ՏԷՄԻՐԷԼ ՎԱՂԸ ՀՈՂԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ին­նե­րորդ նա­խա­գահ Սիւ­լէյ­ման Տէ­մի­րէ­լի մա­հը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել երկ­րի օ­րա­կար­գը։ Սիւ­լէյ­ման Տէ­մի­րէ­լի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, պե­տա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով նա­խա­տե­սուած պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ։

Միւս կող­մէ, «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Տէ­մի­րէ­լի հա­մար յու­շա­կո­թող-դամ­բա­րան մը կը պատ­րաս­տուի իր ծննդա­վայ­րին՝ Սպար­թա­յի մէջ։ Այս յու­շա­կո­թո­ղին կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կը վե­րահս­կուին վախ­ճա­նեալ նա­խա­գա­հի եղ­բօր՝ Շեւ­քէթ Տէ­մի­րէ­լի կող­մէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015