ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի անցեալ շաբաթավերջին ենթարկուած տհաճ դէպքի արձագանգները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններն ալ շարժման անցած են՝ այս դէպքին կապակցութեամբ նիւթերու նախապատրաստութեան նպատակով։

Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի Վայոց ձորի քննչական բաժանմունքը նիւթեր կը նախապատրաստէ՝ Գնդեվանքի տարածքէն ներս Վեհափառ Հայրապետի տեղաշարժը արգելափակելու դէպքին վերաբերեալ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը անցեալ շաբաթ երեկոյեան ժամերուն «Շտապ» խորագրին ներքոյ հրապարակած էր համապատասխան տեղեկութիւնները։ Այդ հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի Վայոց ձորի մարզային վարչութենէն ներս այժմ կը նախապատրաստուին նիւթեր։ Այս ամբողջին մէջ քննութեան առարկայ կը դարձուին նաեւ սոյն դէպքին վերաբերեալ համացանցի վրայ տեղ գտած տեսանիւթերը։ Յանձնարարականներ տրուած են ոստիկանութեան համապատասխան աշխատանքներուն՝ որպէսզի միջոցներ ձեռնարկեն դէպքի բոլոր մասնակիցներու ինքնութիւնը պարզելու նպատակով։ Գործին պատասխանատուութիւնը ստանձնած պաշտօնեաները աշխատանք կը տանին նաեւ պարզաբանելու համար այլ շարք մը հանգամանքներ, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին այս հարցին տեսակէտէ։

Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականի պահանջով շաբաթներէ ի վեր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքի անդորրը խանգարող «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» տխրահռչակ խումբն ալ կը շարունակէ յառաջ տանիլ իր քարոզչական աշխատանքը։ Հանրային կարծիքի շատ լայն խաւերուն մօտ Վեհափառ Հայրապետին դէմ անցեալ շաբաթ կատարուած արարքը արդէն կը պախարակուի։ Այս իրավիճակին մէջ տխրահռչակ խումբն ալ կը ջանայ զանազան ձեւերով, արհեստական հանգամանքներով ու կեղծ տուեալներով արդարանալ հանրային կարծիքին առջեւ։ Այդ շարժման պարագլուխներէն Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան երէկ հռչակուեցաւ կարգալոյծ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները պաշտօնապէս հաղորդեցին, որ Նորին Սրբութեան հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան՝ եկեղեցականին անյարիր վարքագծի ու հակականոնական ընթացքի համար։ Հայրապետական այս տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կարգապահական յանձնախումբի եզրակացութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանուած մէկշաբաթեայ շրջանին զղջմամբ ու ապաշխարութեամբ դարձի գալու յորդորի անտեսումով։ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժման պարագլուխներէն Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան յետայսու կը դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Արմէն Առաքելեան աւազանի անունով։

Հարկ է յիշեցնել, որ յայտնի նախաձեռնութեան մէջ ընդգրկուած այս աբեղայի եւ խումբ մը աշխարհականներու պահուածքի եւ գործունէութիւններու առընչութեամբ անցեալ շաբաթներու ընթացքին իրենց անհանգստութիւնը յայտնած եւ այդ բոլորը դատապարտած էին եպիսկոպոսաց դասը, բազմաթիւ եկեղեցականներ եւ հաւատացեալներ Հայաստանէն թէ սփիւռքէն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները 6 յուլիսին խնդրագրով մը դիմած էին Վեհափառ Հայրապետին կարգազանց հոգեւորականը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ խիստ միջոցներու ձեռնարկման վերաբերեալ։ 10 յուլիսին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին որոշում կայացուած էր Նորին Սրբութեան յորդորով մէկշաբաթուայ վերջնաժամկէտ սահմանել, որպէսզի անդրադարձումի եւս մէկ առիթ ընծայուի նախաձեռնութեան անդամներուն՝ վերջ տալու հակականոնական իրենց գործողութիւններուն եւ վերադառնալու Սուրբ Էջմիածնի խնամակալ հովանիին տակ։ Դժբախտաբար այս սպասման շրջանն ալ մնաց ապարդիւն ու նոյնիսկ այդ ընթացքին յիշեալ շարժումը շատ աւելի մեծ ծայրայեղութիւններով հանդէս եկաւ թէ՛ Մայրավանքի տարածքէն ներս եւ թէ Գնդեվանքի մէջ Վեհափառ Հայրապետի ինքնաշարժի շրջափակումով։ Այս պայմաններուն ներքեւ անխուսափելիօրէն յիշեալ աբեղան կարգալոյծ հռչակուեցաւ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ ՎՐԴ. ԲԱՂՈՒՄԵԱՆ

