ՇԻՆԻՉ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ ԱՔ կուսակցութեան նպատակն է Թուրքիան յառաջացնել։ Անգարայի մէջ, իր կուսակցութեան քաղաքներու մասնաճիւղերու ղեկավարներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին Պինալի Եըլտըրըմ անդրադարձաւ նաեւ արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներուն։ «Մեր արտաքին քաղաքականութեան հասկացութիւնը կը նախատեսէ տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ աւելցնել մեր բարեկամները ու նուազեցնել թշնամիները», ըսաւ Եըլտըրըմ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վարչապետը ընդգծեց, թէ տարածքաշրջանային համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի։ Թուրքիա տարածքաշրջանային զարագացում մը պիտի ապահովէ իր հարեւաններուն հետ։ «Երբ կ՚ընենք այս բոլորը՝ տարածքաշրջանին վրայ, Թուրքիոյ վրայ լարուած ծուղակները պիտի չէզոքացնենք», աւելցուց վարչապետը։
Վերոյիշեալ ելոյթին առընթեր, վարչապետը վերջին օրերուն մամուլին մէջ ալ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն շուրջ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան արտայայտեց այն համոզումը, թէ Իսրայէլ, Սուրիա, Ռուսաստան եւ Եգիպտոս կը շրջապատեն Միջերկրականն ու Սեւ ծովը, հետեւաբար անոնց միջեւ մշտական թշնամութիւններ գոյութիւն չեն կրնար ունենալ։ Այդ երկիրներուն ուղղեալ ջերմ պատգամներ փոխանցելու ժամանակ՝ վարչապետը առաջին հերթին անդրադարձաւ Ռուսաստանին։ Ըստ իրեն, այդ երկրին հետ ապրուեցաւ դէպք մը։ Թուրքիա բնականաբար թոյլ չի տար իր գերիշխանութեան իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութեան։ Բայց եւ այնպէս, միակ դէպքի մը վրայ կեդրոնանալ ճիշդ չ՚ըլլար։ Պէտք է տեսնել մեծ պատկերը։ Ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութիւն մը գոյութիւն չունի։ Կարելի է վերադառնալ անցեալի օրերուն ու նոյնիսկ ա՛լ աւելի զարգացնել այդ բոլորը։ «Ռուսաստանի հետ փոխադարձ քայլեր կ՚առնուին։ Դիւանագիտական միջոցները բաց են։ Հանրապետութեան նախագահը կամք մը դրսեւորեց։ Ռուսաստանն ալ կամք դրսեւորեց», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ եւ ապագային համար արտայայտեց լաւատեսութիւն։
Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն շուրջ խօսելով՝ Եըլտըրըմ յայտնեց, որ այդ հարցն ալ հասած է որոշ կէտի մը։ Այս առանցքին շուրջ ալ կամք կը ցուցաբերուի, կան շփումներ, որոնք տակաւին աւարտած չեն։ Վարչապետին կանխատեսումներով, շատ ալ երկար պիտի չտեւէ այդ գործընթացը։ Էականը այն է, որ Կազզէն մեկուսացումէ փրկուի մարդասիրական նպատակներու համար։ Դիւանագէտները աշխատանքի վրայ են։
Եգիպտոսի պարագային անդրադառնալով՝ Պինալի Եըլտըրըմ նշեց, թէ Թուրքիա ի սկզբանէ կը պաշտպանէ նոյն տեսակէտը։ Հանրապետութեան նախագահն ալ շատ յստակ ձեւով ըսած է։ Ժողովուրդի կամքին դէմ կատարուած ամէն տեսակ նախաձեռնութիւն պետական հարուած է։ Չենք ընդունիր այդ բանը եւ սա մեր անկեղծ համոզումն է։ Բայց եւ այնպէս, սա պէտք չէ խոչընդոտէ երկու երկիրներու առեւտրական յարաբերութիւնները։ Տնտեսական եւ ընկերային յարաբերութիւնները կրնան զարգանալ եւ Եըլտըրըմ համոզուած է, թէ սա նպաստաւոր է երկու ժողովուրդներուն տեսակէտէ։
Վարչապետը մեկնաբանած է նաեւ Հիւսիսային Իրաքի եւ Հիւսիսային Սուրիոյ իրադրութիւնը։ «Իրաքի եւ Սուրիոյ հիւսիսէն դէպի Միջերկրական միջանցք մը բանալու մտադրութեան ականատես կ՚ըլլանք։ Մտադրութիւն մը, որ կը զուգորդուի քանթոններու միջոցաւ։ Թուրքիա զգայնութիւններ ունի այս նիւթին շուրջ ու չի թոյլատրեր կատարուած իրողութիւնները։ Այստեղ մեր երկխօսը տեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւնները չեն, մենք երկխօս կը համարենք Միջազգային համախոհութեան ուժերը եւ Միացեալ Նահանգները։ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը կարեւոր է մեզի համար», ըսաւ Եըլտըրըմ։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնն ալ հաղորդած էր, թէ Թուրքիա վճռականութիւն կը դրսեւորէ Սուրիոյ հիւսիսին քիւրտերու կողմէ դաշնակցութեան մը ստեղծուիլը արգիլելու ուղղութեամբ։ Միջազգային այդ աղբիւրը տեղեկացուցած է, թէ զուգահեռաբար Անգարա կրնայ մեղմացնել իր դիրքորոշումը Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի պարագային։ Ծանօթ է, որ թրքական կողմը յամառօրէն կ՚արտայայտէ այն համոզումը, թէ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման համար Պեշար Էսատ պէտք է ըլլայ գահընկէց։ Վերլուծաբանները կը յիշեցնեն, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մին է այն ղեկավարներէն, որոնք ամենախիստ ձեւով կը քննադատեն Էսատը։ Բայց եւ այնպէս, նոր իրադրութեան մթնոլորտին մէջ չի բացառուիր այդ մօտեցման մեղմացումը։
«Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը Պինալի Եըլտըրըմի վերջին յայտարարութիւնները կը մեկնաբանէ որպէս ազդանշան՝ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան տեսակէտէ։ ԱՔ կուսակցութեան բարձրաստիճան իրաւասու մըն ալ այս հեղինակաւոր գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է հետեւեալը. «Վերջին հաշուով Էսատ ոճրագործ մըն է, կը չարչարէ իր ժողովուրդը։ Այս նիւթին շուրջ պիտի չփոխենք մեր դիրքորոշումը։ Սակայն ան չի պաշտպաներ քիւրտերու ինքնավարութիւնը։ Կրնայ ըլլալ, որ զիրար չսիրենք, սակայն այս նիւթին շուրջ նոյն քաղաքականութիւնը կը պաշտպանենք»։