ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ՀՏՓ-Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՇԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. ԶՈՀ ՄԸ

Իզմիրի մէջ երէկ յարձակում մը գործուեցաւ ՀՏՓ կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղի շէնքին վրայ։ Այս յարձակումը կատարեց Օնուր Կենճէր անունով անձ մը, որ առողջապահական համակարգի նախկին աշխատակից մըն է։ Տեղական մամուլը կը նշէ, որ ընկերային ցանցերու վրայ տեղ գտած են բազում դրուագներ, ուր ան կ՚երեւի զէնքն ի ձեռին։ ՀՏՓ-ի Իզմիրի մասնաճիւղի շէնքէն ներս ան ատրճանակով սպաննած է Տենիզ Փոյրազը, որ կ՚աշխատէր թէյասպասարկման կէտին մէջ։ Սա շատ ցաւալի երեւոյթ մըն էր՝ մանաւանդ այդ երիտասարդուհին միայն օրուան մը համար կը փոխարինէր մայրը՝ Ֆեհիմէ Փոյրազը, որ անհանգստացած էր։

Օնուր Կենճէր ապակիները կոտրելու առընթեր փորձած է նաեւ հրկիզել կուսակցութեան շէնքը։ Ան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ձերբակալուած է։

Մինչ ՀՏՓ-ի ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ սա կազմակերպուած ու ծրագրաւորուած դէպք մըն էր, քաղաքական շրջանակներն ալ պախարակեցին պատահարը։ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ յարձակումը դատապարտեց ու նշեց, որ սա խափանարարութիւն մըն է՝ Թուրքիոյ անդորրը խանգարելու ուղղուած։ ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիք եւս անիծեց դէպքն ու ոճրագործութիւնը։ Ըստ իրեն, Թուրքիա երբեք տեղի պիտի չտայ այնպիսի խափանարարութիւններու, որոնք կը ձգտին խանգարել իր անդորրն ու անվտանգութիւնը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ իրաւապահ մարմինները եւ արդարադատութեան համակարգը պիտի բացայայտեն այս դէպքը։

Հակազդեցութիւններուն միացան նաեւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու, ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի եւ «Իյի» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշենէր։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021