ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԵՂԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ԵՒ «ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»Ը

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ե­լմտա­կան նա­խա­րա­րի ա­ւագ օգ­նա­կան Տա­նիէլ Կլէյ­զըր, ան­ցեալ Մա­յի­սին, ա­նակն­կալ այց մը կը կա­տա­րէր դէ­պի Պէյ­րութ: Ա­մե­րի­կա­ցի գոր­ծի­չը շփում­ներ կ­­՚ու­նե­նար Լի­բա­նա­նի դրա­մա­կան ո­լոր­տի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ: Թե­ման բնա­կա­նա­բար Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ «Հիզ­պուլ­լահ»ին դէմ տնօ­րի­նուած պատ­ժա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու գոր­ծադր­ման օ­րա­կարգն էր:

Այ­ցե­լու­թե­նէն ետք Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան կա­ռա­վա­րիչ Ռիատ Սա­լա­մէ պար­զա­բա­նում­ներ կու տար տուեալ այ­ցին մա­սին եւ կը հա­ւաս­տէր, որ Լի­բա­նա­նի դրա­մատ­նա­յին հա­կա­կար­գը պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծել սո­վո­րա­կա­նին պէս:

Իր դրա­մատ­նա­յին ցան­ցի տա­րո­ղու­թեամբ յայտ­նի Լի­բա­նա­նը շրջա­նա­յին այլ եր­կիր­նե­րէ կը տար­բե­րի, կը հա­մա­րուի ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի դրա­մագ­լուխ­նե­րու հիմ­նա­կան կեդ­րո­նա­տե­ղի մը ըլ­լա­լու ա­ռա­ւե­լու­թեամբ: Հա­կա­ռակ եր­կի­րը հա­րուա­ծած եւ շուրջ քսան­հինգ տա­րի տե­ւած քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին՝ դրա­մատ­նա­յին ո­լոր­տը շա­րու­նա­կեց մնալ ա­զատ եւ գոր­ծեց ան­կաշ­կանդ: Լի­բա­նա­նեան բո­լոր կող­մե­րուն հա­մար հա­մո­զում դար­ձած էր, որ երկ­րի ե­լեւմ­տա­կան ո­լոր­տը պէտք չէ ա­պա­կա­յու­նաց­նել: Հե­տա­գա­յին երբ սիւն­նի աշ­խար­հի հիմ­նա­կան ձայն հա­մա­րուող վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րի իշ­խա­նու­թեան հա­սաւ, յա­ջո­ղե­ցաւ ա­պա­հո­վել ոչ միայն Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն ու յատ­կա­պէս Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մե­ծա­գու­մար ներդ­րում­նե­րը, այլ նաեւ՝ մեծ դրա­մագ­լուխ­նե­րու դէ­պի Պէյ­րութ ներ­հոս­քը:

Հա­րի­րիի սպան­ու­թիւ­նը «կ­­՚ա­ւե­տէ­ր» նոր փու­լի մը սկիզ­բը, ո­րուն մէջ բա­ցի խնդրոյ ա­ռար­կան Լի­բա­նա­նի ան­կա­յու­նու­թե­նէն, կը պայ­մա­նա­ւո­րուէր ամ­բողջ շրջա­նին մէջ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ըլ­լա­լիք փո­փո­խու­թիւն­նե­րով:

Շրջա­նա­յին կող­մեր ու յատ­կա­պէս Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ «կա­նաչ լոյ­ս» տուած էին Իս­րա­յէ­լին՝ «ծուն­կի բե­րե­լու» շիի «Հիզ­պուլ­լահ»ը: Այդ ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րու­թեան կը դրուէր 2006 թուա­կա­նին սկիզբ ա­ռած պա­տե­րազ­մով մը, որ ձա­խո­ղու­թեան կը մատ­նուէր շնոր­հիւ Ի­րա­նի եւ Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կին ու նաեւ կազ­մա­կեր­պուած ուժ դար­ձած «Հիզ­պուլ­լահ»ի զի­նեալ­նե­րու անդր­դուե­լիու­թեան:

Իս­րա­յէ­լի պա­տե­րազ­մը կը ձա­խո­ղէր, սա­կայն ծանր վնաս­նե­րու կ­­՚են­թար­կուէր Լի­բա­նա­նը:

Պէյ­րու­թի հա­րա­ւա­յին ա­րուար­ձան­նե­րը եւ հա­րա­ւա­յին Լի­բա­նա­նի մեծ տա­րածք­ներ կը դառ­նա­յին ա­ւե­րակ: Շնոր­հիւ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կին այդ շրջան­նե­րը կը վե­րա­կանգ­նուէին ու ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ կա­յուն կը մնար լի­բա­նա­նեան թղթոս­կին:

Այ­սօր պատ­կե­րը տար­բեր է:

