ՔԱՆՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖԻԼՄ ՄԸ ԵՒՍ

Բեմադրիչ Ճիվան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Քաննի մէջ։ Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնի աջակցութեամբ ստեղծուած ժապաւէն մը եւս՝ Քաննի շարժանկարի զօրութենական (virtuel) շուկային այս ամիս առաջին անգամ պիտի ներկայացուի գնորդներու եւ փառատօնի կազմակերպիչներուն՝ ֆիլմերու վաճառքի Ֆրանսական գործակալութեններէն MPM Premium-ի միջոցով: Վերջին օրերուն, Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնի մասնակցութեամբ ստեղծուած այլ ժապաւէն մը եւս՝ Նորա Մարտիրոսեանի «Si le vent tombe» գործը ընդգրկուած էր Քաննի միջազգային 73-րդ փառատօնի պաշտօնական ծրագրի «Երկարաժամկէտ առաջին ֆիլմ» անուանակարգին մէջ։ «Դրախտի դարպասը» ֆիլմի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր 2019 թուականի հոկտեմբերին:

«Դրախտի դարպասը» ունի հետաքրքրական նիւթ մը։ Այսպէս, գերմանացի լրագրող Ռոպերթ Սթերնուալ (50 տարեկան) 2016 թուականին կը վերադառնայ Արցախ՝ լուսաբանելու քսաներկու տարուան ընդմիջումէ յետոյ վերսկսած պատերազմը։ Լրագրական հետաքննութեան ընթացքին կը ծանօթանայ օփերայի երիտասարդ երգչուհի Սոֆիա Մարթիի (35 տարեկան) հետ։ Ռոպերթի եւ Սոֆիայի յաճախակի հանդիպումներէն կը ծնի փոխադարձ սէր, սակայն կը պարզուի, որ Սոֆիան անհետացած լուսանկարիչ-լրագրող Էտկար Մարտիրոսեանի աղջիկն է։ 1992 թուականին՝ Թալիշի անկման օրը, Ռոպերթ թողած է գիւղը՝ գերեվարութեան մէջ, ապա իւրացուցած է մարտի դաշտին վրայ անոր ըրած լուսանկարները…։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2020