Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Զեքիեան Գերապայծառ շնորհաւորութիւններ յղեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ ջերմօրէն ողջունեց Զեքիեան Գերապայծառն ու ընկերակիցները։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները փոխանակեցին յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ։
Զրոյցի տեւողութեան տեղապահ սրբազան հօր կողքին էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019