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան միաբանները կը շարունակեն զանգուածային լրատուութեան միջոցներով հանդէս գալ յայտարարութիւններով, հարցազրոյցներով, որոնց ընթացքին կը փորձեն բացատրել այս վերջին իրադարձութիւններու էութիւնը եւ անընդունելի, անարդարանալի բնոյթը։ Այս ծիրին մէջ «Առաջին լրատուական»էն վերջերս շահեկան հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան։

Հեռատեսիլի վրայ սփռուած այս հարցազրոյցի ընթացքին ան ըսաւ հետեւեալը.

*

Կը կարծեմ, որ մենք փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանի մէջ կ՚ապրինք, երբ իսկապէս ամէն ինչ խառնուած է եւ շատ կարեւոր է, որ ամէն ինչ իր տեղը դրուի: Եկեղեցին, իր երկու հազար տարուայ պատմութեան ընթացքին, շատ փոթորիկներ եւ փոթորկայոյզ օրեր տեսած է, բայց կրցած է յաղթահարել Աստուծոյ օգնականութեամբ, որովհետեւ ի վերջոյ, եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է եւ ճշմարտութեան կրողը: Մենք գիտենք, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հիմնադրուած է Քրիստոսի երկու առաքեալներու՝ Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարթողիմէոսի կողմէ, այսինքն, Քրիստոսի ճշմարտութիւնը անոնք բերին եւ քարոզեցին Հայաստան աշխարհին մէջ: Այսօր՝ 21-րդ դարուն, եկեղեցին, բնականաբար, կեցած է նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, բայց կը կարծեմ, որ երկու հազարամեայ իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը մեզի կ՚օգնեն, որպէսզի մենք յաղթահարենք բոլոր այս փորձութիւնները: Անշուշտ, մեր աղօթքն է, որ այդ փորձութիւնները մենք անկորուստ յաղթահարենք, կորուստներ չունենանք, բայց, կ՚ըլլան պահեր, երբ իսկապէս անհրաժեշտ է վիրահատական միջամտութիւններու դիմել, որպէսզի ամբողջ օրկանիզմը չապականի:

Հետաքրքրական օրեր կ՚ապրինք, որովհետեւ կը տեսնենք նաեւ, թէ ինչպէս մեր եկեղեցւոյ զաւակներու մեծ մասը իր վրդովունքն ու բողոքը կ՚արտայայտէ խումբ մը մարդոց կողմէ կատարուած գործողութիւններուն, մասնաւորապէս Դիւանատան շէնքի գրաւումին: Իսկ այդ շէնքը անմիջականօրէն կը գտնուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բնակավայրին մօտ: Մենք հասկցանք, որ մենք, փաստօրէն, պաշտպանուած չէինք իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ: Եւ, իբրեւ բնակավայր արձանագրման հասցէ ունենալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, մենք հասկցանք, որ օրէնքով մենք պաշտ-պանուած չենք, այսինքն մեր տուն կրնան ներխուժել, ամէն ինչ ընել եւ մենք ոչինչ կրնանք ընել: Մենք յոյս ունէինք, որ խելամտութիւնը պիտի յաղթէր, բայց քանի այդպէս չեղաւ, ոստիկանները զանոնք ստիպ-ւած դուրս հանեցին, եւ մենք, իբրեւ եկեղեցի, իբրեւ հոգեւորականութիւն, իբրեւ ժողովուրդ կ՚աղօթենք, որ մեր եղբայրները, որոնք ոչ ճիշդ ճանապարհի վրայ են, դառնան կանոնական ճանապարհ: Կը կարծեմ՝ տակաւին յոյս կայ:

-Ուրկէ՞ եկաւ այդ դժգոհութիւնը:

