ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՎԱԶՔ»

Երեւանի մէջ Գունազարդ տօնը այս տարի կայացաւ Յուլիս 16-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Երեւանեան «Գունազարդ վազք»ին մասնակցեցաւ շուրջ 2000 հոգի: Ընդլայնուած էր մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը․ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով վազքին մասնակցեցան Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ յաւակնորդներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, նախագծին հիմնադիր-նախագահը՝ Ղազար Յակոբեան շեշտած է, որ փորձած են միաւորել մարդիկը վազքի շուրջ, զարգացնել մարզական զբօսաշրջութիւնը: «Այս տարի փոփոխութիւնները շատ են. առաջին անգամ կ՚իրականացնենք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ընդլայնուած են բարեգործական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ բազմացած է մասնակիցներուն թիւը: Մասնակիցները տարբեր տարիքի են, կան մինչեւ 55 տարեկաններ, նոյնիսկ 14 տարեկանէն փոքր երախաներ, որոնց մասնակցութիւնը նախօրօք համաձայնեցուցած ենք ծնողներուն հետ», ըսած է ան։

Ըստ Յակոբեանի՝ մասնակիցներուն թիւը տարուէ տարի կ՚աճի, որ կը նշանակէ, թէ իսկապէս հետաքրքրութիւն կայ այս նախաձեռնութեան նկատմամբ: Յառաջիկայ տարիներուն պիտի փորձեն աւելի ու աւելի հետաքրքրական դարձնել տօնը:

Մասնակիցներէն Միլենա Խաչատրեան, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի «Գունազարդ վազք»ին՝ պարային խումբի ընկերներուն հետ՝ ըսած է. «Հաճելի է տեսնել, որ մարդիկ այսքան աշխոյժ են: Կը կարծեմ՝ մարզանքը շատ կարեւոր է: Ոգեւորիչ է նաեւ այն փաստը, որ հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեգործական նպատակու»:

Նախ կատարուեցաւ մասնակիցներու հաւաքագրումը, այնուհետեւ ֆիթնես-նախավարժանք, վազք եւ լաւագոյն վեց վազորդներու պարգեւատրում: Վազքուղին 5 քիլօմեթր էր՝ Հանրապետութեան հրապարակէն Վազգէն Սարգսեան, Իտալիոյ, Պէյրութի, Ամիրեան փողոցներ, Մաշտոցի պողոտայ, Իսահակեան, Նալպանտեան փողոցներով մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ:

Յաղթող տղաքը հետեւեալներն են. Մելիքսէթ Կարապետեան, Անդրանիկ Մարգարեան, Մհեր Մաշումեան: Մասնակից երիտասարդուհիներէն երրորդ հանդիսացաւ Էլէն Յովհաննիսեան, երկրորդ՝ Կարինէ Աւետիսեան, իսկ առաջին՝ Նիւ Եորքէն  Սառա Ֆանթէյն:

Այս վերջինը, նման վազքերու շատ մասնակցած է, բայց այս մէկը իր ամենասիրելին է: «Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը վազէի եւ իսկապէս շատ զուարճացայ: Մասնակցելու համար խորհուրդ տուած էին գործընկերներս, որոնք մասնակցած էին նաեւ անցեալ տարի: Ինծի շատ հաճելի էր գոյները, մարդիկ: Յաջորդ տարի անպայման նորէն պիտի մասնակցիմ», ըսած է Սառա Ֆանթէյն:

Յաղթողներուն համար նուէրներ  պատրաստած էին նախաձեռնութեան հովանաւորները, իսկ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն նուիրեց զբօսաշրջային ծրագիր: Ապա տեղի ունեցաւ գունային ու երաժշտական հրավառութիւն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017