ՎԵՐԱՊԱՀ ԵՒ ԶԳՈՅՇ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ չի բացառուիր յառաջիկայ աշնան իր տեսակցութիւնը Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախընթաց օր ծաւալուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ «Արմենիա» հեռուստակայանէն։ «Ռ-Էվոլուցիա» հաղորդման ընթացքին ան պատասխանեց յայտնի մեկնաբան Սաթիկ Սէյրանեանի հարցումներուն։ Այս հարցազրոյցին ընթացքին Սերժ Սարգսեան կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Իր խօսքերով, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հաւանական հանդիպման մասին սկզբնական համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու տարածքաշրջանային այցելութեան ընթացքին։
«Անոնք հարցուցին բարձր մակարդակով հանդիպում կազմակերպելու վերաբերեալ մեր դիրքորոշման մասին։ Մենք պատասխանեցինք հետեւեալը. «Առանձնապէս ակնկալութիւններ չունինք այդպիսի հանդիպումներէն, որովհետեւ այդպիսի հանդիպումները պէտք է նախապատրաստուին, իսկ նախապատրաստական աշխատանքը կ՚ենթադրէ յստակ առաջարկներու մասին դիրքորոշում, այդ աշխատանքը չկայ, բայց այդուհանդերձ մենք դէմ չենք որեւէ հանդիպման եւ մշտապէս պատրաստ ենք հանդիպելու։ Ակըն-կալութիւններս այդ հանդիպումէն մեծ չեն եւ այդ հանդիպումը կրնայ կայանալ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, որ 2016-ի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն յետոյ հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն մէջ որեւէ նոր մօտեցում չկայ։ Սարգսեանի խօսքերով, դիրքորոշումներու մէջ փոփոխութիւն՝ գոնէ հայկական դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն չ՚ենթադրուիր։ «Ինչ կը վերաբերի զիջումներուն, վերջին քսան տարիներու ընթացքին մենք որեւէ ձեւով, որեւէ տեղ, որեւէ կերպով չենք խօսած զիջումներու մասին։ Մենք մշտապէս խօսած ենք եւ հիմա ալ կը շարունակենք խօսիլ հարցի լուծման փոխզիջումային տարբերակի մասին։ Ասոնք տարբեր բաներ են։ Եւ ես վստահ եմ, որ եթէ այս խնդիրը, եթէ քսան տարի ալ լուծում չստանայ, ապա հայկական կողմի մօտ երբեք պիտի չըլլայ զիջումներու միջոցաւ իրավիճակի թեթեւացման երթալու ցանկութիւն։ Որովհետեւ սա կործանարար ճանապարհ մըն է եւ սա երբեք չի կրնար լուծել խնդիրները», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ մանրամասնեց, որ ինչո՛ւ հայկական կողմի դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւններու պատճառ մը չկայ։ Այս ամբողջին մէջ քանի մը սկզբունք առանձնացնելով Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Ակնյայտ է հայկական կողմի փափաքը, հայկական կողմի նպատակը. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը ի վերուստ տրուած իրաւունք մըն է, միջազգային կառոյցներու կանոնադրութեամբ նախատեսուած իրաւունք է, միջազգային իրաւունքի կողմէ ընդունուած սկզբունք է եւ այդ մէկը պէտք է իրացուի։ Սա կարեւորագոյն կէտերէն մին է։ Երկրորդ կէտը. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ ցամաքային սահման Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Սա երկրորդ սկզբունքային դիրքորոշումն է։ Եւ երրորդ սկզբունքային դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ անվտանգութեան վստահելի երաշխիքներ։ Եւ այս քսան տարիներու ընթացքին մենք խօսած ենք միայն այս խնդիրներուն շուրջ»։ Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը պարտադիր է՝ սկզբունքներու շուրջ ձեւաւորուող փաստաթուղթին։
Հարցազրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան մատնանշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շատ յստակ գիտեն, թէ ո՛ր կողմը լարուածութեան տեղի կու տայ։ Նախագահին խօսքերով, անոնց տեսակէտէ որեւէ կասկած չկայ, անոնք շատ յստակ գիտեն, թէ ո՛ր կողմը տեղի կու տայ լարուածութեան, ո՛ր կողմը կը խախտէ հրադադարը եւ որ կողմը կ՚ըլլայ նախայարձակ։ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ այն դիտարկումներուն, թէ Մինսքեան խմբակը կամ միջազգային հանրութիւնը հաւասարութեան նշան կը դնեն։ Ան չի բաժներ այդ կարծիքը։ Սարգսեան շարունակեց. «Առնուազն երեք անգամ շատ յստակ ի ցոյց դրուած էր, թէ ո՛ր կողմը կը խախտէ հրադադարի դրութիւնը եւ այլապէս ինչպէս պէտք է վարուի Մինսքեան խմբակը կամ միջազգային հանրութիւնը։ Ամէն անգամ մատնացոյց ընելով Ատրպէյճանը, իսկ բոլորը համոզուած են, կրնաք վստահ ըլլալ, թէ խախտող կողմը Ատրպէյճանն է, ես քիչ յետոյ նաեւ կ՚անդրադառնամ այդ մէկուն, բայց իրենք ինչպէս պէտք է վարուին ամէն անգամ մատնացոյց ընելով Ատրպէյճանը՝ սա կը նշանակէ խրախուսել հայկական կողմը՝ շատ աւելի կոշտ պատասխան տալ կամ շատ աւելի լուրջ միջոցներու ձեռնարկել։ Անկեղծ խօսքով, ես անգամ մը կիսապաշտօն միջավայրի մէջ երկար զրոյց ունեցած եմ համանախագահ երկիրներէն մէկուն ներկայացուցիչին հետ եւ ըսած եմ՝ ինչո՞ւ դուք յստակ մատնացոյց չէք ըներ՝ ան ըսաւ, գիտէք, յստակ մատնացոյց ընելու պարագային մենք կրնանք կողմ դառնալ եւ բոլորը կըր-նան մտածել, որ մենք հայամէտ քաղաքականութիւն կը վարենք։ Իսկ մեր խնդիրն է բանակցային գործընթացը շարունակել, որովհետեւ բանակցային գործընթացին համար այլընտրանք չկայ, բանակցային գործընթացի այլընտրանքը ռազմական գործողութիւններն են, ինչ որ ցանկալի չէ նաեւ մեզի համար, գուցէ առաջին հերթին մեզի համար, որովհետեւ մեր սպայի կեանքը, մեր զինուորի կեանքը շատ թանկ են մեզի համար»։
Խօսելով Յուլիսի 4-ին տեղի ունեցած շփման գծի արիւնալի իրադարձութիւններուն մասին՝ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ չի համարեր, թէ սա նոր փուլ մըն է հակամարտութեան ընթացքին, որովհետեւ շփման գծի վրայ լարուածութիւնը վաղուց հաստատուած է։ Դժբախտաբար, մերթ ընդ մերթ կ՚ըլլան տեղային նշանակութեամբ միջադէպեր, որոնք շնորհիւ կողմերուն, կողմերու լրատուամիջոցներուն շնորհիւ նաեւ կը ստանան հասարակական լայն հնչեղութիւն։ Սովորաբար անոնք կ՚ըլլան այն պարագային, երբ այդ դէպքերուն ընթացքին մարդկային զոհեր կ՚ըլլան եւ Յուլիսի 4-ի իրադարձութիւններն ալ իր կարծիքով, պայմանաւորուած էին այդ հանգամանքով։
Նախագահ Սարգսեան մեկնաբանեց նաեւ Արցախ-Ատրպէյճան շըփ-ման գծին վրայ մերթ ընդ մերթ թափ ստացած լարուածութեան դրդապատճառները։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Թէ ինչո՞ւ տեւական ժամանակէ ի վեր արդէն կը տիրէ լարուած իրավիճակ։ Կը կարծեմ՝ շատ-շատերու համար պարզ է եւ հասկնալի։ Երբ Ատրպէյճան գրեթէ բացայայտօրէն որոշեց, որ պէտք է հրաժարի Մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ խնդրի լուծումէն, ապա այլ ելք, այլ ճանապարհ չէր մնար անոր համար։ Եթէ կը հրաժարի առաջարկուած տարբերակէն, եւ սահմաններուն վրայ կը տիրէ անդորր, ապա թէ՛ միջազգային հանրութեան մօտ եւ թէ Ատրպէյճանէ ներս պէտք է ստեղծուի այն կարծիքը, թէ Պաքու համակերպուած է ըս-տեղծուած համավիճակին հետ, կարգավիճակին հետ։ Ուստի լարուած իրավիճակ պէտք է, դէպքեր պէտք են՝ որպէսզի մէկ կողմէ նախ սեփական հանրութեան մատուցուին փաստեր, համոզեն, թէ իրենք տակաւին կը շարունակեն լրջօրէն պայքարիլ Լեռնային Ղարաբաղը գրաւելու համար կամ իրենց կազմին մէջ վերադարձնելու համար, միւս կողմէ ալ, ի հարկէ, միջազգային հանրութեան մշտապէս յիշեցնեն, թէ իրենք չեն համակերպիր այդպիսի իրավիճակի»։
Հարցազրոյցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հայկական զինեալ ուժերը ունին բաւական զինատեսակներ եւ զինամթերք։ Այս պատգամը Սերժ Սարգսեան վերջին օրերուն ուրիշ առիթով մըն ալ փոխանցած էր եւ կրկնած է նաեւ հեռատեսիլային այս վերջին հարցազը-րոյցին ընթացքին։ «Մենք լուրջ սպառազինութիւններ ձեռք բերած էինք ինչպէս մինչեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, այնպէս ալ՝ այդ մէկէն յետոյ։ Այլ խնդիր մըն է, որ իւրաքանչիւր ռազմական գործողութիւն՝ ըլլան միօրեայ, միամեայ կամ հինգ տարուան, դաս է, զոր պէտք է սերտես եւ հետեւութիւններ ընես։ Որովհետեւ այդ իսկ ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ կը դրսեւորուի, թէ քու հակառակորդը ի՛նչ կ՚օգտագործէ ու ի՛նչ ձեւով կ՚օգտագործէ եւ պէտք է փորձես գտնել անոր հակաթոյնը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։ Բաց աստի, ան կրկնեց, որ հայկական կողմը այսօր ունի բաւարար սպառազինութիւն, որպէսզի կարողանայ իր զօրքերու մարտական ընդունակութիւններու օգտագործմամբ չէզոքացնել այն վտանգը, զոր կը սպառնայ Արցախին կամ Հայաստանին։ «Պատերազմի մէջ միայն զէնքը չի յաղթեր։ Պատերազմի հիմնական գործօնը անձն է՝ զինուորն ու սպան, զինուորն ու հրամանատարը։ Եւ այդ զինուորն ու հրամանատարը պէտք է ունենան ոչ թէ ամենաժամանակակիցը, որովհետեւ սա անհնար է, որեւէ երկրի համար անհնար, այլ բաւարար զինատեսակ եւ զինամթերք՝ խնդիրը լուծելու համար։ Այսօր մեր զինեալ ուժերը ունին բաւարար զինատեսակներ եւ բաւարար զինամթերք», աւելցուց Սերժ Սարգսեան։ Խօսելով հայկական բանակի «Իսքանտէր» հրթիռներուն մասին՝ Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Ով կը կարծէ, թէ անոնք զուտ բարոյական կամ հոգեբանական նշանակութիւն ունին՝ ան չի հասկնար, թէ ինչ է «Իսքանտէր»ը։ Երբ իմանայ, պիտի հասկնայ՝ ինչ կործանարար ուժ ունի այդ զէնքը»։
Հարցազրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին մատակարարուած զէնքերուն շուրջ։ Իր խօսքերով, Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառուիլը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ամենացաւալի կողմն է։ «Այս հարցը իմ կարծիքով՝ ստուեր կ՚ածէ շատ բանի վրայ։ Բայց միւս կողմէ ալ՝ կան հանգամանքներ եւ մի գուցէ այդ հանգամանքները մեզի համար ընդունելի չեն, բայց իրենց համար ընդունելի են։ Տակաւին որեւէ լուրջ բան չէ պատահած։ Եթէ որեւէ ատեն լուրջ հետեւանքներ ըլլան, այն ժամանակ կարելի է մեղադրել։ Իսկ եթէ լուրջ հետեւանքներ չըլլան, մենք սա պէտք է համարենք որպէս ռուսական կողմի երկարաժամկէտ քաղաքական գործունէութիւն՝ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման համար», յայտնեց Սերժ Սերգսեան եւ աւելցուց, թէ Երեւան կը վարէ համաչափ արտաքին քաղաքականութիւն՝ ունենալով մերձաւոր դաշնակիցներ, նաեւ համագործակցելով գործընկերներու հետ։
ՀԱՊԿ-Ի ԺՈՂՈՎ
Միւս կողմէ, երէկ, Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւս մասնակցեցաւ այս նիստին։ Ներկայ էր նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան ՀԱՊԿ-ին ներկայացուց Պաքուի այն գործողութիւնները, որոնք միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը տապալելու։ Նախարարը կարեւորեց անցեալ տարի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման խոչընդոտումը, Ատրպէյճանի ռազմական սադրանքներն ու անոնց հետեւանքով իրավիճակի սրուիլը։