-Եկեղեցին ինքը կենդանի օրկանիզմ է՝ կազմուած մարդոցմէ եւ Տիրոջ մարմինը ըլլալէ զատ, նաեւ այդ մարմինի անդամներն ենք մենք՝ ամէնքս, եւ մեր առաւելութիւնները, մեր տկարութիւնները շատ անգամ տեղի կու տան: Մենք՝ հոգեւորականներս, առաջին հերթին, գիտենք, թէ ինչ խնդիրներ կան մեր եկեղեցւոյ մէջ եւ ես ինքս, ըլլալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան, բազմիցս խօսած եմ խնդիրներու մասին, խօսած եմ զանազան ատեաններու մէջ, միաբանական ժողովներու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետի հետ, մեր եպիսկոպոսաց դասուն հետ, մեր եղբայրներուն հետ, որովհետեւ մենք բնականաբար կ՚ուզենք՝ մեր եկեղեցին աւելի զօրաւոր տեսնել, աւելի միաբան ու միասին տեսնել: Այս շարժում չըսեմ, այլ քանի մը մարդոց վրդովմունքն ալ հասկնալի կը դառնայ, երբ տեսնենք, որ անոնց ետին, դժբախտաբար, կեցած են կարգալոյծ եղած հոգեւորականներ: Անոնք կը փորձեն այնուամենայնիւ, պղտորել եկեղեցական, ներեկեղեցական կեանքը, եւ արդէն իրենց վնասը հասցուցած են: Եւ երբ որ կը շփուիս հաւատացեալներու հետ, կը տեսնես, որ մարդոց հոգիի խորքին մէջ մեծ նստուածք կայ: Իրենց ամբողջ քարոզչութիւնը ցաւալիօրէն հիմնուած է սուտի վրայ, ապատեղեկատուութիւնը, կեղծիքը կ՚ուղեկցին այս ամէնուն եւ բնական է, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները վրդովուած են այս ամէն ինչէն: Եկեղեցին բաց է առողջ քննադատութեան առջեւ: Իմ օրինակով ըսեմ՝ ես երբեք չեմ վախցած, չեմ զլացած, չեմ երկնչած խօսելու խնդիրներուն մասին: Որովհետեւ, եթէ մենք կը սիրենք մեր եկեղեցին, պիտի խօսինք խնդիրներու մասին, եւ եկեղեցւոյ մէջ խնդիրներն ալ ունին իրենց բարձրաձայնելու տարբերակը: Եկեղեցին իշխանական որեւէ կառոյց չէ, եկեղեցին նուիրապետական կառոյց է: Դուք, իբրեւ հաւատացեալ, ձեր առաջին յարաբերութիւնը ձեր ծխական քահանայի հետ կը հաստատէք: Եթէ քահանան չի կրնար այդ խնդիրը լուծել, ձեր գանգատը, ձեր բողոքը, ձեր առաջարկը ան կը ներկայացնէ թեմական առաջնորդին: Թեմական առաջնորդն ալ՝ արդէն համապատասխան մարմնին կը ներկայացնէ եւ ի վերջոյ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Փողոցի մէջ խնդիր չի լուծուիր, եւ ա՛յս է մեր ցաւը: Գրեթէ բոլոր միաբանները, եպիսկոպոսաց դասը, ժողովուրդը փորձած են խօսիլ, հասկցնել, որ եթէ իսկապէս դուք ունիք առաջարկներ, հիմա ժամանակն է խօսելու:

-Արդօեք նախայեղափոխական օրերու վիճակին չի՞ նմանիր:

-Ես ինքս ալ թաւշեայ յեղափոխութեան մասնակիցներէն մին եմ, գոնէ երկու կարեւորագոյն օրեր մեր հոգեւոր եղբայրներուն հետ մեր ժողովուրդի հետ եղած ենք, գացած ենք մեր կամքով եւ անշուշտ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ: Այս պարագային պէտք է զանազանել պետութիւնն ու եկեղեցին: Մենք թաւշեայ յեղափոխութիւն ըրած ենք՝ առաւել ամրապնդելու համար մեր ժողովուրդի մէջ սէրը, միաբանութիւնը: Բայց այս քանի մը մարդիկ ամէն ինչ կ՚ընեն՝ միաբանութիւնը խաթարելու համար, պահուածքի առումով սանձարձակ դարձած են արդէն:

-Ի՞նչ է անոնց պահանջը:

-Իրենք կ՚ըսեն, թէ իրենք կը պահանջեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաժարականը, անշուշտ, ազդուած ըլլալով նաեւ վերջին իրադարձութիւններէն: Մենք անոնց բացատրած ենք, որ եկեղեցին ունի իր ընթացակարգը, եւ ինչ ընթացակարգով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հրաժարական կու տայ:

-Ընդհանրապէս կա՞յ այդպիսի փորձ. Կաթողիկոսը կարո՞ղ է հրաժարական տալ:

