ՆՈՒՐԲ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացած մնալ Հարաւային Կովկասի վրայ՝ մինչ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ իր ազդեցութիւնը գագաթնակէտին հասած է տարածքաշրջանէ ներս։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի՝ վերջին օրերու դէպի Ատրպէյճան պաշտօնական այցելութեան լոյսին տակ օրակարգի վրայ կու գան զանազան տուեալներ, որոնք ազդանշաններ կը բովանդակեն թրքական կողմի յառաջիկայ առաջնահերթութիւններուն առումով։ Նախագահ Էրտողան Պաքուէ վերադարձին յայտնեց, որ կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային դէմ առ դէմ հանդիպում մը ունենալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ Փութինի հետ պիտի քննարկէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը։ Սա նուրբ ակնարկութիւն մը կը համարուի, որովհետեւ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ այս հարցը ունի այնպիսի երեսակներ, որոնք կը տագնապեցնեն Հայաստանը։ Էրտողանի Ատրպէյճան կատարած այցելութեան ընթացքին հրապարակուած Շուշիի հռչակագրին մէջ ալ ակնյայտօրէն տեղ գտած է այս նիւթը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պաքուէ վերադարձին Էրտողան ընդգծեց, որ Ռուսաստան մտադիր չէ խոչընդոտել «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծումը։ Ըստ Էրտողանի, յառաջիկային Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս Փութինի հետ պիտի տեսակցի այս նիւթին շուրջ։ Էրտողանի խօսքով՝ հիմա ամէն ինչ սահմանափակուած է Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի համաձայնութիւնով, որ ունի հինգ տարուայ ժամկէտ մը։ Թրքական կողմը կը փափաքի «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծն ալ իրականացնել այդ նոյն ժամկէտին մէջ։ «Մենք այս նախագիծը շատ կարեւոր կը համարենք։ Չեմ կարծեր, թէ Ռուսաստանի մօտ ըլլան այդ հարցի վերաբերեալ տարակարծութիւններ կամ ծրագիրը խոչընդոտելու մտադրութիւն։ Ընդհակառակն, Ռուսաստան շատ դրական տրամադրուած է միջանցքի հարցին մէջ», ըսաւ Էրտողան «NTV»ին տուած հարցազրոյցին մէջ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Շուշիի վերջին հռչակագրին հիման վրայ Էրտողան չի բացառեր Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմախարիսխի մը ստեղծումը։ Ան այժմու առաջնահերթութիւնը համարած է Ատրպէյճանի սահմաններու ամբողջ երկայնքով անվտանգութեան ապահուվուիլը։

Երեւանի ղեկավարութիւնը արձագանգեց Անգարայէն եւ Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւններուն։ Թէեւ այս պահուն՝ մանաւանդ այժմու իշխանութիւնով Հայաստան իրադարձութիւններուն վրայ ազդու միջամտութիւն մը կատարելու հնարաւորութիւնը այնքան ալ չունի, սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ հաղորդակցութիւններու բացման համատեսքին մէջ որեւէ ինքնիշխան տարածքի կարգավիճակի փոփոխութիւն բացառուած է։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութեան մէջ ալ նախօրէին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հրապարակուած Շուշիի հռչակագիրը որակուեցաւ սադրանք։ Ըստ նախարարութեան, այդ փաստաթուղթին մէջ «ցեղային անվտանգութեան» մօտեցում մը կ՚ընդգծուի, ինչ որ յառաջ կը մղուի՝ որպէս թրքական աշխարհի միաւորման սկզբունք։ Այս հայատեացութեան համատեսքին մէջ տարածքաշրջանային համագործակցութեան ուղղեալ առաջարկները Երեւանի կողմէ նկատուած են երեսպաշտութիւն եւ ապակողմնորոշիչ։

Շուշիի հռչակագրին արձագանգեց նաեւ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ իրենք ճիշդ չեն համարեր Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ երրորդ կողմերու Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն խառնուիլը։ Ռուսական կողմը այս հիման վրայ կը դիտարկէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարձր մակարդակի վերջին շփումները։ «Տարածքաշրջանէ ներս երկկողմանի կապերը պէտք չէ կառուցուին այլ պետութիւններու դէմ», ըսաւ ան։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ հարցերուն։ Ան յիշեցուց, որ Մոսկուա կողմնակից է «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով գերիներու փոխանակման գործընթացի աւարտին՝ առանց որեւէ նախապայմանի։ Ռուսական կողմը կարեւոր կը համարէ այլ մարդասիրական խնդիրներու լուծուիլը՝ մասնաւորապէս ականազերծման եւ ականապատ գօտիներու քարտէսներու տրամադրման առընչութեամբ։ Զախարովա պնդեց նաեւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ լարուածութիւնը կը նուազի։ Ռուսաստանի միջնորդական աշխոյժ ջանքերը կը շարունակուին՝ իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով։ Ան անհրաժեշտ նկատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւորինս արագ սահմանազատման գործընթացի սկսիլը։

Այս շրջանին Մոսկուայի միջազգային բոլոր շփումներուն ընթացքին անփոփոխ օրակարգ դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն Ժընեւի մէջ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի հետ տեսակցելէ վերջ ընդունուեցաւ նաեւ Զուիցերիոյ նախագահ Կի Փարմելէնի կողմէ։ Զուիցերական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները դռնբակ ձեւաչափով անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Իսկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նոյն հարցը այս օրերուն կը շօշափէ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ։

Միւս կողմէ, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարներուն՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։ Նախարարները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրադրութեան հանգուցալուծման ուղիները։ Ըստ Յարութիւնեանի, հայկական կողմը յարգանքով կը վերաբերի այն կոչերուն, որոնք գործընկեր պետութիւններու եւ կառոյցներու կողմէ կը հնչեցուին խնդրի խաղաղ կարգաւորման համար։ Ան ընդգծեց, որ հայկական կողմի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ. Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ներկայացուցիչները առանց որեւէ նախապայմանի պէտք է լքեն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները։

Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու քննարկեցին նաեւ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու՝ Ատրպէյճանի սահմանակից հատուածներէն ներս հայկական զինեալ ուժերու հետ միասին Ռուսաստանի սահմանապահներու տեղակայման վերաբերեալ հարցեր։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախէ ներս Ռուսաստանի խաղաղարար զօրախումբի առաքելութեան ընթացքին, պաշտպանական ոլորտէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային հիմնախնդիրներու վերաբերեալ շարք մը նիւթերու։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021