ԷԼԱԶԸՂԻ ՄԷՋ ՍԱՍՏԻԿ ՊԱՅԹՈՒՄ

Է­լա­զը­ղի մէջ այս ա­ռա­ւօտ պա­տա­հե­ցաւ սաս­տիկ պայ­թում մը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ քա­ղա­քի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան շէն­քին առ­ջեւ։ Պայ­թու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ շտա­պօգ­նու­թեան բազ­մա­թիւ ինք­նա­շար­ժներ ու­ղար­կուե­ցան դէպ­քի վայր։

NTV-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով լրջօ­րէն վնա­սուե­ցան մեր­ձա­կայ շէն­քերն ու ճա­նա­պար­հը։ Ժա­մը 09.20-ին ա­հա­բե­կիչ­ներ պայ­թե­ցու­ցին ռում­բով բեռ­նա­ւո­րուած ինք­նա­շար­ժը։ Քա­ղա­քի կեդ­րո­նէն 6 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուի Է­լա­զը­ղի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, դէ­պի Մա­լա­թիա մայ­րու­ղիին վրայ։ Քա­ռա­յարկ շէն­քի ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ գտնուող ինք­նա­շար­ժնե­րու կան­գա­ռի հա­տուա­ծի ճամ­բուն վրայ տե­ղի ու­նե­ցած է պայ­թու­մը, ո­րու սաստ­կու­թեան հե­տե­ւան­քով նոյ­նիսկ ծա­ռե­րը ե­ղան ար­մա­տա­խիլ։ Պայ­թու­մէն վերջ լսուե­ցան նաեւ կրա­կոց­ներ։ Մինչ վի­րա­ւոր­նե­րը հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուե­ցան, պայ­թու­մի պա­տա­հած տա­րած­քը առ­նուե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան օ­ղա­կի մէջ։

Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը փու­թով գոր­ծո­ղու­թեան ձեռ­նար­կե­ցին՝ ձեր­բա­կա­լե­լու հա­մար այն ա­հա­բե­կիչ­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­կա­նա­ցու­ցին այս պայ­թու­մը։

Ըստ հրապարակուած առաջին տուեալներուն, պայթումին հետեւանքով երեք ոստիկան նահատակուեցաւ։ Վիրաւորեալներուն թիւը կը հասնի հարիւրի սահմանին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016