ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ Հա­յաս­տա­նէն հա­սան մտա­հո­գիչ լու­րեր։ Ար­դա­րեւ, մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի մէջ յա­ռա­ջա­ցած է լա­րուա­ծու­թիւն մը, որ կը շա­րու­նա­կուի նաեւ այ­սօր։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կե­լով տե­ղե­կա­ցուց, թէ ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն խումբ մը զի­նեալ ան­ձեր մուտք գոր­ծած են Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան (ճա­նա­պար­հա­յին ոս­տի­կա­նու­թեան բա­ժան­մունք) գուն­դի տա­րած­քը եւ բռնու­թեան սպառ­նա­լի­քով գե­րե­վա­րած՝ այն­տեղ գտնուող ան­ձե­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­նոնց կողմ­նա­կից­նե­րը զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րով եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցաւ պար­բե­րա­բար տա­րա­ծած են ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւն՝ զի­նեալ ապս­տամ­բու­թեան ձեռ­նար­կե­լու, զա­նա­զան շէն­քեր գրա­ւե­լու մա­սին։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս հեր­քեց այդ պնդում­նե­րը ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան մար­մին­նե­րը կը գոր­ծեն բնա­կա­նոն, իսկ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը յա­ւուր պատ­շա­ճի կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն օ­րէն­քով ի­րենց վե­րա­պա­հուած հա­սա­րա­կա­կան կար­գի պահ­պա­նու­թեան եւ պե­տա­կան անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուե­ցաւ, թէ այդ զի­նեալ ան­ձե­րուն հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը տա­րուին՝ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ա­նոնց խա­ղաղ յանձ­նուի­լը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ հա­ւաս­տիա­ցուե­ցաւ, որ այս ու նման բո­լոր ա­պօ­րի­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­յա­պաղ պի­տի խա­փա­նուին ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն կող­մէ եւ այդ բո­լո­րին ձեռ­նար­կած ան­ձե­րը պի­տի վնա­սա­զեր­ծուին եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան պի­տի են­թար­կուին Հա­յաս­տա­նի օ­րէնսդ­րու­թեամբ սահ­մա­նուած կամ­քով։

Այս պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան զու­գա­հեռ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րէն յայտ­նի դար­ձաւ, որ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» կո­չուած խմբա­ւո­րու­մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ վե­րո­յի­շեալ ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քը՝ պա­հան­ջե­լով իր ան­դամ­նե­րէն Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձա­կուի­լը։ Հարկ է նշել, որ նախ­կին ա­զա­տա­մար­տիկ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեան մի­ջոց մը ա­ռաջ ձեր­բա­կա­լուած էր՝ զա­նա­զան ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րու մե­ղադ­րան­քով, նե­րա­ռեալ ա­պօ­րի­նի զէնք ու զի­նամ­թերք պա­հե­լու մե­ղադ­րանք­նե­րով։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» կո­չուած խմբա­ւոր­ման ան­դամ­նե­րէն ո­մանք ըն­կե­րա­յին ցա­նցե­րու մի­ջո­ցաւ հան­դէս ե­կան կո­չե­րով, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը հա­մախմ­բուի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ։ Այդ կո­չե­րուն հի­ման վրայ ո­րոշ ընդ­դի­մա­դիր­ներ դուրս ե­կան հրա­պա­րակ, մինչ այդ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­ներն ալ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին ընդ­դի­մու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն՝ Ե­րե­ւա­նի, Կիւմ­րիի եւ Վա­նա­ձո­րի մէջ։

Շու­տով պաշ­տօ­նա­կան լրա­հո­սին վրայ յայտ­նուե­ցաւ այն լու­րը, թէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան խորհր­դակ­ցու­թիւն մը կա­տա­րած էր ի­րա­ւա­պահ հա­մա­կար­գի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը Սերժ Սարգ­սեա­նին զե­կու­ցե­ցին վաղ ա­ռա­ւօտ ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զի­նեալ մի­ջա­դէ­պին հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին եւ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած մի­ջոց­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Ընդգ­ծուե­ցաւ, որ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ կը վե­րահս­կեն ի­րա­վի­ճա­կը եւ անհ­րա­ժեշտ բո­լոր քայ­լե­րուն կը ձեռ­նար­կեն հան­գու­ցա­լուծ­ման հաս­նե­լու հա­մար։

Ամ­բողջ հան­րա­յին կար­ծի­քի վառ հե­տաքրք­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէն սկսան հնչել կո­չեր։ Ա­չա­լուրջ շրջա­նակ­ներ յայտ­նե­ցին, թէ քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րը զէն­քով ու բռնու­թեամբ լու­ծե­լու փոր­ձե­րը կոր­ծա­նիչ կրնան ըլ­լալ երկ­րին հա­մար եւ Հա­յաս­տան կրնայ վնաս կրել այդ բո­լո­րէն։ Կո­չե­րու մթնո­լոր­տին մէջ հա­սան նաեւ ցա­ւա­լի լու­րեր։ Ար­դա­րեւ, սպան­նուած էր բարձ­րաս­տի­ճան ոս­տի­կան մը՝ գնդա­պետ Ար­թուր Վա­նո­յեան։ Զի­նեալ խում­բին կող­մէ ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րուած են նաեւ եր­կու ոս­տի­կան­ներ, ո­րոնք հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուե­ցան ո­րոշ յա­պա­ղու­մով։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ քա­ղա­քա­կան կեան­քէն ո­րոշ ու­ժեր նաեւ ո­րոշ զօ­րակ­ցու­թեամբ վե­րա­բե­րուե­ցան «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ին նկատ­մամբ։ Ա­նոնց շար­քին էին Ռաֆ­ֆի Յով­հան­նի­սեա­նի «Ժա­ռան­գու­թիւն» կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի «Քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գիր»ը։ Ե­րե­ւա­նի Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցը, ուր կը գտնուի այդ ոս­տի­կա­նա­կան բա­ժան­մուն­քը, ա­նո­րոշ ժա­մա­նա­կով ար­դէն փա­կուած է եր­թե­ւե­կու­թեան։

