ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան նախընթաց օր ընդունած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ամառնային մասնագիտական փորձառութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս ճանաչողական այցով տարբեր երկիրներէ Արցախ ժամանած խումբ մը հայ ուսանողներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Կարէն Միրզոյեան հիւրերուն ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ պետականաշինութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները։ Կարէն Միրզոյեան բարձր գնահատած է ՀԲԸՄ-ի հայանպաստ գործունէութիւնը եւ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ անոր կողմէ իրականացուող ծրագրերը։
Հանդիպման աւարտին Կարէն Միրզոյեան պատասխանած է ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն, արտաքին քաղաքական ասպարէզէն ներս առկայ մարտահրաւէրներուն եւ տարածքաշրջանային խնդիրներուն։