ԿԱՐԻՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
KARYYN բեմական անունով հանդէս եկող երաժիշտ Կարին Թաթոյեանի Moving Masses (Շարժող զանգուածներ) ստեղծագործութիւնը ճանչցուած է ելեկտրոնային ոճի մէջ լաւագոյնըի՝ ամերիկեան երաժշտական հեղինակաւոր «Փիչֆորք» (Pitchfork) առցանց ամսագրին կողմէ: Այս մասին, Asbarez.am-ին կը գրէ Նանէ Աւագեան։
Երգը, որ հեղինակած է եւ կը կատարէ KARYYN-ը, գրուած է «օֆ Լայթ» օփերային համար, որ բեմադրիչ Սամանթա Շէյի հետ KARYYN-ի համատեղ աշխատանքն է, եւ ստեղծուած է կատարողական ոճի հիմնադիրներէն համարուող Մարինա Ապրամովիչի մօտ ուսանելու շրջանին:
Ռէյկեաւիկի մէջ ներկայացման ժամանակ, ստեղծագործութիւնը այնքան ոգեշնչած է հանրայայտ երգչուհի Պէորկը, որ ան, «Կարտիըն» պարբերականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, խորհուրդ տուած է անպայման ունկնդրել զայն:
«Moving Masses-ը, KARYYN-ի արագօրէն համալրուող երգացանկի լաւագոյն երգերէն է: Անիկա ստեղծուած է վոքալ հանգոյցներու հարուստ շերտերէ, որոնք կը խաչուին ու կը միահիւսուին՝ ինչպէս խառնուած ցանց մը: Ըլլալով «զբաղած»՝ անընդհատ փոփոխուող շշուկներով ու հեւքով, երաժշտութիւնը միաժամանակ կը մնայ հանդարտ ու եթերային: Անիկա յատկապէս առանձնայատուկ է անով, որ շատ օրկանական է: Մեղեդին կը բարձրանայ եւ կ՚իջնէ՝ կարծես երգչախումբը ներդաշնակօրէն միաձայն արտաշնչէ: Moving Masses-ը այնքան հանգստացնող է, որքան երկար խոր շունչը», KARYYN-ի ստեղծագործութիւնը «Փիչֆորք» կայքին մէջ այսպէս մեկնաբանած է ամսագրի երաժշտագէտը:
Կարին Թաթոյեան ծնած է Սուրիա, այնուհետեւ, ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ապրած եւ ստեղծագործած է նաեւ Պերլինի մէջ:
Ներկայացնելով Կարինի «ALEP-PO» եւ նոր թողարկուած «YAJNA» ստեղծագործութիւնները, երաժշտական այլ պարբերական մը, KARYYN-ը դասած է 2017-ի նորայայտ լաւագոյն երաժիշտներու ցանկին: Անոր ստեղծագործութիւնները կարելի է գտնել SoundCloud-ի մէջ:
KARYYN-ի՝ լաւագոյնը ճանչցուած «Moving Masses»ը կրնաք ունկնդրել նաեւ youtube-ի վրայ: