ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻՊԻԱ

Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիպիա։ Սա անակնկալ այցելութիւն մըն էր, որու ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուեցան վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Սիալայի կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նախընթաց օր Պեշթեփէի համալիրէն ներս բարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած էր՝ Լիպիոյ եւ Միջերկրականի արեւելքի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այդ խորհրդակցութեան յաջորդ օրը արդէն թրքական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Թրապլուս։ Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, որու հետ էին Ելմտական ու գանձի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։

Երէկուան այցելութեան զուգահեռ՝ Թուրքիա այս շրջանին կը խտացնէ նաեւ իր շփումները այն երկիրներու հետ, որոնք ներգրաւուած են Լիպիոյ տագնապին կամ կը շահագրգռուին անով։ Այդ երկիրներու շարքին կը գտնուին Ռուսաստանը եւ Իտալիան։ Մինչ այդ, Թուրք զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներն ալ կը շարունակեն գործունէութիւն ծաւալել Լիպիոյ մէջ։ Անգարա կը նախատեսէ աւելցնել իր զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ այժմու վարչապետի գլխաւորած կառավարութեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2020