ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՆՈՐ ԱՌԱՆՑՔ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Թեհ­րան։ «Ֆարս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հա­ղոր­դեց, որ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է յա­ջորդ շաբ­թուան մէջ։ «Ալ-Հա­յաթ» թերթն ալ նշեց, թէ այս այ­ցը կրնայ կա­րե­ւոր ազ­դակ մը դառ­նալ Թուր­քիա-Ի­րան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ շրջա­նի հա­մա­կարգ­ման կամ ընդ­հա­նուր ներ­դաշ­նակ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Էր­տո­ղա­նի Թեհ­րան այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ Ի­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գան Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ կը նա­խա­տե­սուի Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան-Ի­րան հա­մա­խո­հու­թեան մը ստեղ­ծու­մը։ Նման ա­ռանց­քի մը ձե­ւա­ւոր­ման սկզբնա­կան քայ­լը կը հա­մա­րուի Էր­տո­ղա­նի մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Սեն Փե­թերս­պուրկ տուած այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին ան Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին շուրջ ծա­ւա­լուն քննար­կում­ներ կա­տա­րած էր Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Այդ այ­ցե­լու­թիւ­նը թէեւ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման շեշ­տադ­րու­մով ըն­կա­լուած է հան­րա­յին կար­ծի­քին կող­մէ, սա­կայն Սու­րիոյ տագ­նա­պին շուրջ թուրք-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ու­նե­ցած են ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն։ Պա­տա­հա­կան չէ, որ Էր­տո­ղան-Փու­թին տե­սակ­ցու­թե­նէն ի վեր մա­մու­լին մէջ գրե­թէ ա­մէն օր կը խօ­սուի վար­կած­նե­րու մա­սին՝ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի պա­րա­գա­յին Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։

Էր­տո­ղա­նի մօ­տա­լուտ Թեհ­րան այ­ցե­լու­թիւ­նով այս գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի ու­նե­նայ նոր չա­փում մը եւս։ Տա­կա­ւին քա­նի մը օր ա­ռաջ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ այ­ցե­լած է Ան­գա­րա, ուր ընդգ­ծուած էր, թէ Թուր­քիա եւ Ի­րան կը պաշտ­պա­նեն Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Այժմ, Էր­տո­ղա­նի մօ­տա­լուտ այ­ցը ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ՝ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան-Ի­րան ա­ռանց­քը ձե­ւա­ւո­րե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Վե­րո­յի­շեալ աղ­բիւր­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն նաեւ, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ պէտք է տե­ղի ու­նե­նան այս ե­րեք եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պին շուրջ վեր­ջերս հետզ­հե­տէ կը խո­րա­նայ Ռու­սաս­տան-Ի­րան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռա­ջին ան­գամ Ի­րա­նի տա­րած­քէն թռիչք առ­նե­լով ռմբա­կո­ծե­ցին Սու­րիոյ ի­րենց թի­րախ­նե­րը։ Թեհ­րան թէեւ պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ ո­րե­ւէ ռազ­մա­խա­րիսխ չէ տրա­մադ­րած ռու­սա­կան կող­մը, սա­կայն գործ­նա­կան հար­թու­թեան վրայ կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւնք­նե­րը ար­դէն շօ­շա­փե­լի են։

Ան­գա­րա հիմ­նա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն մը ու­նի Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի հետ՝ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Այդ ալ Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի ճա­կա­տա­գիրն է։ Տա­րած­քաշր­ջա­նի այս ե­րեք դե­րա­կա­տար­նե­րը ցարդ հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար մը չեն գտած այս նիւ­թին շուրջ, մինչ բա­խում­ներն ալ մտա­հո­գիչ թա­փով կը շա­րու­նա­կուին Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս։ Թրքա­կան կող­մը ներ­կա­յիս կը ձգտի տա­րած­քաշր­ջա­նի այս եր­կու ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րուն հետ ամ­րապն­դել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ դաշ­տի վրայ հա­կակշ­ռի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ դաշ­տի վրայ կան նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ Ա­րեւ­մուտ­քի հա­մա­խո­հու­թեան դե­րա­կա­տար­նե­րը։ Բայց եւ այն­պէս, հա­շուի առ­նե­լով, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ԱՄՆ-ի մէջ եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­ցու­մա­յին շրջան մը պի­տի ու­նե­նայ իր առ­ջեւ՝ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ա­մե­րի­կեան կող­մին ու­շադ­րու­թիւ­նը կրնայ շե­ղիլ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մէն։ Հե­տե­ւա­բար, Ան­գա­րա կը ձգտի միւս դե­րա­կա­տար­նե­րուն հետ ալ ըն­թա­նալ ներ­դաշ­նակ։ Մնաց որ ռուս եւ ա­մե­րի­կեան կող­մերն ալ վա­ղուց ար­դէն սերտ շփման մէջ են այս խնդրին շուրջ։

Ե­րէկ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով յայ­տա­րա­րեց, թէ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ա­ռըն­չու­թեամբ գլխա­ւոր խնդիրն է Մոս­կուա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ հա­մա­կարգ­ման ստեղ­ծու­մը։ Ան ե­րէկ հեր­թա­կան եր­կա­րա­տեւ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ իր ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ճոն Քե­րիի հետ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Լաւ­րով ը­սաւ.

«Բո­լոր ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ՝ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու, հե­տա­խու­զու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ մենք քննար­կում­ներ կ՚ու­նե­նանք կեան­քի կո­չե­լու հա­մար այն պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ձեռք բե­րուած են Յու­լի­սի 15-ին, երբ Ճոն Քե­րի այ­ցե­լած էր Մոս­կուա։ Գլխա­ւոր խնդի­րը Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ վեր­ջա­պէս հա­մա­կար­գու­մի մը հաս­նիլն է։ Սա կը քննար­կուի թէ՛ զի­նուո­րա­կան­նե­րու, թէ յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու եւ թէ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կով»։

Ա­րեւմ­տեան լրա­տուա­մի­ջոց­ներն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն կը տե­ղե­կաց­նեն, որ Ի­րա­նի հետ դա­շին­քը Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէ ներս պի­տի ամ­րապն­դէ Ռու­սաս­տա­նի դիր­քե­րը։ Մոս­կուա-Թեհ­րան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ոչ միայն կրնայ ա­ւելց­նել Ռու­սաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս, այ­լեւ կրնայ ու­ժե­ղաց­նել ԱՄՆ-ի վրայ ճնշու­մը՝ Սու­րիոյ տան­գա­պին զու­գա­հեռ ձեռ­նար­կուած ռազ­մար­շա­ւի հա­մա­կարգ­ման հար­ցին մէջ։ Ի­րան 1979 թուա­կա­նէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ թոյլ տուած է, որ օ­տար պե­տու­թիւն մը ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նէ իր տա­րած­քին վրա­յով։ Սա վառ ա­պա­ցոյց մըն է Մոս­կուա­յի եւ Թեհ­րա­նի միու­թեան ա­ռու­մով՝ Պե­շար Է­սա­տի վար­չա­կար­գի պահ­պան­ման պայ­քա­րի ճա­նա­պար­հին վրայ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016