ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՖՈՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ, այսօր Անթալիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ Դիւանագիտութեան ֆորումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթավերջ։ Համաճարակի հետեւանքով յետաձգուած այս ֆորումին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ արդէն ժամանած է Թուրքիա։ Աշխարհի այլ երկիրներէն ներկայացուցիչներ ալ մասնակցութիւն կը բերեն այս ֆորումին՝ հիւրընկալուելով Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Պաքուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ճէյհուն Պայրամով Անթալիոյ մէջ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ այլ երկիրներու պաշտօնատարներուն հետ կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։

Դիւանագիտական ֆորումի ընթացքին Անթալիոյ մէջ քննարկումներ կը ծաւալուին համաշխարհային օրակարգի հրատապ նիւթերուն, տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու եւ կլոպալ հիմնախնդիրներու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ առանցքային նշանակութիւն կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասը։

«Նորարար դիւանագիտութիւն. նոր շրջան, նոր մօտեցումներ» խորագրեալ ֆորումին մասնակցութիւն կը բերէ 10 պետութեան կամ կառավարութեան ղեկավար եւ 42 երկրէ արտաքին գործոց նախարար։ Բաց աստի, երեք նախկին պետութեան կամ կառավարութեան ղեկավարի առընթեր, 52 միջազգային կազմակերպութեան կողմէ ներկայացուցիչ կամ նախկին կառավարական պաշտօնատար կը հետեւի քննարկումներուն։

Ամէն տարի կազմակերպուելով՝ կայացած նախաձեռնութեան մը վերածուած է այս ֆորումը, որուն դիւանագիտական գետնի վրայ յղում կը կատարուի եւ դարձած է երկխօսութեան հարթակ մը։ Լիագումար նիստերու առընթեր նախատեսուած է յատուկ օրակարգով եւս 15 նիստ։

Միջերկրականի Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջաններուն վերաբերեալ յատուկ նիստերուն զուգահեռ՝ քննարկումներ կը ծաւալուին ուժանիւթի, մարդուժի, գործարար աշխարհի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, երիտասարդութեան նման նիւթերու շուրջ։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021