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին սկիզ­բէն ի վեր սիւն­նի-շիի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը դար­ձած է ան­կան­խա­տե­սե­լի: Դա­րե­րու խո­րու­թիւն ու­նե­ցող այս ներ­հա­մայն­քա­յին հա­կա­մար­տու­թիւ­նը այ­սօր գլու­խը ցցած է քա­ղա­քա­կան յստակ բա­ժա­նում­նե­րով: Ու այս ֆո­նին վրայ է նաեւ, որ ա­րա­բա­կան սիւն­նի աշ­խար­հի գլխա­ւոր ու­ժե­րը դժգո­հե­լով շիի «Հիզ­պուլ­լահ»ի սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին մէջ բա­ցա­յայտ մաս­նակ­ցու­թե­նէն, զայն կը հա­մա­րեն ի­րենց թշնա­մի կողմ: Մինչ սիւն­նի աշ­խար­հը ա­մէն գնով կ­­՚ու­զէ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տը իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռաց­նել, ան­դին Ի­րան եւ «Հիզ­պուլ­լահ» կը հա­ւա­տան, որ Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան մնա­լը կեն­սա­կան է, ու ա­նոր հե­ռա­ցու­մը կամ իշ­խա­նու­թեան տա­պա­լու­մը ճա­նա­պարհ կը բա­նայ ա­մե­րի­կեան-իս­րա­յէ­լեան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, ո­րոնց կի­զա­կէ­տը «Հիզ­պուլ­լահ»ի վե­րա­ցումն է:

Տա­կա­ւին շատ ջուր կը վերց­նէ Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող հա­կա­մար­տու­թիւ­նը, սա­կայն մէկ բան յստակ է, որ ինչ­պէս նա­խօ­րօք ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի սիւ­նա­կով ար­տա­յայ­տուած ենք, այ­սօր ալ կրկնե­լու գնով պէտք է նշել, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի գլխա­ւոր «ճար­տա­րա­պե­տ»ն է ցարդ Սու­րիոյ խնդրի կար­գա­ւոր­ման հա­մար՝ յստակ ծրա­գիր մը չու­նի: Կամ առ­նուազն չէ ներ­կա­յա­ցու­ցած: Օ­պա­մա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար Է­սա­տի Սու­րիան շատ հեշտ պա­տառ մը կը հա­մա­րուէր: Նոյն ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը կը մոռ­նա­յին, որ Դա­մաս­կո­սը, բայց մա­նա­ւանդ Թար­թու­սը, Ռու­սաս­տա­նի հա­մար ան­փո­խա­րի­նե­լի կեդ­րոն­ներ են, ու ա­նոնց փո­խա­րէն Մոս­կուան ա­մէն ճիգ ի գործ պի­տի դնէր պահ­պա­նե­լու հա­մար իր վեր­ջին կա­յա­նը «տաք ջու­րե­րու­ն» մէջ:

Այս ֆո­նին վրայ կա­րե­ւոր ճա­կատ կը հա­մա­րուի «Հիզ­պուլ­լահ»ին դէմ պա­տե­րազ­մե­լու ճա­կա­տը: Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ներ­կայ հանգ­րուա­նին Իս­րա­յէ­լի հա­մար Լի­բա­նա­նի հա­րա­ւի ճա­կա­տը վե­րա­բա­նա­լու պայ­ման­նե­րը ձեռն­տու չեն, նոյն Իս­րա­յէլ կը յոր­դո­րէ ա­մե­րի­կա­ցի իր գոր­ծըն­կեր­նե­րը այլ տե­սա­կի ճնշում­ներ բա­նեց­նել «Հիզ­պուլ­լահ»ին դէմ: Այս ճնշում­նե­րը ձեռն­տու են նաեւ Ռիա­տի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ «Հիզ­պուլ­լահ»ի թու­լա­ցու­մով Ռիա­տի հո­վա­նին ու­նե­ցող սիւն­նի ար­մա­տա­կան ջո­կատ­ներ պի­տի փոր­ձեն վե­րա­դարձ­նել ի­րենց կորսն­ցու­ցած են­թա­հո­ղը Սու­րիոյ մէջ:

Այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր կայ նաեւ Մոս­կուա­յի դե­րը: Ու կա­րե­ւոր հար­ցում մըն է, որ կը ծա­գի մեր մտքե­րուն մէջ. ար­դեօք Մոս­կուան հա­մա­ձա՞յն է «Հիզ­պուլ­լահ»ի ջլատ­ման: Կամ ար­դեօք Փու­թի­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի ճնշէ՞ Թեհ­րա­նի վրայ, որ­պէս­զի Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի նոր քար­տէ­սի պատ­րաստ­ման ա­տեն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մե­ծա­գոյն զո­հը դառ­նայ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ»ը, որ իս­րա­յէ­լա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վար­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ այ­սօր դար­ձած է ոչ միայն շրջա­նի ա­մե­նէն հզօր «մի­լի­ս­»ը, այլ ա­նոր կազ­մա­կեր­պուա­ծու­թիւ­նը ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող ու­ժեր չկան ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ:

