ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. «ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ՍԽԱԼԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻՔ»

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այսօր պատգամով մը հանդէս եկաւ՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ։ «Այս անգամ սխալելու իրաւունք չունինք», ընդգծեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ կը գլխաւորէ ընդդիմադիր «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութեան ցուցակը։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ուղերձին մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Սիրելի ժողովուրդ, սիրելի հայրենակիցներ,

Մեր հայրենիքը այսօր կանգնած է ճակատագրական երկընտրանքի առջեւ, այն է՝ ընտրութիւն կատարել պետականութեան կայունութեան վերականգնման եւ ճգնաժամային իրավիճակի խորացման միջեւ։

Նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքը ցոյց կու տայ, որ այն ծայրայեղական ուժերը, որոնք կը հակամարտին, առայժմ ընտրած են երկրորդ՝ ճգնաժամի խորացման ճանապարհը։

Երկրի ապագայի վերաբերեալ այս ուժերը ըսելիք եւ ընելիք չունին։ Անոնց լաւատեսական խոստումներն ու գեղեցիկ ծրագրերը լոկ շղարշ են իրենց բուն մտադրութիւնները թաքցնելու եւ ժողովուրդը խաբելու համար։ Իսկ իրական նպատակը մէկն է՝ որեւէ գնով տիրել իշխանութեան եւ վրէժ լուծել հակառակորդներէն՝ օգտագործելով իրենց վարչական, ելմտական, լրատուական եւ քրէական հսկայական լծակները՝ չխորշելով նոյնիսկ բախումներէ եւ քաղաքացիական պատերազմի հրահրման բացայայտ սպառնալիքներէ։

Ուստի՝ բոլորի համար ալ պէտք է հասկնալի ըլլայ, որ անոնց մօտ ի սպառ կը բացակայի պետական շահու գիտակցումը։ Իսկ սա կը նշանակէ, որ այն քաղաքացիները, որոնք իրենց կամքով կամ հարկադրաբար կը քուէարկեն այդ ուժերէն որեւէ մէկու օգտին, ըստ էութեան, մասնակից կը դառնան մեր երկրի իրավիճակի ապագայ վատթարացման։

Այս պարագային կրնաք հարցնել՝ իսկ ո՞րն է ելքը։ Ելքը միակն է՝ ձեր ձայնը տուէք Հայ ազգային քոնկրէսին եւ այսպէսով դուք խորհրդարանէն ներս կ՚ապահովէք ծանրակշիռ ներկայացուածութիւնը այնպիսի սկզբունքային, իրատես քաղաքական ուժի մը, որ ի վիճակի կ՚ըլլայ զսպել հակամարտող անհաշտ ճամբարներու վտանգաւոր նկրտումներն ու ծայրայեղ քայլերը։

Քարոզարշաւի ընթացքին մենք լիովին կատարած ենք այդ դերը եւ այսուհետեւ ալ նոր ձեւաւորուելիք խորհրդարանին մէջ, պատրաստ ենք շարունակելու զայն՝ մեր ժողովուրդը նորանոր փորձանքներէ եւ ողբերգութիւններէ հեռու պահելու համար։

Ես կը հաւատամ ձեր ողջախոհութեան եւ վճռական պահերուն ճիշդ որոշում կայացնելու ձեր ընդունակութեան։ Այս անգամ դուք սխալելու իրաւունք չունիք։

Շնորհակալութիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021