Ֆրանսայի մէջ ֆրանքեւհայկական նոր միջնակարգ վարժարան մը կը բացուի
Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի խնամակալ մարմինը (AAG) հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան դպրոցական վերամուտին՝ Սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարուի Գէորգ Արապեան միջնակարգ վարժարանին, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի շրջանակին մէջ:
Այս մէկը 1987-ին, այսինքն շուրջ երեսուն տարի առաջ՝ Մարսէյլի Համազգայինի բացումէն ի վեր հայկական միջնակարգ առաջին վարժարանն է, որ պիտի բանայ իր դռները: Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանէն ետք, պիտի հանդիսանայ Փարիզեան շրջանի միջնակարգ երկրորդ վարժարանը: Ան արգասիքն է ընդհանուր ուժականութեան մը, որ սկսաւ 2011-ին, շնորհիւ՝ Սուրբ Մեսրոպ վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտութեան ծնողաց վճռականութեան:
Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը հիմնուած է 1978 թուականի Սեպտեմբերի 15-ին, Ալֆորվիլի մէջ, ուր եղեռնէն վերապրածներու գաղթէն ի վեր հայկական հոծ համայնք մը կ՚ապրի: 30-ական թուականներուն՝ հայկական եկեղեցւոյ կառուցման օրերէն իսկ, հոն զուգահեռաբար սկսած է հայերէնի միօրեայ դասընթացք, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ: 70-ականներու կէսերուն հետզհետէ լսելի կը դառնայ ամէնօրեայ վարժարան մը կառուցելու պահանջը, ինչ որ կ՚իրագործուի 1975-1978 թուականներու միջեւ. նախնական շրջանին ան կ՚ըլլայ միայն մանկապարտէզ: Քաղաքապետարանին նեցուկին կու գան միանալ կամաւորներու յօժար աշխատանքն ու հայկական հիմնարկութիւններու եւ բարերարներու ներդրումները: Վարժարանը իր դռները կը բանայ 1979 թուականի վերամուտին: Այդպէսով, Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը կը դառնայ 1920-ականներէն ի վեր բացուած հայկական առաջին դպրոցը:
2011-էն ի վեր, շնորհիւ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին, հայկական գործընկեր հիմնարկութիւններու, աշակերտաց ծնողներու, նուիրատուներու եւ կամաւորներու, վարժարանը անկիւնադարձ մը կ՚ապրի եւ կը թեւակոխէ յաջորդական հետեւեալ փուլերը.-
2012-2013 - Գանձատրական վիճակի կարգաւորում եւ հաստատութեան վարչութեան կազմակերպում:
2014 - Սկիզբ՝ նոր շէնքի շինութեան, շնորհիւ Փարիզի եկեղեցւոյ ծուխին կողմէ անհրաժեշտ հողամասի տրամադրման: Շինարարութեան յանձնակատարը՝ ԱՓԳԱՖ-ն է, որուն կը նախագահէ թեմի նախկին առաջնորդը՝ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան, ունենալով բացառիկ բարերար մը՝ յանձին՝ Գէորգ Արապեանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ նուիրատուներ:
Յուլիս 2015 - Բացումը կը կատարուի «Գ. Արապեան»ի շատ գեղեցիկ շէնքին, որ կը գտնուի Սէնի ափերուն (Յակոբեան ճարտական գրասենեակի նախագծումով): Ներկայ կ՚ըլլան Ֆրանսայի եւ Հայաստանի վարչապետերը, Ալֆորվիլի ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս, Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան: Վարչապետ Վալս հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ վարժարանը պիտի գործէ Ազգային կրթութեան հետ պայմանագրով:
Յուլիս 2015 - Բարերար Գ. Արապեան կը յայտարարէ, թէ կը փափաքի 1 միլիոն եւրոյի նուիրատուութիւն կատարել, նպատակ ունենալով մանկապարտէզի երախաներուն համար նոր շէնք մը կառուցել: Մանկապարտէզի դասարանները կը գտնուին աւելի քան երեսնամեայ կանխակառուցեալ (préfabriqué) շինութիւններու եւ հին շէնքին մէջ:
Սեպտեմբեր 2015 - Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու փոխադրութիւնը նոր շէնք:
Մայիս 2016 - Միջնակարգի բացման անհրաժեշտ բոլոր պայմանները կը լրացուին: Ուսանողութեան ապագայի տեսակէտէն՝ կ՚ապահովուի նաեւ մանկավարժական որակի անհրաժեշտ պայմանները: Կ՚որոշուի բանալ միջնակարգը:
AAG-ի Նախագահուհի՝ Քարին Լեռեան
Գանձապահ՝ Լոռան Պարսումեան
Քարտուղարուհի՝ Ծովինար Գեւոնեան
Փոխ-քարտուղար՝ Թիէրի Նոտարեան
«Նոր Յառաջ»