ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի արմատական փոփոխութիւններու մթնոլորտին մէջ՝ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել երկրի օրակարգը։ Շաբաթավերջին Էջմիածին քաղաքին մէջ տեղի ունեցան մեծ խռովութիւններ։ Արցախի պատերազմի հերոսներէն Երկրապահ կամաւորներու միութեան նախագահ եւ երեսփոխան (Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն) Մանուէլ Գրիգորեանի եւ «Դոն Պիպօ» ծածկանունով յայտնի Արթուր Ասատրեանի վաղեմի թշնամութիւնը բռնկեցաւ՝ ծնունդ տալով իսկական գայթակղութեան մը։ Քաղաքին մէջ ցոյցի դուրս եկան երկու անձերու համակիրները կամ պաշտպանները։ Ատեն-ատեն ապրուեցան լարուածութիւններ։ Ոստիկանութիւնը ձեռք առած էր անվտանգութեան խիստ միջոցներ։ Դժուարացաւ քաղաք ելքն ու մուտքը։ Քաղաքէն ներս վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենային նաեւ ցոյցեր՝ որպէսզի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեան հրաժարի իր պաշտօնէն։ Այս վերջինը որդին է Մանուէլ Գրիգորեանի։

Այս բոլորէն վերջ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալեց թէ՛ Մանուէլ Գրիգորեանը եւ թէ Արթուր Ասատրեանը։ Խուզարկումներ կատարուեցան անոնց բնակարաններէն եւ անոնց պատկանող զանազան շէնքերէ ներս։ Այդ խուզարկումներու ընթացքին Մանուէլ Գրիգորեանի պատկանող շէնքերու մէջ յայտնաբերուեցան լուրջ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, յայտնի վաճառանիշերով բազմաթիւ ինքնաշարժեր, ինչպէս նաեւ բանակի համար նախատեսուած սննդեղէն, դեղօրայք, զինուորական զգեստներ եւայլն։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեսանիւթով մը հրապարակեց այդ բոլորը։ Ենթադրութիւնը այն է, որ 2016 թուականի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի ժամանակ ժողովուրդին կողմէ բանակին համար կատարուած հանգանակութիւններուն մէկ մասը ի պահ դրուած է Մանուէլ Գրիգորեանի կողմէ։

Այս ամբողջ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններուն հիման վրայ Հայաստանի պատկան մարմինները ձեռնարկած են հարցաքննութեան։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Էջմիածնի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանն ալ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018