-Այո՛, ազատ կամքի հա

մաձայն կարող է հրաժարական տալ: Մենք պատմութեան ընթացքին քանի մը դէպքեր ունինք, երբ որ վարդապետական շեղուածութեան պատճառով, ժամանակի իշխանութիւններու միջամտութեան պատճառով, տարեց ըլլալու պատճառով հրաժարած է: Բայց պարզապէս Կաթողիկոսի մասին մերկապարանոց յայտարարութիւններ ընել առանց հիմնաւորումներու եւ ըսել՝ այդ ամէն ինչը գրուած է համացանցին մէջ, ընդունելի չէ: Նոյնիսկ մեծ հանրախանութային ցանցերէն մէկուն մասին կ՚ըսեն, թէ իբր ատիկա կը պատկանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, այդ հանրախանութի տնօրէնութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, թէ ցանցը այսինչ մարդուն կը պատկանի, միեւնոյն է, կը շարունակեն պնդել եւ այլն… Այսպիսի շատ ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն, եւ ո՞րն է խնդիրը այս պահուն. խնդիրը այս ամէնի մէջ հանգուցալուծում գտնելն է: Խելամտութիւն պէտք է, որպէսզի անոնք իսկապէս գան կանոնական դաշտ եւ ցաւալին այն է, որ անոնք կը խօսին ժողովուրդի անունով: Հիմա այդպիսի սովորոյթ մը կայ՝ բոլորը ժողովուրդի անունով կը խօսին: Մենք այս ընթացքին, անկեղծ ըսեմ, փորձած ենք մեր ժողովուրդի զայրոյթը զսպել:

Այդ ընդդիմադիրներէն քանի մը հոգին նաեւ իմ հետս կապի մէջ են, կը փորձեն նաեւ իմ տեսակէտս շօշափել, ես ալ կը փորձեմ զանոնք իրաւ, ճիշդ ուղիի վրայ դնել: Ես կը կարծեմ, որ տակաւին ժամանակ կայ, Վեհափառ Հայրապետը իր լայնախոհութեամբ մէկ շաբաթ եւս ժամանակ տուած է, որպէսզի Կորիւն աբեղան ապաշխարի: Ընդհանրապէս, կարգալուծութիւնը եկեղեցականի մահն է, անկախ ամէն ինչէն, եւ բնական է, որ եկեղեցականի մը կորուստով առաջին ցաւը կ՚ապրի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

-Երկխօսութեան փորձ կատարուա՞ծ է անոնց հետ:

-Անշուշտ, անոնց հետ երկխօսութեան փորձ կատարուած է, եւ պիտի փորձենք մօտակայ օրերուն ալ խօսիլ եւ զրուցել, բայց կայ տպաւորութիւն, որ ինքը՝ մեր եղբայրը, ցաւօք սրտի, ընդունակ չէ որեւէ բան հասկնալու, ատոր ապացոյցն է նաեւ այն, որ յայտարարութիւնը տարածուեցաւ, եւ քանի մը րոպէ յետոյ ան կը շարունակէր սատանայ անուանել կաթողիկոսը եւ այլն: Չեմ ուզեր գնահատականներ տալ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ յայտարարած է եւ բոլորս ալ կը հասկնանք, որ եկեղեցիէն ներս կան խնդիրներ, բայց ես կը կարծեմ, որ եկեղեցականութեան մէջ նաեւ կայ կամք, ցանկութիւն՝ այդ խնդիրները լուծելու: Մենք կ՚ըսենք՝ եթէ ունիք առողջ առաջարկներ, բերէք, քննարկենք: Անոնց հետ, այո խօսած ենք, մանաւանդ՝ հայր Կորիւնին հետ, անոր հոգեւորական ընկերները խօսած են, եպիսկոպոսաց դասը խօսած է, ողջ միաբանութիւնը յորդորած է իրեն ետ դառնալ: Տեսէք՝ շուրջ 700-է աւել հոգեւորականներ կ՚ըսեն՝ ետ դարձիր, բայց ան ինքզինք արդէն զատած է միաբանութենէն եւ կ՚ըսէ՝ ես միակ ճշմարիտն եմ, բոլորը սխալ են: Ասիկա արդէն վիճակ մըն է, որ կրնայ խորանալ, բայց մենք յոյս ունինք, որ Աստուած իր ողորմութեամբ պիտի այցելէ, եւ ան պիտի վերադառնայ կանոնական ճանապարհ, եւ մենք ալ պիտի փորձենք սիրոյ մթնոլորտին մէջ մեր եկեղեցւոյ բոլոր խնդիրները լուծել: Ոչ ոք կ՚ըսէ, թէ ամէն ինչ կատարեալ է, բայց երբ կայ ցանկութիւն եւ կամք, ես կը կարծեմ, որ Տիրոջ օգնութեամբ մենք բոլոր խնդիրները պէտք է փորձենք ժամանակին լուծել: Մարտահրաւէրները շատ են, եւ եթէ ուշադիր նայիք, բոլոր աղանդաւորական կազմակերպութիւններու, կրօնական հոսանքներու թիրախը մէկն է՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որովհետեւ կը հասկնան, որ այդ եկեղեցին ի վերջոյ, այս վերջին գոնէ երկու հազար տարուայ ընթացքին իսկապէս բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Անոնք կը կարծեն, որ եթէ իրենք տկարացնեն Հայ Եկեղեցին, յաջողութեան կը հասնին բոլոր ասպարէզներու մէջ: Երբեմն նաեւ կ՚ըլլայ, որ չարը կը գործէ մարդոց, հոգեւորականներու միջոցաւ: Պարզապէս պիտի աղօթենք, որ անոնք հասկնան: Իրավիճակը տխուր է եւ պէտք է քայլեր առնուին:

