ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԴՊՐՈՑ

Երեւանի մէջ ներկայ ամրան եւս կը շարունակուին սփիւռքահայ կրթական մշակներու վերապատրաստման դասընթացքները։ «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանէն ներս, ըստ էութեան, կ՚ընթանան համապատասխան ծրագրերը։ Երէկ, վերոյիշեալ համալսարանի երդիքին տակ, Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան տեսակցեցաւ սփիւռքահայ կրթական մշակներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն՝ սփիւռքահայ համայնքներէ ներս հայապահպանութեան միտուած առաքելութեան համար։ Իր խօսքերով, այս տարի վերապատրաստման մասնակից ուսուցիչներու աշխարհագրութիւնը ընդլայնուած է։ Սփիւռքահայ կրթական մշակներու կրթական ծրագիրը շատ հեռանկարային է, հետեւաբար կարեւոր է ճիշդ բանաձեւ մը գտնելը՝ հայեցի կրթութեան հիմնահարցերը փոխանցելու Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն։ «Սփիւռքի զանազան համայնքներէն ներս կան որակապէս տարբեր վիճակներ. իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնը, հետեւաբար չի կրնար ըլլալ մէկ ծրագիր բոլորին համար։ Մեր աւանդական դպրոցական ծրագրերով այլեւս հնարաւոր չէ չորրորդ սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը իրականացնել եւ հայագիտական առարկաներու պարագային հետաքրքրութեան պակասը նաեւ համապատասխան մեթոտներու եւ ծրագրի պակասի հետեւանքն է», ըսաւ նախարարը։

Զրոյցի տեւողութեան Լեւոն Մկրտչեան սփիւռքահայ կրթական մշակներուն առաջարկեց ստեղծել ընկերակցութիւն։ Այսպէսով կարելի կրնայ ըլլալ համակարգուած կապեր ապահովել անոնց միջեւ։ Լեւոն Մկրտչեան տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստանի Կրթական փորձագիտութիւններու ազգային կեդրոնէն ներս մինչեւ Հոկտեմբեր պիտի ստեղծուի առցանց բաց հարթակ մը, ուր բոլոր ուսուցիչները պիտի կարենան բաժնել իրենց առաջարկներն ու դիտողութիւնները։

Միւս կողմէ, նոյն հաւաքոյթի ընթացքին Լեւոն Մկրտչեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի պահպանութեան ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերուն մասին։ Ըստ իրեն, այս ամբողջին մէջ կը նախատեսուի ստեղծել արեւմտահայերէն դպրոց մը։ «Արեւմտահայերէնը ունի աջակցութեան կարիք, զոր պէտք է իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Կը մտածենք Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն դպրոց բանալու ուղղութեամբ։ Այնտեղ պիտի կարողանանք արեւմտահայերէնի ամբողջական ծրագիր մը իրականացնել՝ ոչ միայն հայագիտական ուղղութիւններով, այլ նաեւ բնագիտական առարկաներով։ Հիմա կը փնտռենք ներդնող մը՝ դպրոցներէ մէկու կողքին ստեղծելու համար հանրակացարան մը, ուր կրնան ապրիլ սփիւռքահայերը», ըսաւ Լեւոն Մկրտչեան եւ աւելցուց, որ կարելի է սկսիլ նաեւ ուսումնասիրութեան մը՝ երկու ճիւղերու ուղղագրութիւններու մերձեցման, հեռանկարներու եւ այլ հարցերու մասին։ 

Միւս կողմէ, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները երէկ այցելեցին Հայաստանի Ազգային ժողով, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ։ Կրթական մշակները զրուցեցին Հայաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի հետ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017