ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԵՒ ԱՊՕՐԻՆԻ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիա դուրս թողուած է «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու ծրագրէն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, համապատասխան յայտարարութիւնները կատարուեցան թէ՛ Սպիտակ տան եւ թէ Փենթակոնի կողմէ։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ կողմէ Ռուսաստանէն «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու ձեռքբերումը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի մօտ։ Երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ էին ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու գործադրութեան վերաբերեալ հարցեր։ Թէեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ միշտ պաղարիւն եւ հաւասարակշռուած մօտեցումներ կ՚արտայայտէր այս հարցին շուրջ, սակայն Ուաշինկթընէն երէկ հասած լուրերը համապատասխան բնոյթ չունեցան։

Սպիտակ տան կողմէ երէկ կատար-ւած գրաւոր յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Ս-400»ներու ձեռքբերման որոշումը դժբախտաբար անհնար կը դարձնէ «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու ծրագրի պարագային համագործակցութիւնը։ Արդարեւ, «Ֆ-35»երը չեն կրնար համատեղուիլ՝ անոնց զարգացած հնարաւորութիւնները բացայայտելու նպատակով օգտագործուելիք ռուսական լրաքաղութեան հարթակներու հետ։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թուրքիա երկարաժամկէտ ու վստահելի գործընկեր մըն է եւ աւելի քան 65 տարիէ ի վեր՝ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից։ Բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400»ներու ձեռքբերումը վնաս կը հասցնէ՝ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներուն կողմէ ռուսական համակարգերէ զերծ մնալու համար տրուած փոխադարձ խոստումներու նկատմամբ հաւատարմութեան։ Ըստ նոյն յայտարարութեան, «Ս-400»ներու պատճառով Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ի հետ գործողութիւններ իրականացնելու ընդունակութիւնները պիտի ազդուին։ «ԱՄՆ կը շարունակէ մեծ արժէք մը տալ Թուրքիոյ հետ ռազմավարական յարաբերութիւններուն։ Որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակից՝ մեր յարաբերութիւնները բազմաշերտ են ու միայն «Ֆ-35»երու կապուած չեն։ Մեր զինեալ ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են։ Թուրքիոյ հետ խտացեալ համագործակցութիւնը պիտի շարունակենք՝ առանց անտեսելու այնտեղ «Ս-400» համակարգերու գոյութիւնը», նշուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ։

ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկա-ցուցին, որ «Ս-400»ներու ձեռքբերման բերումով Թուրքիոյ «Ֆ-35»երու ծրագրէն դուրս թողուելու գործընթացը սկսած է։ Փենթակոնի բանբերն ալ շեշտեց, որ ԱՄՆ կը շարունակէ մեծ արժէք վերագրել Թուրքիոյ ռազմավարական գործընկերութեան։

Ուաշինկթընի արձագանգին զուգահեռ երէկ Պրիւքսելէն ալ ձայն մը բարձրացաւ այս հարցին շուրջ։ Այսպէս, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ ՆԱԹՕ-ի եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը «Ֆ-35»երէն շատ աւելի ծաւալուն է։

Այս բոլորէն վերջ Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ երէկ անդրադարձաւ Ուաշինկթընէն հասած յայտարարութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ «Ֆ-35»երու ծրագրէն դուրս թողուիլը միակողմանի քայլ մըն է, անյարիր է դաշնակցութեան ոգիին եւ չունի որեւէ օրինական հիմնաւորում։ Թրքական կողմը կոչ ուղղած է, որպէսզի ԱՄՆ ետ կանգնի այս սխալէն, որ կրնայ անդարմանելի վէրքեր յառաջացնել երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւններուն մէջ։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ Օսաքայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ արայայտուած մօտեցման նկատմամբ հաւատարմութիւն պէտք է ցուցաբերել բոլոր հարթութիւններու վրայ եւ սա կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019