Այս չի նշա­նա­կեր, որ ե­լած ենք «Հիզ­պուլ­լահ»ը գո­վեր­գե­լու, բայց եւ այն­պէս ճշմար­տա­ցի ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է ը­սել, թէ շիի խոր­քով եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ գոր­ծող այս ու­ժը դար­ձած է շրջա­նի կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րէն մին:

Խօ­սե­լով ա­նոր դէմ ծրագ­րուած տնտե­սա­կան ճնշում­նե­րուն մա­սին՝ կա­րե­լի է ը­սել, որ դրա­մա­կան թե­ման կու­սակ­ցու­թեան ա­մե­նէն թոյլ ե­րեսն է:

Ու շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ ա­նոր դէմ պատ­րաս­տուած ծրագ­րին դի­մաց կու­սակ­ցու­թիւ­նը ինք եւս ու­նի պատ­րաս­տի ծրագ­րեր, ո­րոնց մա­սին ցարդ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չեն հրա­պա­րա­կուիր:

Այս ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գին մէջ կա­րե­ւոր զար­գա­ցում կը հա­մա­րուի Պէյ­րու­թի մէջ անց­նող 12 Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան Պէյ­րու­թի կեդ­րո­նա­կան Վեր­տան փո­ղո­ցին վրայ ար­ձա­նագ­րուած պայ­թու­մը: Պայ­թու­մը կա­տա­րուած էր Լի­բա­նա­նի ա­մե­նէն յայ­տի դրա­մա­տու­նե­րէն մէ­կուն՝ BLOM Bank-ի մէկ մաս­նա­ճիւ­ղին մօտ: Պայ­թու­մին ար­դիւն­քով գրան­ցուած էր մէկ վի­րա­ւոր ու պէյ­րու­թեան զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւող դէ­տե­րուն կար­ծի­քով՝ սոյն պայ­թու­մը կը կրէր «պատ­գա­մ» մը ուղ­ար­կե­լու բո­լոր հիմ­նադ­րոյթ­նե­րը:

Մինչ երկ­րի նախ­կին վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րի կը խօ­սէր ա­հա­բեկ­չու­թեան վտանգ­նե­րուն մա­սին եւ կը հա­ւաս­տէր, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը ան­յե­տաձ­գե­լի է, ան­դին Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նե­պիհ Պըր­րիի կար­ծի­քով՝ ե­ղա­ծը ա­ռա­ջին հեր­թին վնաս էր Լի­բա­նա­նին ու ա­պա մե­ծա­գոյն վնա­սուո­ղը այս պայ­թու­մէն նոյ­նինքն «Հիզ­պուլ­լահ»ն էր:

Պէտք է նշել նաեւ, որ սոյն պայ­թու­մէն շա­բաթ մը ա­ռաջ նոյն BLOM Bank-ը փա­կած էր ա­ւե­լի քան հա­րիւր ան­ձե­րու դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ­ներ, ո­րոնք կը կար­ծուի, թէ այս կամ այն ձե­ւով կապ ու­նին «Հիզ­պուլ­լահ»ին հետ:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի կա­նուխ է այս թե­մա­յով կան­խա­տե­սում­ներ կա­տա­րե­լը, սա­կայն մէկ բան յստակ է, որ Պէյ­րու­թի մէջ սկիզբ ա­ռած է տնտե­սա­կան նոր տի­պի պա­տե­րազմ մը, ո­րուն գլխա­ւոր զո­հը լի­բա­նա­նեան դրա­մա­տու­ներն են:

Երկ­րի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տա­կան կա­ռա­վա­րիչ Ռիատ Սա­լա­մէ բարձր վար­կա­նիշ ու­նե­ցող ե­լեւմ­տա­կան պաշ­տօ­նեայ է: Ան անց­նող տասն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին յա­ջո­ղե­ցաւ Լի­բա­նա­նի առ­ջեւ դրուած «լե­ղի բա­ժակ­նե­ր­»ը հե­ռու պա­հել դրա­մատ­նա­յին դաշ­տէն: Այ­սօ­րուան հիմ­նա­կան հար­ցադ­րու­մը որ կը դրուի, հե­տե­ւե­լան է. ար­դեօք Ռիատ Սա­լա­մէ պի­տի յա­ջո­ղի՞ լե­զու գտնել «Հիզ­պուլ­լահ»ին հետ: Ա­ւե­լի՛ն. իր բո­լոր ճի­գե­րը լա­րե­լով ան պի­տի կա­րո­ղա­նա՞յ գո­հա­ցում տալ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն, ո­րոնք բո­լոր մի­ջոց­նե­րը պի­տի ծա­ռա­յաց­նեն մէկ նպա­տա­կի հա­մար, որն է տնտե­սա­պէս պա­շա­րել «Հիզ­պուլ­լահ»ը եւ ա­մէն գնով ծուն­կի բե­րել Իս­րա­յէ­լի մե­ծա­գոյն հա­կա­ռա­կոր­դը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016