ԷՐՏՈՂԱՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ՈՃՈՎ ԽՕՍԱԾ Է ՊԱՅՏԸՆԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի վերջին գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Այսպէս, Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալըվըն երէկ Ուաշինկթընի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Էրտողան-Պայտըն տեսակցութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն։ Ըստ իրեն, երկու ղեկավարները լուծում մը չեն կրցած գտնել Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առկայ՝ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու վերաբերեալ տարակարծութիւններուն։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին Անգարայէն եւ Ուաշինկթընէն խումբեր այս նիւթին վերաբերեալ քննարկումները պիտի շարունակեն։

Բաց աստի, Ճէյք Սալըվըն նշեց, որ Էրտողանի եւ Պայտընի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Թուրքիա յառաջատար դերակատարութիւն մը ստանձնէ՝ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քեապիլի օդակայանի անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ։ Ճօ Պայտըն խոստացած է՝ Անգարայի կողմէ այս պաշտօնի իրականացման ճանապարհին ապահովել անհրաժեշտ ամբողջ աջակցութիւնը։

Ուաշինկթընի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած այս հաղորդումներուն առընթեր, տեղական մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ Էրտողան-Պայտըն զրոյցի բովանդակութեան զանազան մանրամասնութիւններուն։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահը ամերիկացի պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ ընդգծած է, որ «Ս-400» հրթիռներու հարցին շուրջ Թուրքիայէն որեւէ քայլ պէտք չէ ակնկալել։ Բաց աստի, Էրտողան վճռականօրէն անդրադարձած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին։ Ըստ իրեն, Թուրքիա միշտ պաշտպանած է այն համոզումը, թէ լաւ կամ վատ ահաբեկիչի խտրականութեամբ, երկդիմի դիրքորոշումով անկարելի է ահաբեկչութիւնը ոչնչացնել։ Ըստ Էրտողանի, ահաբեկչութեան թիրախը դարձած դաշնակցի մը կողքին դիրք գրաւելու փոխարէն՝ այդ դաշնակցի պայքարած ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նախընտրուիլը պատմական սխալ մը եղած է։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021