ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՓՈՂՋՈՅՆՆԵՐ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Պոլսահայ մշակութային կեանքին տեսակէտէ շատ կարեւոր իրադարձութեան մը վերածուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի դէպի Հայաստան ուղեւորութիւնը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, «Մարալ» համոյթը անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին այցելեց Երեւան, ուր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ «Մարալ»ի ելոյթը տեղի ունեցաւ Օփերայի երդիքին տակ՝ «Անոնց երգերը պար էին, պարերը՝ երգ» խորագրով։ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած էր այս ձեռնարկը։ Աւելի ճիշդը՝ մօտաւոր անցեալին նոյն շարժառիթով Իսթանպուլի մէջ գործադրուած յայտագիրը կրկնուեցաւ Երեւանի մէջ։ Բայց եւ այնպէս, համոյթին տեսակէտէ կրկնութեան մը բնոյթը չունէր այս ձեռնարկը, որովհետեւ «Մարալ»ի այժմու կազմի գերակշիռ մասը առաջին անգամ հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։

Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանի վերահսկողութեան ներքեւ, «Մարալ» փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց Երեւանի Օփերայի բեմին վրայ՝ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու։ Սրահէն ներս իսկապէս գագաթնային հրճուանք մը ստեղծուեցաւ եւ մարալցիները յաջողեցան գրաւել բոլորին սիրտը։ Սա արդիւնքն էր թէ՛ իրենց բարձր որակով արուեստին եւ թէ հանդիսատեսին հետ անմիջական հաղորդակցութիւն մշակելու կարողութեան։ Այս բոլորին հիման վրայ համոյթը հերթական անգամ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ծանօթ անունի մը՝ Սարգիս Նաճառեանի։ Յայտագրին առանցքը կազմեցին Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի գործերը։ «Մարալ»ին ընկերացած նուագախումբը գլխաւորեց Հայկ Գրիգորեան։ Մեներգներով ծրագրին մասնակցութիւն բերին Էտկար Խաչատրեան եւ Մերի Մնջոյեան։ Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ ասմունքներ՝ մինչ պաստառի վրայ կը կատարուէին ցուցադրութիւններ։

«Մարալ»ի ելոյթը պատուեց Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Դաւիթ Սարգսեան, որ փոխանցեց Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի պատգամը։ Փոխ-նախարարը ինքն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան հակիրճ խօսքով։ Թէ՛ Դաւիթ Սարգսեանի խօսքին եւ թէ Մխիթար Հայրապետեանի պատգամին մէջ բարձր գնահատուեցան պոլսահայութեան ջանքերը՝ հայկական մշակոյթի պահպանման ուղղութեամբ։

Երեկոյթի աւարտին տեղի ունեցան յուշանուէրներու փոխանակումներ։ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլին արժանացաւ Էսաեան սանուց միութիւնը։ Փոխ-նախարար Դաւիթ Սարգսեան մետայլը յանձնեց վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանին, որն ալ իր հերթին, յուշանուէր մը յանձնեց նախարարութեան։ Բաց աստի, Իրիս եւ Կարպիս Չափքան ամոլը պարգեւատրուեցաւ նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանով։

«Մարալ»ի այս ելոյթով արձանագրուած յաջողութիւնը իսկապէս անանտեսելի է իսթանպուլահայ գեղարուեստական կեանքին տեսակէտէ։ Համոյթի անդամները Երեւանի իրենց կարճ կեցութեան ընթացքին ունեցան շատ սահմանափակ ազատ ժամանակ։ Անոնք ընդհանրապէս կատարեցին փորձեր։ Իսկ այդ կարճ ազատ պահերուն մարալցիները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Ծիծեռնակաբերդ։ Համերգին յաջորդած օրուան երեկոյեան ալ անոնք ընթրեցին միասնաբար՝ տօնախմբութեան մը ձեւաչափով, Երեւանի իրենց գործընկերներուն հետ։

Երէկ, երեկոյեան ժամերուն համոյթի անդամները վերադարձան Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018