Հա­յաս­տա­նի Մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նի գրա­սե­նեակն ալ այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ շարժ­ման ան­ցաւ ան­մի­ջա­պէս։ Կա­տա­րուած ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րուն շուրջ այդ գրա­սե­նեա­կին հա­սան դի­մում­ներ, ո­րոնց հի­ման վրայ սկսան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ։ Գրա­սե­նեա­կը տե­ղե­կա­ցուց, որ օ­րուան ըն­թաց­քին ձեր­բա­կա­լուած­նե­րէն յի­սու­նը ար­դէն ա­զատ ար­ձա­կուած է։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծինն ալ ող­ջա­խո­հու­թեան կոչ ուղ­ղեց զի­նեալ յար­ձա­կու­մը ի­րա­գոր­ծած ան­ձե­րուն։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նու­թիւ­նը խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նե­ցին յար­ձակ­ման բե­րու­մով։ Նշուե­ցաւ, թէ զո­հուած է ոս­տի­կան մը ու կան վի­րա­ւոր­ներ, նե­րա­ռեալ յար­ձա­կու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ան­ձե­րէն։ Կան նաեւ պա­տանդ­ներ։ Մայր Ա­թո­ռի մամ­լոյ դի­ւա­նին կող­մէ տա­րա­ծուած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ նշուե­ցաւ հե­տե­ւեա­լը. «Զի­նեալ ծայ­րա­յե­ղա­կան նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չու­նին ար­դա­րա­ցում։ Այ­սօր մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­մախմ­բուա­ծու­թիւ­նը, հա­մազ­գա­յին հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը եւ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը կեն­սա­կան են ու հրա­մա­յա­կան՝ մեր երկ­րի սահ­ման­նե­րը ա­նա­ռիկ պա­հե­լու եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը ա­մուր եւ ա­պա­հով պահ­պա­նե­լու հա­մար»։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ յար­ձա­կու­մը ի­րա­գոր­ծած ան­ձե­րուն յոր­դո­րուե­ցաւ ի­րա­վի­ճա­կը հան­գու­ցա­լու­ծել բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով, խու­սա­փե­լու հա­մար մարդ­կա­յին նոր կո­րուստ­նե­րէ։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յանձ­նա­րա­րա­կան տուած է Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան հո­գե­ւոր խորհր­դա­տու Տ. Ա­ռա­քել Արք. Քա­րա­մեա­նին՝ մշտա­պէս կա­պի մէջ մնալ ի­րա­ւա­պահ­նե­րուն հետ, ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն հե­տե­ւիլ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ու այդ բո­լո­րին շուրջ զե­կու­ցել պար­բե­րա­բար։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը այս ա­ռա­ւօտ ալ հան­դէս ե­կաւ հեր­թա­կան յայ­տա­րա­րու­թեամբ ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ մե­ծա­քա­նակ ռազ­մամ­թերք ու­նե­ցող ա­հա­բե­կիչ­նե­րը վտանգ կը ներ­կա­յաց­նեն պա­տանդ­նե­րուն եւ հան­րու­թեան հա­մար։ Ե­րէկ գի­շեր ոս­տի­կան մը եւ քա­ղա­քա­ցի մը ա­զատ ար­ձա­կուած են։ Այ­դու­հան­դերձ, զի­նեալ խում­բը կը հրա­ժա­րի յանձ­նե­լէ միւս պա­տանդ­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին բարձ­րաս­տի­ճան ոս­տի­կան­ներ։ Խում­բը նաեւ կը մեր­ժէ թո­ղուլ զէն­քե­րը եւ յանձ­նուիլ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։ Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը կը ձեռ­նար­կեն հնա­րա­ւոր եւ հա­սա­նե­լի բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն՝ ի­րա­վի­ճա­կին խա­ղաղ հան­գու­ցա­լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Սա­կայն ստեղ­ծուած պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ սա կրնայ ան­բա­ւա­րար ըլ­լալ։ «Ուս­տի ան­գամ մը եւս կը յոր­դո­րենք զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րուն ձեռն­պահ մնալ նոր զո­հե­րու եւ այլ ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու յղի յան­ցա­ւոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ եւ դադ­րեց­նել զի­նեալ դի­մադ­րու­թիւ­նը։ Ա­սոր հա­մար տա­կա­ւին կայ ժա­մա­նակ եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն», ը­սուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։   

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016