ՀՄԸՄ-Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեաեայ յոբելեանը Հայաստանի մէջ կը նշուի հանդիսաւորապէս։ Վաղը, Բիւրականի մէջ պիտի սկսի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բանակումը։ Սա 11-րդ համամիութենական բանակումն է, որ նախատեսուած է աննախադէպ թիւով երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի յոբելենական շրջանին մեծագոյն իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ այս մէկը՝ արժեւորելով կառոյցի բոլորած ուղին եւ նախանշելով անոր ապագայ գործունէութեան առանցքները։

Երէկ, Երեւանի մէջ ՀՄԸՄ-ի ղեկավարները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տրուեցան յոբելենական գործունէութիւններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ատենախօսները մատնանշեցին, որ վաղուան բանակումը 11-րդ է իր նմաններու շարքին։ 1978 թուականէն ի վեր ՀՄԸՄ ամէն չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպէ սկաուտական բանակում։ Այս տարի տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած արդէն 7-րդ բանակումը։ Նպատակն է համախմբել աշխարհի չորս ծագերէն բազմահազար սկաուտներ Հայաստանի մէջ՝ ապահովելու համար անոնց ծանօթութիւնը եւ զանոնք ներշնչելու համար ազգային դաստիարակութեամբ։ Բանակումին կը մասնակցին 14-18 տարեկան սկաուտներ։ Այս տարուան սկաուտներուն թիւը կը հասնի 1200-ի մակարդակին։ Վաղը Բիւրականի մէջ պիտի սկսի ՀՄԸՄ-ի բանակումը եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 29 յուլիս։ Ընթացքին պաշտօնական մեծ արարողութիւն մըն ալ տեղի պիտի ունենայ՝ հաշուի առնելով, որ այս տարուան բանակումը ունի յոբելենական բնոյթ։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսի մասնակիցները շեշտեցին, որ ՀՄԸՄ արդէն դարէ մը ի վեր չէ շեղած իր հիմնական առաքելութենէն։ Այդ հիմնական նպատակն է հայ երիտասարդներու առողջ միտքը առողջ մարմնի մէջ պահել։ Այս օրերուն շուրջ 3 հազար ՀՄԸՄ-ականներ ժամանած են Հայաստան՝ նշելու համար 100-ամեայ յոբելեանը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018