-Ո՞վ ի վիճակի է հանգուցալուծելու այս հարցը:

-Եթէ դուն կ՚երթաս մէկու մը հետ երկխօսելու, ապա ան պիտի ուզէ երկխօսիլ: Վերջնաժամկէտներով, կտրուկ խօսքերով հնարաւոր չէ հանգուցալուծումի հասնիլ: Շատեր, զանազան հոգեւոր խաւերէ փորձած են խօսիլ, բայց մանաւանդ հայր Կորիւնը չ՚ուզեր հասկնալ: Շարժումի ետին, ինչպէս ըսի, կեցած են կարգալոյծ եղած հոգեւորականներ, որոնք որ եկեղեցիէն պարզապէս վտարուած են՝ իրենց հակականոնական ընթացքի համար: Այս հոգեւորականներու կարգալուծութիւնը որեւէ առումով նաեւ եկեղեցւոյ բարենորոգչութեան մէկ մասն է, որովհետեւ եկեղեցին ինքնամաքրուելու խնդիր ունի: Եւ անոնք ալ, իրենց կամ ուրիշ, ծպտուած անուններով կը փորձեն ապատեղեկատուութիւն տարածել:

… Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚ընտրուի Ազգային եկեղեցական ժողովին կողմէ, եւ այն ալ կարող է վստահութեան քուէ տալ կամ չտալ: Իսկ Ազգային եկեղեցական ժողովը կը ներկայացնէ ամբողջ ժողովուրդ մը, այսինքն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ոչ միայն ունի իշխանութիւն Հայաստանի մէջ ապրող հայերու վրայ, այլեւ՝ անոր հոգեւոր իշխանութիւնը կը տարածուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս: Այսինքն, զայն ընտրած են շուրջ տասը միլիոն հայեր: Իսկ եթէ մե՞նք մեր կողմնակիցները ոտք հանենք…

Այն, ինչ որ քաղաքական իշխանութեան կը պատկանի, ատիկա հասկնալի է, եկեղեցին ա՛յլ կառոյց է, եկեղեցին նուիրապետական կառոյց է, ուր որ հարցերը կը լուծուին ժողովական, կանոնական որոշումներով: Եւ անոնց տրամաբանութեամբ, եթէ երկրին մէջ իրավիճակ փոխուած է, նոր Հայաստանի մէջ նոր վարչապետ կայ, ուրեմն կաթողիկոսն ալ պէտք է փոխուի: Ես քննարկումի մը ժամանակ հարցում ուղղուած եմ՝ եթէ մէկ տարի յետոյ նոր վարչապետ ունենանք, ուրեմն կաթողիկո՞սն ալ պէտք է փոխուի: Շատ վտանգաւոր է երկրի քաղաքական իրավիճակը բերել եւ տեղայնացնել եկեղեցւոյ մէջ: Թերեւս անոնք ալ չեն հասկնար, բայց կարելի չէ եկեղեցիին, որ մեր ազգային կարեւոր հաստատութիւններէն մէկն է, այս ձեւով վերաբերուիլ: Աւերը արդէն իսկ կայ, եւ մենք պէտք է տքնաջան աշխատինք, բոլորս՝ հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ: Որեւէ մէկու միտքին կամ մղձաւանջի մէջ կարելի չէր պատկերացնել, որ կրնան գալ, մտնել եւ գրաւել Դիւանատունը: Չկայ նման բան, եւ ես, իբրեւ Մայր Աթոռի միաբան, մեծ ցաւ կ՚ապրիմ:

