ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԷ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՊԱՇՏՕՆԸ

Ներ­քին քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը այն­պի­սի հու­նի մը մէջ կ՚ըն­թա­նան, որ օ­րէ օր կը վե­րա­հաս­տա­տուի կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան մը հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Յու­նիս 7-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քը բա­զում հար­ցա­կան­նե­րով շրջան մը բա­ցած էր Թուր­քիոյ առ­ջեւ։ Ներ­կա­յիս այդ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար սպա­ռե­լով հա­սած են գրե­թէ ի­րենց եզ­րագ­ծին, սա­կայն այս ան­գամ ալ ար­դէն բո­լո­րո­վին ա­ւե­լի նոր հար­ցա­կան­ներ, վար­կած­ներ կը զբա­ղեց­նեն երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Ար­դա­րեւ, ան­խու­սա­փե­լի դար­ձած է կան­խա­հաս ընտ­րու­թիւ­նը, կամ այլ խօս­քով՝ ա­մառ­նա­մու­տին կա­տա­րուած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեան կրկնուի­լը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մե­լու պաշ­տօ­նին կո­չուած ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ու վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք տա­րաւ միջ­կու­սակ­ցա­կան հար­թու­թեան վրայ։ ՃՀՓ­-ի եւ ՄՀՓ­-ի հետ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը բազ­մա­թիւ վար­կած­ներ քննար­կեց՝ երկ­րէն ներս ներ­քին քա­ղա­քա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու վե­րա­ձե­ւա­ւոր­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Յա­մե­նայն­դէպս, բա­րեա­ցա­կամ քննար­կում­նե­րով հան­դերձ կա­րե­լի չե­ղաւ հա­մա­խո­հա­կան նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մել։ Ար­դէն ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին պաշ­տօ­նա­պէս յայտ­նի դար­ձած էր, որ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը հաս­նիլ հնա­րա­ւոր պի­տի չըլ­լար։ Իսկ ե­րէկ, ինչ­պէս ար­դէն կ՚ա-կըն­կա­լուէր, պաշ­տօ­նա­պէս հաս­-տա­տուե­ցաւ, թէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՄՀՓ­-ի մի­ջեւ եւս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը չէ մնա­ցած։

Եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ ու­նե­ցան հան­դի­պում մը, որ տե­ւեց շուրջ եր­կու­քու­կէս ժամ։ Այս տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ Տա­վու­տօղ­լու մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նին մէջ։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ մէկ­տե­ղ-ւե­լու ժա­մա­նակ Տա­վու­տօղ­լու ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Պահ­չե­լիի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի բո­վան­դա­կու­թեան շուրջ։ Այս­պէս, ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պե­տը նշած է, թէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան հետ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը չի տես­ներ եւ իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը մտա­դիր չէ նաեւ պաշտ­պա­նե­լու կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան վար­կա­ծը։ Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, թէ ի գործ դրած է իր բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, սա­կայն կա­րե­լի չէ ե­ղած ար­դիւն­քի մը հաս­նիլ։ Հի­մա Տա­վու­տօղ­լու կը պատ­րաս­տուի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը քննար­կել ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Կեդ­րո­նա­կան գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դին մօտ։ Այս ա­ռա­ւօտ ար­դէն հա­ղորդուե­ցաւ, թէ Տա­վու­տօղ­լու ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մե­լու պաշ­տօ­նը կը վե­րա­դարձ­նէ Էր­տո­ղա­նին։

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն վերջ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լին ալ  գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հասն­դէս ե­կաւ ու նշեց, թէ իր կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ որ­դեգ­րուած սկզբունք­նե­րը մեր­ժուած են ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ։

Ներ­կայ ի­րադ­րու­թեան ներ­քեւ ՃՀՓ­-ի շրջա­նակ­ներն ալ կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու վե­րա­դարձ­նէ ի­րեն յանձ­նուած պաշ­տօ­նը եւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան այդ մէ­կը յանձ­նէ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուին։ Յու­լի­սի 9-ին Էր­տո­ղան Թուր­քիոյ 63-րդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մե­լու պաշ­տօ­նը յանձ­նած էր Տա­վու­տօղ­լուին եւ ըստ Սահ­մա­նադ­րու­թեան 45 օ­ր-ւան հա­մա­պա­տաս­խան ժամ­կէ­տը այս շա­բա­թա­վեր­ջին՝ Օ­գոս­տո­սի 23-ին պի­տի հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Նոյն Սահ­մա­նադ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին հետ խորհր­դակ­ցե­լով կրնայ կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կել, ե­թէ վե­րո­յի­շեալ ժամ­կէ­տին մէջ կա­րե­լի չըլ­լայ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը ստեղ­ծուի­լը։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով հետզ­հե­տէ հա­ւա­նա­կան կը դառ­նայ այս վար­կա­ծը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն կրնայ ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը նշա­նա­կել եւ այդ պա­րա­գա­յին վստա­հու­թեան քուէի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը ար­դէն գո­յու­թիւն չ՚ու­նե­նար։ Այդ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը պաշ­տօ­նի գլուխ կը մնայ ընտ­րու­թեան շրջա­նին ու մին­չեւ նոր խորհր­դա­րա­նին կազ­մուի­լը։

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015