգլիոյ կառավարութիւնը մտադրութիւն ունի՞ վերատեսութեան ենթարկելու իր դիրքորոշումը։
Յանուն Անգլիոյ կառավարութեան հանդէս եկաւ Պահպանողական կուսակցութենէն Ճէյմս Սթափֆորտ, որ ըսաւ, թէ Անգլիոյ կառավարութիւնը կը ճանչնայ 20-րդ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող հայ ժողովուրդին եւ այլ խումբերուն հասած սարսափելի տառապանքները։ «Յիշելով ու յարգելով անցեալի զոհերուն յիշատակը՝ մենք համոզուած ենք, որ Անգլիոյ գերակայութիւնը պէտք է ըլլայ օգնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն՝ որպէսզի անոնք միասնաբար առերեսուին իրենց ընդհանուր պատմութեան», նշեց Սթափֆորտ եւ աւելցուց, թէ կառավարութիւնը տեղեակ է 1915 թուականի զոհերու յիշատակին ձօնուած պատարագին ժամանակ Հռոմի Պապին կողմէ կատարուած յայտարարութեան ու կը յարգէ անոր տեսակէտը այս հարցին շուրջ։
«Մենք համամիտ ենք, որ շատ կարեւոր է խիզախութեամբ առերեսուիլ պատմութեան դասերուն եւ ընել մեր կարողութիւններու սահմաններէն ներս հնարաւոր ամէն ինչ՝ նման վայրագութիւնները կանխելու համար», ըսաւ Սթափֆորտ։
Հարցումի մը պատասխանելով Ճէյմս Սթափֆորտ դրական գնահատեց՝ Թուրքիոյ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին հայկական ծագումով երեսփոխաններու ընտրութիւնը։