Ես ինքզինքս ալ կը մեղադրեմ իբրեւ հոգեւորական, որ մենք, երեւի քիչ աղօթած ենք իրենց համար: Ես հոն եղողներէն քանի մը հոգիի հետ շատ մտերիմ եմ, ծանօթ եմ իրենց խնդիրներուն, կը հասկնամ, թէ ինչու այնտեղ են եւ շատ խօսած եմ իրենց հետ, յորդորը միշտ եղած է: Եկեղեցին, այո, կը սիրէ իր բոլոր զաւակները, բայց եկեղեցին ալ իր համբերութեան սահմանները ունի, չի կրնար ձգել, որ այսպէս երկար շարունակուի: Այս աւերը, զոր անոնք կը գործեն, կաթողիկոսի դէմ չէ, եկեղեցիի դէմ է, հոգեւոր առումով ասիկա բոլորիս ցաւն է: Բայց նաեւ ըսեմ, որ թէ՛ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ թէ մեր միաբանութեան քով՝ վարդապետ, աբեղայ, ծայրագոյն վարդապետ, քահանայից դասու, եպիսկոպոսաց դասու քով կայ կամք եւ ցանկութիւն՝ իսկապէս բարեփոխուելու, աւելի լաւը, աւելի հզօրը դառնալու եւ կը կարծեմ, որ մենք շատ շուտով նաեւ կը տեսնենք այդ բարեփոխումները մեր եկեղեցական կեանքէն ներս: Եկեղեցին իր մէջ միշտ ուժ գտած է դիմակայելու բոլոր մարտահրաւէրները, իսկ ատոնք միշտ եղած են՝ հերձուածողներ, կլոպալիզասիոն երեւոյթներ, եւ եկեղեցին միշտ ալ, ժամանակի լեզուով կրցած է Աստուծոյ խօսքը քարոզել եւ յաղթահարել: Այսօրուայ մեր կեանքին մէջ մենք, իմ կարծիքով, կանգնած ենք քանի մը մարտահրաւէրներու առջեւ՝ հասարակութեան աշխարհիկացում, մարդու իրաւունքներ հասկացութեան ներքոյ մեղքի արդարացում, հարուածներ ընտանիք կառոյցին, եւ բնական է, որ այստեղ եկեղեցին շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունի, որովհետեւ բոլորն ալ կը հասկնան, որ եթէ եկեղեցին տկարացնեն, այլ կէտերու վրայ յաջողութեան կը հասնին: Այս անգամ ալ, եկեղեցին իր ամբարած իմաստութեամբ ի վիճակի է յաղթահարելու եւ մենք միասին յաղթանակած դուրս պիտի գանք: Մեր եկեղեցին միշտ կրցած է իր ժողովուրդը առաջնորդել եւ այսօր ալ, ամէն ինչ պիտի ընենք, որ մեր ներքին անդորրը, խաղաղութիւնը չխախտուի: Պէտք է բարձրաձայնենք խնդիրները եւ պէտք չէ վախնանք մեր հաւատքի մասին, մեր եկեղեցւոյ անդամութեան մասին, Քրիստոսի մասին վկայելէ: Վերջին քանի մը օրերու իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ մենք ունինք նախանձախնդիր հաւատացեալներ, որոնք պատրաստ են ամէն կերպով իրենց սրբութիւնները պահպանել:

Ես նաեւ անոնց ըսած եմ՝ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որ պահ մը պիտի գայ եւ անոնք պիտի կենան եւ միասին, ձեռք-ձեռքի տուած, մենք կը փորձենք շտկել խնդիրները, զորս կը տեսնենք: Սէրը իսկապէս շատ կարեւոր է: Եւ մենք մեր հայրենիքը, եկեղեցին պիտի սիրենք ոչ թէ բաժակաճառերով, այլ՝ ամենօրեայ աշխատանքով: Մեր բոլորիս նպատակը պէտք է ըլլայ հզօր, արդար եւ միասնական Հայաստանի ստեղծումը, որովհետեւ մենք այլ հայրենիք մը չունինք, այս հողը մեզի ուժ եւ զօրութիւն կու տայ: Մենք ամէն օր կ՚աղօթենք ատոր համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018